Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Նշում

Մայիս 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC_7417

Մասնաճիւղի մը  հիմնադրութեան տարեդարձը նշելը առիթ մըն է  ուխտի վերանորոգման, վերաշխուժացման եւ պատգամ մը նոր սերունդին` երիտասարդ ուժերով հարստացնելու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը:

Երեքշաբթի, 10 մայիս 2016-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոսի շրջան) վարչութեան, Մարաշի հայրենակցական միութեան նորակառոյց եւ շքեղ «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի 60 տարիներու գործունէութեան գնահատման եւ արժեւորման ձեռնարկը` ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Ամերիկայի արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Սիլվա Թագւորեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանի, մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արաքսի Խտըրլարեանի, Շրջանային վարչութենէն անդամներու, մասնաճիւղի հիմնադիրներ Ժանեթ Պետոյեանի եւ Պերճուհի Տարագճեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, Նոր Ատանայի հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեանի, թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի ներկայացուցիչներու, մասնաճիւղէն անդամներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու:

Սեղանները զարդարուած էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներով:

DSC_7394

Սրահի մուտքին, հայկական տարազով երկու պարմանուհիներ ներկաները հիւրասիրեցին տուրմով ու խմիչքով եւ իւրաքանչիւրին նուիրեցին մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակը խորհրդանշող կրծքասեղմ մը եւ յատուկ գրքոյկ մը` պատրաստուած այդ առիթով, ինչպէս նաեւ  մասնաճիւղի նշանակը կրող  յատուկ վզկապեր:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Անուշ Տեմիրճեան-Մանճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց քահանայ հայրը, որպէսզի աղօթքով կատարէ ձեռնարկի բացումը:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Ջուլհաճեան ամփոփ կերպով ներկայացուց մասնաճիւղի պատմականը, անդրադարձաւ անցեալի եւ ներկայի գործունէութեան, հիմնադիրներու լուսապայծառ ուղին բռնած իրերայաջորդ վարչութիւններուն, որոնք անխոնջ գործունէութեամբ եւ ձգտելով լաւագոյնին, 60 տարիներ անսակարկ նուիրումով ջանացին բարելաւել Ամանոս շրջանի հայորդիներու ընկերային, առողջապահական եւ տնտեսական մակարդակը` հասնելով ծերունիին, հիւանդին, անկարին եւ աշակերտին:

Ապա Ջուլհաճեան հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանը փոխանցելու Շրջանային վարչութեան խօսքը: Գըլպաշեան իր կարգին շնորհաւորեց եւ բարձր գնահատեց մասնաճիւղի գործունէութիւնն ու ԼՕԽ-ի վեհ առաքելութեան հաւատացող անդամները, ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական եւ բարոյական ներդրում ունեցան մասնաճիւղի վերելքին եւ գոյատեւման մէջ:

Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Լէա Կարապետեանի եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Ռիթա Մէլէքեանի հեզաճկուն նազպարերն ու Սիմոն Կոստանթինեանի  ձեռնադաշնակի վրայ հայկական եղանակներու նուագը,  բարձր պահեցին ներկաներուն տրամադրութիւնը եւ ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ, որմէ քաջալերուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի կրթական յատկացումներու:

Ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղի ընկերուհիներուն 60 տարուան ժրաջան եւ նուիրեալ աշխատանքը ցոլացնող տեսերիզ մը:

Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակի կարկանդակի հատումէն ետք, մասնաճիւղի վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց Շրջանային վարչութիւնն ու ձեռնարկին ներկայ  երկու հիմնադիր անդամները:

Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ եւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցան` նորանոր յոբելեաններ նշելու ակնկալութեամբ:

 

 

Նախորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Շաբաթը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Ֆելթման Ժամանակաւոր Կերպով Կը Ստանձնէ Թիւ 1559 Բանաձեւի Գործադրութեան Հսկելու Պարտականութիւնը

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?