Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութիւններու ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 12 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած արարողութիւն, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան: Ան շեշտը դնելով «Անձինք նուիրեալք» շարականէն առնուած` «Մարմնական կեանքի պէտքերը մերժեցին, որովհետեւ ճանչցան, թէ ան երազ է եւ սուտ պաճուճանք. փափուկ գրգանքի մէջ չհեշտացան, հասկցան, թէ պարապ է այս անցաւոր մեծութիւնը» բնաբանին վրայ, հաստատեց, որ Հռիփսիմեանց կոյսերու թափած արիւնը եղաւ անկիւնաքարը հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան դարձին: Անդրադառնալով կոյսերու մասունքներուն` քահանայ հայրը յայտնեց, թէ մեր ժողովուրդը մասունքներուն հանդէպ ունեցած է խորունկ սէր, յանգանք եւ երկրպագութիւն: Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան ըսաւ, որ մեր պատմութեան մէջ կիներ` ներշնչուած Հռիփսիմեանց կոյսերէն` իրենց կեանքը զոհած են հաստատ եւ հաւատարիմ մնալով հայու ազգային եւ կրօնական արժանապատուութեան:
Ուրբաթ, 13 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներու դպրաց դասերուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր դէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ 301 թուականէն ի վեր մեզի հասած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքները կը պահենք իբրեւ սրբութիւն` աւելցնելով, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը մինչեւ օրս տակաւին կ՛ապրին մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքը ապրինք գիտակցօրէն, իրենց օրինակով եւ առանց ընկրկելու: Առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Հռիփսիմեանց կոյսերու ապրած կեանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս անոնք փախած էին Հռոմէն Հայաստան` ապահովութիւն եւ ապաստան գտնելու յոյսով եւ թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ եւս անոնք ենթարկուեցան հալածանքի եւ ապա նահատակութեան, որովհետեւ մերժեցին հրաժարիլ քրիստոնէութենէն` աւելցնելով, որ անոնք նահատակուեցան իրենց հաւատքին համար, սակայն այսօր սրբութեան շղարշով կը ներկայանան մեզի, որպէսզի մեր կեանքին մէջ ալ բերեն սրբութիւն, որուն կարիքը ունինք ներկայիս, որպէսզի ամուր պահենք մեր հոգեւոր արժէքները: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազան հայրը մաղթեց, որ Սրբոց Հռիփսիմեանց յիշատակը նոր հաւատք եւ եռանդ բերէ մեր ժողովուրդին:
Յայտնենք, որ երկուշաբթի, 16 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դարձեալ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ աղօթք: