Հալէպահայ Նահատակ, Նուիրեալ Դաշնակցական Րաֆֆի Պչաքճեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ
Շաբաթ, 11 յունիսի, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ նահատակ, Հալէպի հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան դաշնակցական ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Արարողութիւնը յանուն Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին գլխաւորեց Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան: Յուղարկաւորութեան ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, պատկան մարմինի, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, նահատակ...




















