Երէկ` կիրակի, 12 յունիսին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին եւ պետական երաժշտանոցին միջեւ գործակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Մարկօ Պապիկեան» ֆոնտին այս տարուան մրցանակակիրներու համերգ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան տարբեր փուլեր անցնելով առաջին դիրքերը գրաւած թեկնածուները, որոնք համերգի աւարտին ստացան իրենց դրամական մրցանակները:
Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ, կը կրէր մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի բարձր հովանաւորութիւնը, պաշտօնական հիւրերու կարգին էր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:



Այս առիթով խօսք առաւ նախկին նախարար, երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանի դուստրը` Քրիստին Պապիկեան, որուն խօսքին առանցքը հանդիսացաւ երաժշտութեան կարեւորութիւնը մարդկային կեանքին մէջ` իբրեւ մարդիկ միացնող, զանոնք ուրախ պահող համայնական արտայայտչամիջոց: Ապա հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց «Մարկօ Պապիկեան» ֆոնտի հիմնադրութեան պատմականը, ստեղծման նպատակը եւ ցարդ անցած ուղին:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը` Խաչիկ եւ Մարկօ Պապիկեաններու յիշատակին:
Անկէ ետք մշակոյթի նախարարին ողջոյնները փոխանցեց պետական երաժշտանոցի տնօրէն Ուալիտ Մուսալլեմ, որ դրուատեց մրցանքը` իբրեւ յարատեւող եւ երիտասարդութեան կողմէ երաժշտութեան նկատմամբ սէրը քաջալերող:
Հուսկ, անգլերէնով եւ հայերէնով խօսք արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեան, որ գնահատեց Պապիկեաններուն ժառանգորդները, որոնք հետամուտ են մրցումի յարատեւման, անդրադարձաւ երաժշտական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ պետական երաժշտանոցին եւ մասնակիցներուն:
Ապա ջութակի վրայ ելոյթ ունեցան մրցանակակիրները: Այս տարի առաջին հանդիսացող չկար, երկրորդ հանդիսացան Տիանա Մուաուատ եւ Միքայէլ Խարաթ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստացաւ 1500 տոլար, երրորդ դիրքը գրաւեց Նարէ Աշգարեան եւ ստացաւ 1000 տոլար, իսկ քաջալերական մրցանքին տիրացաւ Քրիսթել Քէյրուզ` 500 տոլար:
Հանդիսութեան ընթացքին հիւրաբար ելոյթ ունեցաւ 2010-ի «Մարկօ Պապիկեան» մրցանակին արժանացողներէն, տաղանդաւոր ջութակահար Իհապ Ժամալ, որ բաւական մեծ թիւով մրցանակներ խլած է տարբեր միջազգային փառատօններուն:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակներու տուչութիւն` ձեռամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեանի, պետական երաժշտանոցի տնօրէն Ուալիտ Մուսալլեմի եւ Քրիստին Պապիկեանի:
«Մարկօ Պապիկեան» Ֆոնտը Հաստատուեցաւ
Մօրս Յիշատակին Եւ Դասական
Երաժշտութիւնը Քաջալերելու Նպատակով»,
«Ազդակ»-ին Կ’ըսէ Քրիստին Պապիկեան
«Մարկօ Պապիկեան» ֆոնտին, անոր պատմականին եւ գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով, «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց ներկայիս այս ֆոնտի աշխատանքներով զբաղող, դատական կազմին մէջ Պապիկեան ընտանիքը ներկայացնող Քրիստին Պապիկեանի հետ:
Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ ի՞նչ նպատակով, ե՞րբ եւ որո՞ւ կողմէ հիմնադրուած է «Մարկօ Պապիկեան» ֆոնտը, նախկին նախարար, երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանի դուստրը` Քրիստին Պապիկեան ըսաւ, որ Խաչիկ Պապիկեան 58 տարեկանին մահացած իր կնոջ` Մարկօ ապիկեանին յիշատակը անմահացնելու նպատակով, հաստատած է այս ֆոնտը: Ք. Պապիկեան ըսաւ, որ «թէ՛ մայրս եւ թէ՛ հայրս շատ կը սիրէին դասական երաժշտութիւն, մենք ալ երաժշտական քոլեճներ յաճախած ենք: Մօրս փափաքն էր, որ սիմֆոնիք խումբ եւ օփերա հաստատուին Լիբանանի մէջ. 1985-ին, երբ ան մահացաւ, չկային յիշեալները: 1995-ին հայրս այս ֆոնտը հաստատեց նաեւ նպատակ ունենալով Լիբանանի մէջ դասական երաժշտութիւնը քաջալերել, խրախուսել նուագող երիտասարդները»: Ք. Պապիկեան դիտել տուաւ, որ իր ծնողները կը հաւատային, որ կրթութիւնն ու ուսումը շատ կարեւոր են, սակայն երաժշտութիւնը կու գայ ամբողջացնելու այս կրթութիւնը, ճաշակ տալու անհատներուն, բարձրացնելու մշակոյթը ընկալելու անոնց կարողութիւնը:
«Այս բոլոր տուեալներէն մեկնելով, իւրաքանչիւր երկու տարին անգամ մը «Մարկօ Պապիկեան» երաժշտական ֆոնտը մրցում կը կազմակերպէ` ամէն անգամ ընտրելով երաժշտական տարբեր գործիք: Այս մրցումը կը կայանայ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին եւ Լիբանանի պետական երաժշտանոցին հետ գործակցաբար, որովհետեւ այս կառոյցները ունին մեծագոյն թիւով դասական գործիքներ նուագել սորվող աշակերտները: Իւրաքանչիւր տարուան մրցումին որդեգրուելիք գործիքին ընտրութիւնը կը կատարուի այս կառոյցներուն պատասխանատուներուն հետ համագործակցաբար, որովհետեւ աշակերտներուն մակարդակը ո՛չ արհեստավարժ պէտք է ըլլայ, ո՛չ ալ սկսնակ: «Ինչպէս ծանօթ է, շատ մեծ թիւ կը կազմեն դաշնակ նուագողները, այդ պատճառով ալ ցարդ 4 անգամ դաշնակը ընտրուած է իբրեւ մրցումի երաժշտական գործիք, մէկ անգամ` ջութակ-թաւջութակը, մէկ անգամ` օփերան, մէկ անգամ ալ` սենեկային երաժշտութիւնը: Այս տարուան մրցումը 8-րդն է, ընտրուած է ջութակը», ըսաւ Քրիստին Պապիկեան:
Անոր համաձայն, իւրաքանչիւր անգամ մրցումի մասնակցութեան պայմաններ կը ճշդուին, 13-25 կամ 26 տարեկան եղողները կրնան մասնակցիլ: Ան դիտել տուաւ, որ սկիզբը միայն լիբանանցիները իրաւունք ունէին մասնակցելու մրցումին, սակայն որոշ ժամանակ ետք ուզած են ընդարձակել աշխարհագրական տարածքը` ներառելով Սուրիան, Եգիպտոսը, Յորդանանն ու Հայաստանը: Սակայն աւելի ուշ, յատկապէս օփերայի մրցումի պարագային զգալի դարձած է, որ Հայաստանէն եկողներուն մակարդակը շատ աւելի բարձր էր, ուստի ներկայիս կեդրոնացումը միայն Լիբանանի վրայ է, որովհետեւ նախընտրելի է քաջալերել լիբանանցի աշակերտները: Սովորաբար մրցումին կը մասնակցին նուազագոյնը 7-8 աշակերտներ, անոնցմէ կը պահանջուի նուագել մէկ պարտադիր եւ մէկ ընտրովի երաժշտական կտոր, անկէ ետք կ’ընտրուին 5 նուագողներ, որոնք կ’անցնին երկրորդ փուլ, ուր կը նուագեն այլ պարտադիր ու ազատ կտոր մը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջին փուլ անցնելիք լաւագոյն երեքը զատել, անոնցմէ ալ կ’ընտրուին առաջինը, երկրորդն ու երրորդը: Առաջին հանդիսացողը կը ստանայ 2500 տոլար, երկրորդը` 1500, իսկ երրորդը` 1000 տոլար, ընդհանուր` 5000 տոլար: Քրիստին Պապիկեան նշեց, որ երբ ընտրուած գործիքը ջութակ-թաւջութակ էր, յատկացուցած են 10 հազար տոլար` հաստատելով, որ իրենց նպատակը երիտասարդները քաջալերելն է, այդ պատճառով ալ պայմաններուն համաձայն կարիքները կը հոգան:
Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ վերջին անգամ ե՞րբ տեղի ունեցաւ մրցումը` Քրիստին Պապիկեան յայտնեց, թէ նկատի ունենալով այն, որ 2013-ին Պետական երաժշտանոցի տնօրէնը` Ուալիտ Ղոլմիէն անակնկալ կերպով մահացաւ, հակառակ անոր որ նախապատրաստական աշխատանքներ տարուած էին, սակայն կարելի չեղաւ մրցումը կայացնել: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի ապահովական եւ քաղաքական կացութենէն ալ շատ բան կախեալ է, որովհետեւ երբեմն պատերազմական վիճակը արգելք եղած է, որ «Մարկօ Պապիկեան» ֆոնտի մրցումը կայանայ: Ըստ անոր, մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը սովորաբար կը կայանայ Առաջին տիկնոջ կամ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Բայց եւ այնպէս որոշում տրուած է, որ ասկէ ետք ամէն գնով երկու տարին անգամ մը անպայման կայանայ մրցումը:
Դատական կազմի ընտրութեան մասին խօսելով` Քրիստին Պապիկեան ըսաւ, որ սկիզբը 9 հոգիէ բաղկացած կ’ըլլար կազմը` գլխաւորութեամբ պետական երաժշտանոցի տնօրէնին, անոր մէջ կ’ըլլար ընտանիքին ներկայացուցիչը` Քրիստին Պապիկեան, եղած են հանգրուաններ, երբ Լիբանանէն դուրս եղող երաժիշտներ կը հրաւիրուէին: Սակայն այս տարի դատական կազմը բաղկացած էր հինգ հոգիէ` երկու հոգի` պետական երաժշտանոցէն, երկու հոգի` «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճէն եւ ինք:
Քրիստին Պապիկեան բացատրեց, որ ընտրուած երեք աշակերտները հանրային համերգով հանդէս կու գան: Այս տարուան հանդիսութեան հիւրաբար ելոյթ պիտի ունենայ 2010-ի շահողներէն ջութակ նուագող Իհապ Ժամալը, որ բաւական մեծ թիւով մրցանակներ խլած է տարբեր միջազգային փառատօններուն: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ դասական երաժշտութիւնը արդէն բաւական տարածում գտած է` նշելով, որ իր ծնողքին նպատակին ծառայած է այս մրցումը: Ան շեշտեց, որ երաժշտութիւնը շատ կարեւոր է ոեւէ անհատի կեանքին մէջ, յատկապէս մանուկներուն եւ պատանիներուն, որոնք կրնան սկզբնական շրջանին դժուարանալ երաժշտութեան հետեւիլ, որովհետեւ անոր հետեւիլը ճիգ եւ կանոններ կը պահանջէ, սակայն աւելի ուշ անոնք անպայման պիտի անդրադառնան, որ շատ մեծ հարստութիւն ունին: Քրիստին Պապիկեան շեշտեց, որ երաժշտութիւնը միջազգային լեզու է, խաղաղութեան լեզու է` պայքարող ամէն տեսակ պատերազմներու եւ տագնապներու դէմ: «Մանաւանդ այս օրերուն, երբ Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը բաւական ծանր է, երաժշտական նախաձեռնութիւնները թերեւս կու գան յոյս տալու, որովհետեւ միայն տգեղ երեւոյթներ կան մեր շուրջ, իսկ երաժշտութիւնը գեղեցկութիւն կը սփռէ», հաստատեց ան:
Հարցազրոյցի աւարտին Քրիստին Պապիկեան տեղեկացուց, որ իրենց ֆոնտին նպատակներէն է նաեւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին` աւելցնելով, որ Խաչիկ Պապիկեանին հիմնական նպատակներէն ու կտակներէն էր ասիկա: