Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան. Լուսին Թապագեանի «Արմատներուն Ձայնը», Վահէ Էլմաճեանի «Փոթորիկը» Եւ Յովսէփ Էսկիճեանի «Յաւերժի Ճամբորդ Հայը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

Յունիս 11, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

26975875634_75abfe505d_o

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Մարաշի հայրենակցական միութեան (ՄՀՄ) վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ,10  յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին  «Գերմանիկ կեդրոն»-ի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լուսին Թապագեանի «Արմատներուն ձայնը», Վահէ Էլմաճեանի «Փոթորիկը» եւ Յովսէփ Էսկիճեանի «Յաւերժի ճամբորդ հայը» գիրքերուն շնորհահանդէսը: Ներկայ էին հայ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները` վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ հայորդիներ ու մարաշցիներ:

27486817262_d6d390d090_o27512960971_14d266a8bd_o27486815202_e6a5b691f3_oՀանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նազարէթ Ապունայեան: Ան Մարաշի հայրենակցական միութեան անունով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ ՄՀՄ-ն իր բարեսիրական գործունէութեան կողքին երբեք չէ զլացած իր աջակցութիւնը բերելու գրական եւ մշակութային ձեռնարկներու իրականացման` հայ գիրն ու գրականութիւնը տարածելու նպատակով: Ապա Ապունայեան աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Հակառակ արհեստագիտութեան ընծայած դիւրութեան, տակաւին կը հաւատանք գիրքի գրաւչութեան եւ անոր տարածման հոն, ուր կ՛ապրի հայը: Մենք թիկունք կը կանգնինք ու պիտի շարունակենք կանգնիլ նորահաս գրագէտներուն»:

Խօսք առաւ «Ծաղիկ» գրական հանդէսի խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեան եւ ներկայացուց  Լուսին Թապագեանի «Արմատներուն ձայնը» գիրքը: Ան ըսաւ, թէ Լուսին Թապագեանի «Արմատներուն ձայնը» հատորը, որ հրատարակուած է ՄՀՄ-ի մեկենասութեամբ ու Կարօ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ, ընթերցողին առջեւ կը բացուի 6 մասերով, որոնց մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ տպաւորապաշտ բնոյթի գրութիւններ, ուսանողական եւ ուսուցչական կեանքէն գրութիւններ, իր դասախօսութիւնները, յուշագրութիւններ եւ հայրենի ու սփիւռքահայ գրողներէ, կրթական ու մշակութային գործիչներէ յղուած տպաւորապաշտ էջեր: Յ. Տիւնեայեան դիտել տուաւ, թէ Լուսին Թապագեանի պատմելու ոճը եւ դէպքերը անպաճոյճ լեզուով մը մատուցելու կերպը ունին վարակիչ հաղորդականութիւն, որ ատակ է ընթերցողին մէջ քանդակելու անմոռաց յուշեր:  Իր խօսքի աւարտին ան երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ անոր ատենապետին:

27308745830_b71ceeaa9a_o

Ապա Գէորգ Քէշիշեան տուտուկով  նուագեց երաժշտական գեղեցիկ կտոր մը:

Ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան եւ ներկայացուց Վահէ Էլմաճեանի «Փոթորիկ» գիրքը: Ան ըսաւ, թէ տպուած գիրք մը այլեւս սեփականութիւնն է հանրութեան: Որքան որ գրողին անունը տպուած ըլլայ անոր ճակատին, այդ գիրքին տէրերը այլեւս իրմէ աւելի ընթերցողներն են, որոնք պիտի դատեն եւ ըստ արժանւոյն գնահատեն կամ քննադատեն: Ա. Իւրնէշլեան խօսելով գիրքին մասին յայտնեց, որ գիրքը կը վերակենդանացնէ անցեալի մշուշին մէջ թաղուած աշխարհ մը` Պուրճ Համուտը եւ անոր բնակիչները: Գիրքը երեւան կը հանէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին լիբանանահայ կառոյցներուն եւ անհատ դերակատարներուն կերպարները: Ապա Ամերիկա արտագաղթի վերյուշին ընդմէջէն կը կատարուին ընդհանրացումներ` արեւելեան եւ արեւմտեան մտայնութեանց բախումին ու անկէ բխող հակասական կացութիւններուն շուրջ:

Ա. Իւրնէշլեան նշեց, որ այս ու ասոր նման գիրքերով մասնիկ առ մասնիկ պիտի ամբողջանայ լիբանանահայութեան խճանկարը: Ապա ըսաւ, թէ հեղինակը` Վահէ Էլմաճեան իւրաքանչիւր դրուագի աւարտին առիթ չի փախցներ տուեալ յուշապատումին ընդմէջէն կեանքի դաս մը քաղելու կամ տալու: Ա. Իւրնէշլեան եզրափակեց իր խօսքը նշելով.

«Վահէ Էլմաճեանի «Փոթորիկը» դիւրաւ ընթերցուող յուշապատում է, որ ծանօթներուն դիմաց կը բանայ մոռցուած աշխարհի մը դարպասները, իսկ անգիտակները կը հրաւիրէ ծանօթանալու տարաշխարհիկ մթնոլորտի մը յատկութիւններուն»:

Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Աւետիս Աքրապեան, որ բամբ ձայնով մեկնաբանեց «Հայերէն» երգը` շուիի նուագակցութեամբ` Գէորգ Քէշիշեանի:

26975877814_7684d2c4f9_o27512956541_ca637df199_o27308755440_7255ef6f55_oԵլոյթ ունեցաւ Համբիկ Պիլալեան: Ան ներկայացուց Յովսէփ Էսկիճեանի «Յաւերժի ճամբորդ հայը» գիրքը: Համբիկ Պիլալեան յայտնեց, որ Էսկիճեանի գրական սեռերը զրոյց մըն են իր ներքին ձայնին ու խորհուրդներուն,  ապրումներուն, փորձառութիւններուն եւ յոյզերուն հետ շաղախուած, որոնք կը պարփակեն անանձնական, ոչ եսակեդրոն խոհեր ու տարրեր, անոնք ուղղուած են բոլորին, կը շնչեն հաւաքականութեան համար եւ կ՛ապրին շրջապատին հետ: Հ. Պիլալեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Էսկիճեանի բեղուն գրառումները հարազատ արտացոլումն են անոր մեսրոպապաշտ հայորդիի, անյագ ընթերցասէրի, ժողովրդանուէրի ու հայրենասէրի կազմաւորումին: Էսկիճեանի համար բոլոր մտորումներուն առանցքը հոգին է առանձնապէս, որով ան կ՛ուզէ թափանցել հայ ընթերցողին ներաշխարհը` մտերմանալու անոր հետ եւ յայտնելու իր ապրումներուն տեսադաշտը: Անոր գրիչին կը պատկանին այնպիսի տողեր, որոնք կը կազմեն բուրմունքը իր մտասեւեռումներուն եւ տեսիլքներուն, բայց մանաւանդ վերանկախացած հզօր հայրենիք մը ունենալու խոր հաւատամքին: Հ. Պիլալեան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Յանձնառու մտաւորական Յովսէփ Էսկիճեան` «Յաւերժի ճամբորդ հայը» բարի ժառանգորդն է իր ծնողքին ու հայութեան»:

Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան ապրումով ընթերցեց Յովսէփ Էսկիճեանի «Յաւերժի ճամբորդ հայը» գիրքէն բանաստեղծական կտորներ` ֆլիւթի ընկերակցութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի:

Երեք հեղինակներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Վահէ Էլմաճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը  շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին` ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնելուն առիթով, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն,  գեղարուեստական յայտագիրին մէջ բաժին բերողներուն եւ Մարաշի հայրենակցական միութեան: «Երեքս ալ գրիչի եւ գրականութեան մարդիկ ենք: Հասարակաց գիծ մը մեզ կը միացնէ. երեքս ալ բաւական ուշ գրական ասպարէզին մէջ մուտք գործեցինք: Մեր հատորները մեր երախայրիքն են, յուսանք, որ երեխայրիքէն քայլ մը աւելի կ՛անցնինք եւ ուրիշ հատորներ լոյս կ՛ընծայենք: Յուսանք, որ ընթերցողը կարդալով մեր գիրքերը քաջալեր կը հանդիսանայ հայ գրողներուն», ըսաւ Էլմաճեան:

Սրտի խօսք արտասանեց Յովսէփ Էսկիճեան: Ան ըսաւ, թէ իր կեանքի ամէնէն երջանիկ պահն է գիրքի շնորհահանդէսը: Գիրքը կը նպատակադրէ բարիին, գեղեցիկին, վսեմին եւ արդարին ձգտելու պատգամ փոխանցել հայ նորահաս սերունդներուն, որպէսզի անոնք հպարտ զգան իրենք զիրենք: Ան բարձր գնահատեց Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, ապա աւարտեց խօսքը նշելով. «Խորապէս կը հաւատամ, որ «Յաւերժի ճամբորդ» է հայը, եւ թէ աշխարհի ազգերու շարքին մոնկոլ-թաթար մարդակերպը զրկուած է առհասարակ աստուածային հրաշածին մատի հպումէն»:

27551578356_87fac9aef2_o

Սրտի խօսք արտասանեց Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան գնահատեց Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան աշխատանքը երեք տարբեր հեղինակներու երեք հատորները միաժամանակ հանրութեան ներկայացնելու առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր եւ յաջող երեկոյթին համար: Ան ըսաւ, որ աշխատանքով կարելի է փաստել, որ տակաւին հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայ մշակոյթը ունին հաւատաւոր բարեկամներ, ապա շնորհաւորեց երեք գիրքերու հեղինակները, որոնք տակաւին հայ գիրին հետ կ՛ապրին իրենց մտերմութիւնը եւ այդ գիրէն նաեւ բաժին կը հանեն հայ հասարակութեան:

27308737320_7fab577f39_o

Ձեռնարկի աւարտին մեծարեալ հեղինակները եւ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները պաշտօնապէս կատարեցին հրատարակուած գիրքերուն գինեձօնը, որմէ ետք ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ ներկաները իրենց շնորհաւորանքը յայտնեցին հեղինակներուն, ապա ստանալով հրատարակուած գիրքերէն հատորներ իրենց զրոյցը շարունակեցին հիւրասիրութեան սեղաններուն շուրջ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Զօրակցական Նամակ Կը Ստանայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 118-րդ Լսարան Զրոյց-Քննարկում` Հայագիտութեան Ներկայ Խնդիրներուն Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?