Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը երէկ` հինգշաբթի, 9 յունիս 2016-ին, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, դեսպանատան իր գրասենեակին մէջ, Ռապիէ:
Շնորհաւորական եւ ծանօթացման այս այցելութեան ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակին, ՀՀՀ-ի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ հայութիւնը յուզող զանազան մարզերուն վրայ:
Այս առիթով ՀՀՀ-ի պատուիրակութիւնը իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի Լիբանանի մէջ պաշտօնավարութեան համար` յաջողութիւն մաղթելով Լիբանանի մէջ
անոր գործունէութեան համար եւ զայն նկատեց ՀՀՀ-ի պատուոյ անդամ:
Իր կարգին, դեսպան Մկրտչեան բարձր գնահատեց ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը` պատրաստակամութիւն յայտնելով գործակցելու եւ զօրակցելու ՀՀՀ-ի ազգօգուտ գործունէութեան:
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 9 յունիս 2016