Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի կրթական ծրագիրը աւարտող աշակերտներու ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 11 յունիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:
Այս առիթով խօսք առաւ բեմադրիչ, Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ռոպերթ Առաքելեան, որ ներկաներուն ծանօթացուց թատերական դպրոցին գործունէութիւնը, տարուած աշխատանքն ու առաջադրանքները` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ գործնական բաժինը մեծ կարեւորութիւն ունի: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ «Արեգ»-ը միայն դերասանական դպրոց չէ, այլ նաեւ թատերական, ուր աշակերտները ընդհանրապէս կը ծանօթանան թատրոնին, փորձառութիւն ձեռք կը բերեն, համարձակ կը դառնան:
Ռ. Առաքելեան շեշտեց, որ այս դպրոցին մէջ աշխատանք կը տարուի զարգացնելու աշակերտներուն ձիրքերը, զանոնք ամրապնդելու եւ կատարելագործելու: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց գործակցութեան համար, գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան` իր մնայուն նեցուկին համար:
Ապա աւարտող աշակերտները հանդէս եկան կատակերգական կարճ ներկայացումներով, որոնց հիմնական նիւթն էր` բժիշկը եւ անկարգ դասարանը:
Աւարտին թատերական դպրոցին աշխատանքը բարձրօրէն գնահատեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ նաեւ բարձր գնահատեց բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի տարած ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքը` յայտնելով, որ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներ յաճախած աշակերտներուն համար մեծ կարեւորութիւն է այն, որ անոնց բեմ կը տրամադրուի հանրութեան դիմաց ներկայանալու, իրենց տաղանդները դրսեւորելու: Ան հաստատեց, որ ասիկա առիթ է աշակերտներուն մօտ ինքնավստահութիւնը ամրապնդելու, մանաւանդ որ ինքնավստահութիւնը կեանքի տարբեր փուլերու հիմնական բանալին է եւ յառաջդիմութեան զէնքը:
Իր խօսքը եզրափակելով` Կարպիս Գապասագալեան յոյս յայտնեց, որ Համազգայինի կառոյցին մէջ գեղարուեստի դպրոցներուն աշակերտները կը լիցքաւորուին հայկական շունչով ու արժէքներով:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վկայականներու բաշխումով` ձեռամբ Ռոպերթ Առաքելեանի, Կարպիս Գապասագալեանի եւ խնամակալութեան ատենապետ Լուսիկ Աֆարեանի: Վկայական ստացան Ալեքսանտր Լեւոնեան, Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան, Սեւակ Զարմէնեան, Դրօ Միրզայեան, Բենօ Քէօշկէրեան, Վարդուկ Ֆելեքեան, Մեղրի Եագուպեան, Վահագն Հաշէօլեան, Վահան Մանիսաճեան, Րաֆֆի Եուլիս Սեմերճեան, Աւօ Շէկոյեան, Արեգ Ճերդիտեան, Քրիսթոֆ Մաքտեսեան եւ Հրակ Օհանեան: