Երէկ` կիրակի, 12 յունիս 2016-ի առաւօտեան, Երեւանի Ս. Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս. եւ անմահ պատարագի տեղի ունեցաւ Հալէպի հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավար, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը: Արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, հարազատներ եւ գաղափարակից ընկերներ: