Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդապետական Աստիճանի Տուչութիւն` Անթիլիասի Մէջ

June 13, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

vart-1_61216

Կիրակի, 12 յունիս 2016-ին, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երեք աբեղայ միաբաններ` Վահրիճ աբղյ. Ղարախանեան, Վաչէ աբղյ. Պալըքճեան եւ Վիգէն աբղյ. Տալգլըճեան ստացան վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Պատարագի ընթացքին` Տէրունական աղօթքէն առաջ, ձեռնադրիչ սրբազանը` Գեղամ արք. Խաչերեան, խարտաւիլակ` Շնորհք վրդ. Աշըգեանի առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ Մայր տաճարին ատեանը, ուր նախ կատարուեցաւ ընծայեալ աբեղաներուն հաւատքի քննութիւնը: Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհեց Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց վարդապետական գաւազանը:

Ձեռնադրութեան աւարտին սրբազան հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ վարդապետական աստիճանի պաշտօններուն ու կարեւորութեան հայ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա, իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն ըսաւ. «Ամէն անգամ որ եկեղեցւոյ մէջ նոր իշխանութեան ու նոր աստիճանի արժանանանք, կը հրճուինք: Սակայն պէտք է լաւ գիտակցիք, որ իւրաքանչիւր աստիճանի հետ նաեւ կը ծանրանան մեր պարտաւորութիւններն ու կը ծաւալին աշխատանքի ծառայական դաշտերը: Ա՛յս գիտակցութեամբ է, որ մենք պէտք է ստանձնենք իւրաքանչիւր աստիճան ու պաշտօն»: Վերջապէս, սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին իրեն ընծայած այս առիթին համար եւ շնորհաւորեց միաբանութիւնը:

Պատարագէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց հայ եկեղեցւոյ նոր ձեռնադրուած վարդապետները` Գեղամ սրբազանին եւ Շնորհք վարդապետին գլխաւորութեամբ ու հայրապետական իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:

Յայտնենք, որ շաբաթ, 11 յունիս 2016-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ երեք աբեղաները ներկայացուցին իրենց աւարտաճառերը: Հանդիսութեան նախագահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ներկայ էին միաբան հայրեր: Լսելէ ետք աւարտաճառերու ներկայացումները` Արամ Ա. կաթողիկոս իր թելադրութիւնները կատարեց, ընդգծեց տարուած աշխատանքներուն ու նիւթերուն կարեւորութիւնը եւ քաջալերեց, որ մտաւորական աշխատանքը, հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան կողքին, դառնայ միաբաններու կեանքին անբաժան մասնիկը:

Վահրիճ վարդապետին աւարտաճառի նիւթն էր «1922-1931 Սահակ կաթողիկոսի, Եղիշէ արք. Դուրեանի եւ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսի թղթակցութիւնները», Վաչէ վարդապետին` «Թղթակցութիւններ ամերիկահայոց թեմական կեանքին առնչուած (1920-1935)», իսկ Վիգէն վարդապետինը` «Կիպրահայոց իրավիճակը 1924-1937` թղթակցութիւններ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի միջեւ»:

Նշենք, որ աւարտաճառերու պաշտպանութեան աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, թէ վարդապետական լանջախաչ կրելու արտօնութիւն կը շնորհէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկութեան 7 միաբաններու` առ ի գնահատանք իրենց տարած աշխատանքին ու մեր եկեղեցւոյ, կաթողիկոսութեան եւ ազգին մատուցած ծառայութեան: Լանջախաչ կրելու շնորհին արժանացած միաբաններն են` Արտակ, Վարդան, Հրանդ, Շնորհք, Պօղոս, Պետրոս եւ Յովհաննէս վարդապետները:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ժիրայր Ռէյիսեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

«Մարկօ Պապիկեան» Ֆոնտի Այս Տարուան Մրցանակակիրներու Համերգ` Սեն Ժոզեֆ Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.