Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատուիրակութիւնը
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 21 յունիսին ընդունեց Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին այցելութեան առիթով Հայաստան գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ: Սուրիահայ գաղութի հոգեւոր առաջնորդը սփիւռքի նախարարին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները եւ նշեց, որ իրեն համար իւրաքանչիւր այցելութիւն հայրենիքի վերելքին ու յաջողութեան հաւատքի ամրապնդում է: Կողմերը...



















