Շաբաթ, 11 յունիսի, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ նահատակ, Հալէպի հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան դաշնակցական ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:
Արարողութիւնը յանուն Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին գլխաւորեց Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան: Յուղարկաւորութեան ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, պատկան մարմինի, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, նահատակ հայորդիին ընտանեկան պարագաները, սուրիական բանակի բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան նուիրեալ հայ տղաքը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, արի-արենուշներն ու հանգուցեալին հարազատներն ու գաղափարակից ընկերները:
Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան նախ կարդաց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի Անթիլիասէն յղած ցաւակցական նամակը (տեսնել` 3-րդ էջով), ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց` լուսարձակի տակ առնելով նահատակ հայորդիին գաղափարական նուիրումը, յանուն հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան իր անձնուրաց կեանքն ու դաշնակցականի ուխտին հաւատարիմ ծառայութիւնը:
Այնուհետեւ «Վէրքերով լի» երգով նահատակին գաղափարակից ընկերները դագաղը ուսամբարձ եկեղեցիէն դուրս բերին:
Յետ թաղմանական արարողութեան արաբերէնով հանգուցեալին դամբանականը արտասանեց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան, իսկ հայերէնով` Հայկազ Ասատուրեան:
Սուրիական բանակի բարձրաստիճան սպայի մը կողմէ վեր առնուեցաւ նահատակ հայորդիին խիզախ ու տիպար կեանքն ու հաւատարմութիւնը:
Այնուհետեւ ներկաները իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին նահատակ հայորդիին ընտանեկան պարագաներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն:
Տեղին է նշել, որ Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութան առիթով ցաւակցական նամակներ յղուած են աշխարհի չորս ծագերուն գործող դաշնակցական մարմիններու եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ: