Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան նախագահ, Ֆրեզնոյի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան ուրբաթ կէսօրէ ետք այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:
Փրոֆ. Տէր Մկրտիչեան ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ զեկուցեց Ֆրեզնոյի պետական համալսարանին մԷջ դասաւանդուող հայագիտութեան վերաբերող տարբեր նիւթերուն եւ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան աշխատանքներուն մասին: