Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական Մարմին. Պարգեւատրման Հանդիսութիւն` «Արցախ. Ինքնութիւն Եւ Գոյացութիւն» Փաստագրական Ժապաւէնի Հեղինակ Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտիի

Յունիս 9, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Claude_barkevadroum2_60816

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինի կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 8 յունիս 2016 երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ. ինքնութիւն եւ գոյացութիւն» փաստագրական ժապաւէնի հեղինակ, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թահքիք» յայտագիրի բեմադրիչ եւ հաղորդավար Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտիի պարգեւատրման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ հիւրեր:

Claude_barkevadroum3_60816Claude_barkevadroum4_60816Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ սկսաւ հանդիսութիւնը: Կազմակերպիչ մարմինին անունով բացման խօսքը արտասանեց «Թահքիք» յայտագիրի անձնակազմին դէպի Արցախ ուղեկցած Արշօ Պալեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութիւնն էր, որ լիբանանեան պատկերասփիւռի տարբեր կայաններէն լրագրողներ ուղարկուին Արցախ` ականատեսի վկայութեամբ պատրաստելու հաղորդումներ եւ փաստագրական ժապաւէններ, որոնք կը խօսին տիրող մթնոլորտին, պատերազմին ու առօրեայ կեանքին մասին: Իսկ ամէնէն կարեւոր նախաձեռնութիւնը փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան համար համագործակցութիւնն էր «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թահքիք» յայտագիրի գլխաւոր բեմադրիչ եւ հաղորդավար Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտիի հետ, որ տասնեակ տարիներու փորձառութիւն ունի արհեստավարժօրէն պատրաստելու փաստագրական ժապաւէններ:

Արշօ Պալեան ըսաւ, թէ «Թահքիք» յայտագիրին անձնակազմը աշխատանքի իր բաժինը բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ, տեսաւ իրականութիւնը, շօշափեց փաստերը եւ վերադարձաւ աշխարհագրական տարածքէն վերլուծումներով, ծանօթացաւ երկրի ընկերային կեանքին, տնտեսական դժուարութեան, պատերազմին ձգած ցաւոտ իրականութեան, ան իրեն հետ վերցուց նաեւ մարտի դաշտէն հայ բանակի զինուորներուն ու կամաւորականներուն քաջարի պատկերները, անձեր որոնք համոզուած են ճշմարիտ պայքարով եւ կը պաշտպանեն հողը երկաթեայ կամքով` ներշնչուելով խրոխտ լեռներէն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական-տեղեկատու գրասենեակին անունով Ա. Պալեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի  տնօրէնութեան եւ «Թահքիք» յայտագիրի պատրաստութեան անձնակազմին:

Ցուցադրուեցաւ պատրաստուած ժապաւէնին ամփոփումը, որմէ ետք նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, դոկտ. Յովհաննէս Կէօքճեան եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան իրենց կարծիքները եւ տպաւորութիւնը յայտնեցին պատրաստուած ժապաւէնին մասին:

Claude_barkevadroum5_60816

Ապա խօսք առաւ Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտի: Ան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ փաստագրական ժապաւէնի պատրաստութեան հրաւէրին, որուն պատասխանատուութիւնը, ըստ իրեն, տարբեր էր նախորդներէն: Ան խօսեցաւ նաեւ Երեւան մայրաքաղաքի հմայքին ու հրապոյրին մասին, նշեց երիտասարդութեան եւ ժողովուրդի դերը` երկրի զարգացման ու յառաջդիմութեան գործին մէջ, ապա անդրադարձաւ հնամեայ արժէքներուն: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ ամէն բան կը յուշէ ազատութեան եւ արժանապատուութեան համար մղուած պայքարին մասին: Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտի յայտնեց, որ դէպի Արցախ 13 ժամ տեւած ճամբորդութեան ընթացքին ըմբոշխնած են բնութեան հրաշակերտ գեղեցկութիւնները, գոյներու ներդաշնակութիւնը, ջուրերն ու գետերը, տեսած են հնամենի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն խօսուն անցեալը եւ մանաւանդ

հազարամեակներէ եկած քաղաքակրթութիւնը: Իսկ Արցախի մէջ, ըսաւ ան. «տեսանք ամէնօրեայ պայքարը, որ արմատացած է ամէն մարդու մէջ, ինքնութեան պահպանման եւ ազատութեան հաւատքը շօշափեցինք ամէն տեղ եւ մանաւանդ  հերոս Շուշիի մէջ, որուն զաւակները տակաւին մինչեւ հիմա կը նահատակուին ճակատներուն վրայ: Տեսանք բազմաթիւ երիտասարդներ, մարդիկ կ՛ուղղուին ճակատ, կը զինուորագրուին պաշտպանելու սուրբ հողը»:

Վերջապէս ակնարկելով Տատիկի ու Պապիկի յուշարձանին, ան ըսաւ. «Այդ պահուն զգացի որ ես հայ եմ, կը պատկանիմ հայութեան, հայերը գիտեն կառչած մնալ բարի հողին, եւ վերջապէս հասկցանք, որ այցելութեան աւարտին մեր երազը արդէն իրական դարձած էր: Իսկ իրականութիւնը դատ էր, ազատութեան, արդարութեան, ինքնութեան եւ գոյացութեան դատ: Կեցցէ՛ Արցախը»:

Խօսք առաւ նաեւ Սինթիա Շիտիաք: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ` «Հայաստանի մասին բան չէի գիտեր. միակ բանը, որ գիտէի, այն էր որ հայերը ամէն տարի կը նշեն ցեղասպանութիւնը»: Ան իր տպաւորութիւնները ներկայացուց ներկաներուն` խօսելով բնութեան գեղեցկութեան, մարդոց քաղաքավարութեան, հողին հանդէպ ունեցած պաշտամունքին ու կառչածութեան մասին, ինչ որ դրսեւորուած է բոլոր սերունդներուն քով: Ան խօսեցաւ նաեւ զինուորներու քաջութեան եւ հերոսութեան, նահատակութեան գաղափարին մասին: Արցախի մէջ ցաւը միահիւսուած է համբերութեան եւ յոյսին, կամքին ու յաղթելու հզօր հաւատքին հետ:

«Հոգեպէս խաղաղ կը զգանք` յաջողութեամբ աւարտելու մեր դժուար պատասխանատուութիւնը, որ ստանձնած էինք: Մենք յաջողեցանք ցոլացնել մեր ոսպնեակէն իրական պատկերը Արցախի հարցին շուրջ», ըսաւ Շիտիաք, ապա աւարտեց խօսքը ըսելով. «Ես յարգանքով կը խոնարհիմ ձեր առջեւ, ձեր դատին առջեւ. դուք հաւատարիմ էք ձեր հողին, կառչած էք հողին, հիմա արդէն կը հասկնամ ձեր կապուածութիւնը հայրենի հողին: Շնորհակալ եմ այն յիշատակին, որ փորագրեցիք իմ մտքիս ու հոգիիս մէջ»:

Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Անթոնի Մըրշաք: Ան ըսաւ, որ պարգեւատրման այս երեկոն իրեն յիշեցուց Արցախի երեկոներուն ցաւոտ յիշատակները: «Հողին ցաւը դատ է, չենք կրնար հրաժարիլ անկէ», ըսաւ ան, ապա աւելցուց, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները իրաւունք ունին կառչած մնալու հողին: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ արցախցիներու դէմքին երեւացող ժպիտին, բարեսրտութեան, որուն տակ շատ անգամ թաքնուած է ցաւը: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Ճշմարտութիւնը չի մեռնիր: Հողէն մի՛ հրաժարիք: Ձեր կամքը պիտի յաղթէ»:

Claude_barkevadroum1_60816

Ձեռնարկի աւարտին Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտի ներկաներուն ծանօթացուց յայտագիրի բոլոր աշխատակիցները, որոնք իրենց բաժինը ունեցած են «Արցախ» ժապաւէնի պատրաստութեան գործին մէջ, որմէ ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թահքիք» յայտագիրի բեմադրիչ եւ հաղորդավար Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտին յուշանուէրով մը պարգեւատրեցին` առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յաջորդաբար Ընդունեց Երեք Հայագէտներ

Յաջորդը

Թուրքիան Մտադիր Է Ճանչնալ Նամիպիացիներու Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?