Գաղութային

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ,  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումի վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ Մազլում արքեպիսկոպոսին: Սոյն համախմբումին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու կրօնական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները: Համախմբումը նպատակ ունի ամրապնդել համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնն ու պաշտպանել քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները: Սոյն համախմբումին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներն են Յուսիկ...

Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»-Ու Հեռաուսուցման Ծրագիրին Մասնակցող Տասը Լիբանանահայեր Վկայագիր Ստացան

Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»-Ու Հեռաուսուցման Ծրագիրին Մասնակցող Տասը Լիբանանահայեր Վկայագիր Ստացան

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ շաբաթ, 4 յունիս 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր» հեռաուսուցման եռամսեայ խտացեալ երկրորդ ծրագիրի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Սեպուհ Այնթապլեան ողջունեց ներկաները հեռաուսուցման եռամսեայ խտացեալ երկրորդ ծրագիրի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան առիթով եւ ըսաւ, որ 21-րդ դարու պայմանները...

Պետիկ Ինճէեանի Նահատակութեան 40-րդ Տարելիցի Նշում.  «Հերոսները Չեն Մեռնիր, Այլ Կ՛անմահանան. Իրենց Մահով Կ՛անմահանան»  Ըսաւ Վարդգէս Խօշեան

Պետիկ Ինճէեանի Նահատակութեան 40-րդ Տարելիցի Նշում. «Հերոսները Չեն Մեռնիր, Այլ Կ՛անմահանան. Իրենց Մահով Կ՛անմահանան» Ըսաւ Վարդգէս Խօշեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 5 յունիս 2016-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան  40-րդ տարելիցին առիթով, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի: Արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահ, ուր յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Արաքս Խօշեան: Ան ամփոփ կերպով...

Նորակառոյց Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մասին Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական  Ժողովին  Յայտարարութիւնը

Նորակառոյց Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մասին Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին Յայտարարութիւնը

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները գրեթէ հասած են իրենց աւարտին եւ շուտով ընթացք պիտի առնեն նաեւ կահաւորումի եւ ներքին դասաւորումներու աշխատանքները: Այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին համալիրի կառուցման աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերած իրերայաջորդ շինարարական յանձնախումբերու բոլոր անդամներուն եւ գործին աջակցող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ցարդ կատարուած...

Տէր Զօրի Մէջ Նահատակուեցաւ Բանակի Հալէպահայ Զինուորական Ծառայող Ճորճ Ասսալ

Տէր Զօրի Մէջ Նահատակուեցաւ Բանակի Հալէպահայ Զինուորական Ծառայող Ճորճ Ասսալ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ Հալէպի Շտապ օգնութեան աղբիւրները հաստատեցին, որ Տէր Զօրի մէջ նահատակուած է հալէպահայ զինուորական ծառայող Ճորճ Ասսալ: Ասսալ 1992-ի ծնունդ է: Ան շրջանաւարտ է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն: Ասսալ չորս տարիէ ի վեր կը ծառայէր սուրիական բանակին:

Քահանայական Օծում Եւ Աբեղայական Օրհնութիւն Անթիլիասի Մէջ.  Կիլիկիոյ Թագաւորութեան Լեւոն Եւ Օշին Արքաները «Վերապրեցան» Անթիլիասի «Հոգեւոր Կիլիկիոյ» Մէջ

Քահանայական Օծում Եւ Աբեղայական Օրհնութիւն Անթիլիասի Մէջ. Կիլիկիոյ Թագաւորութեան Լեւոն Եւ Օշին Արքաները «Վերապրեցան» Անթիլիասի «Հոգեւոր Կիլիկիոյ» Մէջ

Դպրեվանքի գիտութեամբ լիցքաւորուելու եւ հոգեւոր սնունդով ուռճանալու ընթացքը աւարտած երկու երիտասարդ ուժեր, 5 յունիս 2016-ին ուխտեցին անդամ դառնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան` կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելով եւ իրենց կեանքը ընծայաբերելով հայ ժողովուրդի հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային ծառայութեան: Շաբաթ, 4 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կոչման արարողութիւնը: Խարտաւիլակին` դպրեվանքի փոխտեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեանի...

Սիւլէյմանիէի Մէջ Հայուհի Մը Զոհուեցաւ

Սիւլէյմանիէի Մէջ Հայուհի Մը Զոհուեցաւ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ շաբաթ, 4 յունիսին Հալէպի մէջ զինեալ խմբաւորումներ շարունակեցին հրթիռակոծել Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի բանջարեղէնի շուկան, Սուլէյմանիէ, Ազիզիէ եւ Համտենիէ շրջանները: Նշեալ շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան 29 զոհեր եւ  40 վիրաւորներ, վերջիններուս շարքին` 4 հայեր. Քաթրին Խաչոյեան, Լուսին Պարշիք, Նորա Սարգիս եւ Կարապետ Խաչոյեան: Սիւլէյմանիէի վրայ արձակուած հրթիռի մը պայթիւնին պատճառով զոհուեցաւ Պէթի Ներսէսեան (1980-ի ծնունդ): Մարդկային կորուստներուն...

Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» Մասնաճիւղ.  Հայրենի Տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանի Գլխաւորած Եռեակը Բարձր Արուեստով Ներկայացուց Ժողովրդական Երաժշտութիւն

Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» Մասնաճիւղ. Հայրենի Տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանի Գլխաւորած Եռեակը Բարձր Արուեստով Ներկայացուց Ժողովրդական Երաժշտութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 4 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանի եւ իր ընկերներուն ելոյթը: Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Դաւիթ Գազանճեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկայացուց հայրենի տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանն ու անոր ընկերակցող երաժիշտները` տուտուկահար Նարեկ Մնացականեանը եւ տհոլահար Աւետիս Քէօսէեանը: Դաւիթ...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Նիքոլ Պերժոն-Պուլտուքեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նիքոլ Պերժոն-Պուլտուքեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Հինգշաբթի, 2 յունիս 2016-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Նիքոլ Պերժոն-Պուլտուքեանի ցուցահանդէսին ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ թէ օտար արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու: Այս առիթով բացման խօսքը արտասանեց ցուցասրահի անձնակազմէն Սիւզի Տէրտէրեան: Ան յայտնեց, որ Պուլտուքեանի ցուցահանդէսը, որ տարածուած է ցուցասրահի երկու յարկերուն վրայ, հարազատօրէն կ՛արտացոլացնէ արուեստագէտին աշխուժ եւ կենսունակ գործունէութիւնը: Ապա ֆրանսերէնով խօսք առաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան...

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն: Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Յակոբ Լատոյեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Առաջնորդ սրբազան...

Ռուբէն Տէր Մինասեանի Մահուան 65-Ամեակի Նշում

Ռուբէն Տէր Մինասեանի Մահուան 65-Ամեակի Նշում

«Եթէ Այսօր Հայաստան Կայ, Կարելի Է Ստուգապէս Ըսել, Որ Մենք Ատիկա Կը Պարտինք Արամի, Ռուբէնի Նման Մարդոց» Հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 3 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի մահուան 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Պաղտասարեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայ ազգային...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 117.  Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի «2015-Հայ Վիճակը Յետհայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ-Վերլուծում Մը» Գիրքին Ներկայացումը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 117. Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի «2015-Հայ Վիճակը Յետհայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ-Վերլուծում Մը» Գիրքին Ներկայացումը

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պարսումեան- Տատոյեանի «2015-Հայ վիճակը յետհայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ-վերլուծում մը» գիրքին ներկայացումը հեղինակին կողմէ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան: Ան ներկայացուց զեկուցաբեր փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանը, ապա յայտնեց, թէ անոր մտաւորական գործունէութեան առանցքը...

«Քնար» Պարախումբը «Այգ»-ի Ընկերակցութեամբ Խանդավառեց «Էմիլ Լահուտ» Սրահի Հանդիսատեսները

«Քնար» Պարախումբը «Այգ»-ի Ընկերակցութեամբ Խանդավառեց «Էմիլ Լահուտ» Սրահի Հանդիսատեսները

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբի ելոյթը` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին եւ նուագախումբին: «Քնար» պարախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է Յովհաննէս Խաչիկեան, պարուսոյցը` Գարիկ Խաչիկեան, որոնք Հայաստանէն հրաւիրուած են, հետեւելու խումբի աշխատանքներուն: Այս տարուան ելոյթին մէջ պարի յայտագիրի յատկութեան կողքին զգալի էր...

Հալէպի Մէջ Զոհուած 4 Հայորդիները Հողին Յանձնուեցան

Հալէպի Մէջ Զոհուած 4 Հայորդիները Հողին Յանձնուեցան

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ երէկ յետ միջօրէին տեղի ունեցաւ 2 յունիսին Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ զոհուած չորս հայորդիներուն` Վազգէն Ճապաղջուրեանի (1942-ի ծնունդ), Խաչիկ Ապուլապութեանի (1949-ի ծնունդ), Յովսէփ Ջանեցեանի (1967-ի ծնունդ) եւ Լեւոն Քէլխաչերեանի (1954-ի ծնունդ) յուղարկաւորութիւնը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: «Գանձասար» կը  յիշեցնէ, որ նախանցեալ օր Նոր Գիւղի վրայ աւելի քան 40 հրթիռներ արձակուեցան զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ, այս պատճառով...

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն.  Հաղորդագրութիւն

Յայտարարութիւն

Ուրախ ենք  յայտարարելու, որ Լիբանանի  Բժշկական սենտիքայի 29 մայիսին կայացած ընտրութիւններուն, Լիբանանահայ բժշկական միութեան թեկնածուն` տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան ընտրուեցաւ խորհուրդի անդամ` 2216 մասնակիցի վրայ ստանալով 888 ձայն,  գրաւելով 6-րդ դիրքը 37 թեկնածուներու մէջ : Ուրախ ենք, որ 37 տարուան բացակայութենէ ետք, Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը 3  տարուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով ունեցաւ իր ներկայացուցիչը սենտիքայի խորհուրդին մէջ: Այս յաջողութիւնը կարելի եղաւ...

Նոր Գիւղի Աղէտը Կը Շարունակուի. 4 Հայորդիներ Զոհուած Են

Նոր Գիւղի Աղէտը Կը Շարունակուի. 4 Հայորդիներ Զոհուած Են

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ աւելի քան 30 հրթիռներ ինկած են: «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռի մը պատճառով հրոյ ճարակ դարձած է հայ արհեստաւորի մը խանութը, զոհուած են 3 հայորդիներ, որոնց ածխացած դիակները փոխադրուած են հիւանդանոց: Վայրկեաններ անց մահացած է նաեւ Նոր Գիւղի մէջ վիրաւորուած այլ հայորդի մը: «Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ Շտապ օգնութեան աղբիւրներէն...

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին «Սարգիս Կիրակոսեան» Ժողովասենեակի Բացում

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին «Սարգիս Կիրակոսեան» Ժողովասենեակի Բացում

  Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին եւ նախաձեռնութեամբ Նաքքաշի ակումբի վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 2 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, բացումը կատարուեցաւ «Սարգիս Կիրակոսեան» ժողովասենեակին, Նաքքաշի ակումբին մէջ, ներկայութեամբ հանգուցեալին մտաւորական եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի ընկերներուն եւ մեծ թիւով բարեկամներու: Նաքքաշի ակումբի վարչութեան անունով Իշխան Մանիսաճեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը նշելով յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: Մանիսաճեան ըսաւ. «Հաւաքուած ենք հոս ոգեկոչելու ընկեր Սարգիս...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի Ներկայացուցիչները

Շաբաթ, 28 մայիս 2016-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Լարի Միլլըր, նախկին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հիւպըրթ Վան Պիք եւ դոկտ. հայր Կապրիէլ Հաշեմ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Պատուիրակութիւնը այցելած էր վեհափառ...

Լիբանանի Մէջ «Ո՞վ Սպաննեց Հայերը» Ժապաւէնի Ցուցադրութեան Առիթով Զայն Պատրաստողը Հաստատեց Հայութեան Վերապրումն Ու Զայն Սպաննելու Ծրագիրի Ձախողութիւնը

Լիբանանի Մէջ «Ո՞վ Սպաննեց Հայերը» Ժապաւէնի Ցուցադրութեան Առիթով Զայն Պատրաստողը Հաստատեց Հայութեան Վերապրումն Ու Զայն Սպաննելու Ծրագիրի Ձախողութիւնը

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սիթի Մոլի»-ի շարժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուեցաւ «Ո՞վ սպաննեց հայերը» վաւերագրական ժապաւէնը` հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Մարիամ Զաքիի եւ Մոհամետ Հանաֆիի: Լիբանանի խորհրդարանի անդամներ, քաղաքական-ակադեմական գործիչներ, լրագրողներ, լիբանանահայ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր դիտեցին Եգիպտոսի ազգային իշխանութեան նիւթական ներդրումով, Եգիպտոսի Հայ...

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Լիբանանի Սանուց Միութիւն.  Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար Լուսոյ» Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւն

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Լիբանանի Սանուց Միութիւն. Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար Լուսոյ» Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի սանուց միութեան, չորեքշաբթի 1 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սանթր Սոֆիլ»-ի «Մեթրոփոլիս Արթ Սինեմա»-ին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար լուսոյ» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը: Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, խօսք առաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի սանուց միութեան ատենապետ Արմէն Իւրնեշլեան, որ ըսաւ, թէ ՄԿՀ-ի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով նախկին «մելգոնեանցի»-ները հաւաքուած են այս սրահին մէջ` կրկին լսելու համար...

Page 301 of 364 1 … 300 301 302 … 364

Արխիւներ