Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցաւակցագիր

June 13, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ Պչաքճեան ընտանիքին եւ
Նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի գաղափարի ընկերներուն.

Երէկ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ մեր հանդիպման ընթացքին, ներկայութեամբ հայ երեսփոխան տիար Ժիրայր Ռէյիսեանի, խոր վիշտով իմացանք մեր սիրելի Րաֆֆիին նահատակութեան գոյժը: Խորապէս ցնցուեցանք այս անսպասելի պատահարին ու անձնուէր Րաֆֆիի վաղաժամ մեկնումին համար:

Յանուն Նորին սրբութիւն Արամ Ա. կաթողիկոսին կը փոխանցենք մեր խորազգած ցաւակցութիւնները սուրիահայ մեր ժողովուրդին, մասնաւորաբար հալէպահայութեան, յատկապէս հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութիւնը իրագործող տղոց, ինչպէս նաեւ պատկան մարմինին ու Րաֆֆիի կնոջ, զաւակներուն եւ հարազատներուն:

Արդարեւ, առաջնորդական մեր ծառայութեան առաջին օրերէն իսկ Րաֆֆին ճանչցանք իր հեզահամբոյր, ժպտադէմ, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեան վրայ ու գաղափարական զինուորի մարտական հոգիով խոնարհ հերոսը, որուն ազգանուէր, յանձնառու ներկայութիւնը մեր երիտասարդութեան մօտ ստեղծած էր համակրանքի ու յարգանքի վաւերական վերաբերմունք` հանդէպ անոր, որ կ՛երթայ միանալու մեր հերոսներուն փաղանգին:

Մահուան գոյժը ստացած վայրկեանէն աղօթք բարձրացուցինք ամենաբարին Աստուծոյ, որպէսզի անոր ճառագայթող հոգին տարածուի մեր համայնքի արիական հոգիով ապրող ու գործող զաւակներուն վրայ: Պատերազմական տագնապալի օրերուն մէջ մեր ժողովուրդին սրտերը եւ կամքը իրարմով ամրացած` միասնաբար կարենանք յաղթահարել յուսահատութեան ա՛յս պահը, եւ վեր բարձրանալով մահուան ճնշող ստուերէն դէպի լոյս եւ կեանք, մեր Տիրոջ օրհնութեան եւ առաջնորդութեան ապաւինինք:

Յոյսով ենք, որ շուտով կը վերադառնանք եւ մեր ցաւակցութիւնն ու մխիթարանքը կենդանի բարբառով կը յայտնենք ընտանիքին եւ իր գաղափարի ընկերներուն: Կը հայցենք Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը:

Հողդ թեթեւ գայ, սիրելի՛ Րաֆֆի:

Աղօթարար`
Շահան արք. Սարգիսեան
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին

Անթիլիաս, 11 յունիս 2016

 

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Յաջորդը

Հալէպահայ Նահատակ, Նուիրեալ Դաշնակցական Րաֆֆի Պչաքճեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.