Գաղութային

Հոգեհանգիստ  Երջանկայիշատակ Հայրապետներու  Եւ Լուսահոգի Միաբան Հայրերու Համար

Հոգեհանգիստ Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Լուսահոգի Միաբան Հայրերու Համար

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցած է բազմաթիւ անձնուէր հայրապետներ եւ անձնուրաց հոգեւորականներ, որոնք թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ ազգային գանձանակին մէջ ձգած են իրենց լուման` ի խնդիր Հայ ժողովուրդի բարգաւաճման ու ծաղկման: Երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի միաբաններու տարած անսակարկ ծառայութեան նկատմամբ իբրեւ երախտագիտութիւն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է ամէն տարի փետրուար ամսուն կատարել...

«Համազասպ Սրվանձտեանց» Աշխատութեան  Շնորհահանդէսը` Հայաստանի  Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Մէջ

«Համազասպ Սրվանձտեանց» Աշխատութեան Շնորհահանդէսը` Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Մէջ

17 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ  պատմական գիտութիւններու դոկտ. Գէորգ Ստեփանեանի հեղինակած «Համազասպ» աշխատութեան շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան: ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ  ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեան: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային  ակադեմիայի թղթակից անդամ Ալպերթ Խառատեան,...

Հայկազեան Համալսարան.  Լիբանանահայ Գիրքը` 2012-էն 2016 Տարիներուն

Հայկազեան Համալսարան. Լիբանանահայ Գիրքը` 2012-էն 2016 Տարիներուն

Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 17 փետրուար 2017-ին, Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ գիրքը 2012, 2013, 2014, 2015 եւ 2016 տարիներուն» խորագիրով ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, հոգեւոր հայեր, գիրքերու հեղինակներ, խմբագիրներ եւ մեծ թիւով գրասէրներ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահին Մէջ.  Հայրենի Գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի  Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Հայրենի Գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի քսանութ գործերէ բաղկացած ցուցահանդէսին բացումը: Ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան,  Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հոլանտայի դեսպանը, ինչպէս նաեւ արուեստասէրներու բազմութիւն մը: Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոծ Բազմութեամբ  Հաւատացեալներու Ներկայութեան  Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոծ Բազմութեամբ Հաւատացեալներու Ներկայութեան Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

Տեառնընդառաջի տօնը հայ ժողովուրդին ու մանաւանդ հայ ծնողներուն կեանքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ: Մեր ծնողները Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման օրինակով իրենց մանուկները կը բերեն ընծայելու Աստուծոյ Ս. խորանին: Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ` հանդիսապետութեամբ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան:...

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 130 Միլիոն Լիբանանեան  Ոսկիի Կրթանպաստ`  Հայ Համալսարանականներուն

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 130 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ` Հայ Համալսարանականներուն

Երէկ` երկուշաբթի, 13 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 110 հայ համալսարանականներու ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ կրթանպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էր զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, վարժարաններու տնօրէններ, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ եւ ծնողներ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Քրիստին Սարգիսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ...

Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Հանդիսաւոր  Ս. Պատարագ` Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով` Նոր Սիսի շրջանին մէջ 11 եւ 12 փետրուարին տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն: Առ այդ, շաբաթ, 11 փետրուարին առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ տօնախմբութեան պաշտօնական բացումը, որուն ընթացքին նախ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը մանկական յայտագիրով մը զուարճացուց ներկայ գտնուող փոքրիկները: Երեկոյեան...

Տեառնընդառաջը` Սրբոց Քառասնից  Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Մեր Կեանքին Օրինակով  Ուղղութիւն Տանք Մեր Զաւակներուն»  Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Տեառնընդառաջը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Մեր Կեանքին Օրինակով Ուղղութիւն Տանք Մեր Զաւակներուն» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Երկուշաբթի, 13 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնը այն առիթն է, որուն ընդմէջէն կը նշենք Քրիստոսի տաճար ընծայման դէպքը, թէ ինչպէ՛ս երբ ան 40 օրուան մանուկ եղաւ, իր ծնողները զինք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»  Շքանշանով Պարգեւատրեց  Մտաւորական Արա Արծրունին

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Մտաւորական Արա Արծրունին

Կիրակի, 12 փետրուար 2017-ին, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, միաբան հայրերու, գրագէտ-մտաւորականներու, բարեկամներու եւ գրասէր հանրութեան ներկայութեան, Անթիլիասի վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներու վաստակ ունեցող մտաւորական, վիպագիր եւ թատերագիր Արա Արծրունին: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան, որ հակիրճ կերպով...

«Այբ Թու Զետ» Արուեստի Ակադեմիայի  Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

«Այբ Թու Զետ» Արուեստի Ակադեմիայի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Ուրբաթ, 10 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ժալ էլ Տիպի «Էսփաս Տատուր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Այբ թու զետ» արուեստի ակադեմիայի վկայականաց բաշխումն ու ցուցահանդէսի բացումը: Օրուան ձեռնարկը կը հովանաւորէր լիբանանցի գեղանկարիչ Միշել Ռուհանա: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց լիբանանցի բանաստեղծ եւ օրուան շրջանաւարտներէն մէկը հանդիսացող Նաժուա Հարիք: Ան ողջունելէ  ետք ներկաները, յատկապէս...

Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Հաւաթեան, Մելիք Գարագաւորեան եւ Ֆանարի շրջանի «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Հանդիպումի ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը վեհափառ հօր ներկայացուց ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով կուսակցութեան յայտարարած առաջադրանքները, որոնց կարգին` հայեցի ինքնութեան պահպանման համար հաստատուած հիմնադրամներուն ծրագիրը: Քննութեան նիւթ...

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի  2017 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2017 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2017 տարեշրջանի Ա. նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ առաջնորդարանի անձնակազմին: Ազգային...

Երեւանի Մէջ.  Տեղի Ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան  Պատմութեան Համար» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Երեւանի Մէջ. Տեղի Ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի «Մեսրոպ Աշճեան» գիտական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած` «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» արխիւային փաստաթուղթերու բազմահատոր ժողովածուի 12-րդ հատորին շնորհահանդէսը: Ներկայ էին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեան եւ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, Ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, Ազգային ակադեմիայի պատմութեան...

Հայկ Դեմոյեան Պարգեւատրած Է «Ազդակ»-ի Գլխաւոր Խմբագիր Շահան Գանտահարեանը

Հայկ Դեմոյեան Պարգեւատրած Է «Ազդակ»-ի Գլխաւոր Խմբագիր Շահան Գանտահարեանը

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան «Հենրի Մորկընթաու» երախտագիտութեան մետալ յանձնեց «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանին: «Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, կը նշէ, թէ վերջինս կը գնահատէ եւ կարեւոր կը նկատէ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, մասնաւորապէս՝ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի աջակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը Հայկ Դեմոյեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարեկիցին նուիրուած ձեռնարկներու  համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղարի լիբանանահայ համայնքին...

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու  Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինի 2017-ի Անդրանիկ Նիստը

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինի 2017-ի Անդրանիկ Նիստը

10 փետրուարին սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի 2017-ի  անդրանիկ նիստը, որուն մասնակցեցան «Ազդակ» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս,...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը  Մամլոյ Ասուլիսով`  ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ձեռնարկներուն  Սկիզբը Յայտարարեց

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Մամլոյ Ասուլիսով` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ձեռնարկներուն Սկիզբը Յայտարարեց

2018 թուականը կը զուգադիպի հայ ժողովուրդի նշանակալի եւ լուսաւոր ամեակներէն մէկը` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը: Այս առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի աշխատանքներուն սկիզբը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Մարզիկ»-ի խմբագիրը: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ողջունեց...

Էնար Կ՛անդրադառնայ  Պէրպէրեանի Գիրքին

Էնար Կ՛անդրադառնայ Պէրպէրեանի Գիրքին

2015-ին, Ֆրանսայի մէջ գրական մեծագոյն մրցանակին տիրացած գրող Մաթիաս Էնար ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ անդրադարձած է Վիգէն Պէրպէրեանի եւ Եանն Քեպպի «Կառոյցը փտած է, ընկե՛ր» անգլերէն գիրքի ֆրանսերէն թարգմանութեան: Գծանկարային գիրքին դէպքերը տեղի կ՛ունենան Երեւանի մէջ, ուր Ֆրունց անունով ճարտարապետ մը իր ուսանողներուն հետ կը շրջի քաղաքի կեդրոնը եւ անոնց կը խօսի շաղախի, արդիականութեան եւ զերոյէն սկսելու մասին: Ան...

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Երուանդ Փամպուքեանն  ու Շահան Գանտահարեանը

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Երուանդ Փամպուքեանն ու Շահան Գանտահարեանը

7 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց անուանի պատմաբան, հայագէտ, ՀՅԴ արխիւներու պատասխանատու, խմբագիր Երուանդ Փամպուքեանը եւ «Ազդակ» օրաթերթի  գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը: Նախարար Յակոբեան բարձր գնահատեց Երուանդ Փամպուքեանի կատարած ազգանուէր գործունէութիւնը, արխիւային ուսումնասիրութիւնները, որոնք արժէքաւոր նիւթեր են սերունդներու համար: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հիմնախնդիրներուն, Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է այդ ուղղութեամբ նախարարութեան կատարած աշխատանքները:  Քննարկուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց «Թռչնոց Բոյն» Եւ Որբերու Թանգարան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց «Թռչնոց Բոյն» Եւ Որբերու Թանգարան

Երկուշաբթի, 6 փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յանձնախումբի փոխատենապետ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, այցելեց որբերու թանգարան ու մօտէն ծանօթացաւ այդտեղ տարուող աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց թանգարանը աւելի զարգացնելու ու կազմակերպելու: Թանգարանի հիմնադրութեան բարերարներն են տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները: Թանգարանի յանձնախումբի ատենապետն է Ալեքքօ Պէզիքեան: Ապա վեհափառ հայրապետը այցելեց «Թռչնոց...

Մեր Կորուստները.  Ոչ Եւս Է Երդուեալ Թարգմանիչ  Եւ Մտաւորական Յովսէփ Էսկիճեան

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Երդուեալ Թարգմանիչ Եւ Մտաւորական Յովսէփ Էսկիճեան

Նախանցեալ օր իր մահկանացուն կնքեց Լիբանանի առաջին հայ երդուեալ թարգմանիչ, մտաւորական եւ «Ազդակ»-ի երէց աշխատակիցներէն Յովսէփ Էսկիճեան: Ծնած է Դամասկոս, 1 նոյեմբեր 1935-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ազգային Թարգմանչաց վարժարանին եւ Միացեալ վարժարանին մէջ: Պէյրութի Հայ ճեմարանը աւարտած է յունիս 1956-ին: Համալսարանական ուսումնառութիւնը ամբողջացուցած է Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի ֆրեշմեն, Հալէպի «Ալեփփօ քոլեճ»-ի սոֆոմոր, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ճունիոր եւ սինիոր լսարաններուն...

Page 275 of 365 1 … 274 275 276 … 365

Արխիւներ