Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինի 2017-ի Անդրանիկ Նիստը

Փետրուար 11, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 փետրուարին սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի 2017-ի  անդրանիկ նիստը, որուն մասնակցեցան «Ազդակ» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս, «Հայկական ՓիԱր ասոցիացիա» հասարակական կազմակերպութեան  նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան, «Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի թղթակից Ռուզաննա Աւագեան:

Նիստին հեռակապով միացած էին «Խօսնակ» (Լիբանան) ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, «Օրեր» (Չեխիա) ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, «Զարթօնք»  (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Հորիզոն»  (Քանատա) շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան:

Ողջունելով նիստին մասնակիցները՝ նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց սփիւռքի լրագրողներու ամէնօրեայ համակարգուած աշխատանքը, իրարու հետ անընդհատական կապը, գործուն արձագանգը նախարարութեան նախաձեռնութիւններուն: Նախարարը յատկապէս շեշտեց «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին լայն տարածումը եւ համազգային արձագանգը: Ան նշեց. «Շնորհակալութիւն, որ սփիւռքին ուղղուած նամակս տեղադրեցիք, կազմակերպեցիք ձեռնարկներ, հարիւրէ աւելի տեսահոլովակներ ստացանք, ուր յայտնի անհատներ իրենց խօսքը կը յղեն Հայոց բանակի կազմաւորման 25- ամեակին առիթով: Այս ամէնը մեզի ուժ եւ ոգեւորութիւն հաղորդեց, որ 2017 թուականը հռչակենք Արցախի տարի»:

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Լափշինի արտայանձնման փաստին, առաջարկեց  աւելի սերտացնել օտարալեզու լրատուամիջոցներուն մէջ  աշխատող հայազգի լրագրողներու հետ համակարգուած աշխատիլը:

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան նոյնպէս ողջունեց նիստին  մասնակիցները եւ նշեց, որ համակարծիք է նախարարին հետ՝ կարեւոր նկատելով Լրագրողներու 8-րդ համաժողովին հնչած կարծիքներու եւ առաջարկներու մանրամասն ուսումնասիրութիւնը:

Օրակարգի երկրորդ՝  «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման եւ «2017 թուականը Արցախի տարի» հռչակուելու նիւթերուն   լուսաբանումը սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն մէջ» հարցին  վերաբերեալ զեկուցեց սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:

Քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր:

 

Նախորդը

Էրտողան Ստորագրած Է Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Առաջարկը

Յաջորդը

Հայկ Դեմոյեան Պարգեւատրած Է «Ազդակ»-ի Գլխաւոր Խմբագիր Շահան Գանտահարեանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?