Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 130 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ` Հայ Համալսարանականներուն

Փետրուար 14, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 13 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 110 հայ համալսարանականներու ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ կրթանպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էր զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, վարժարաններու տնօրէններ, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ եւ ծնողներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Քրիստին Սարգիսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ԱՖՀԻԼ ինչպէս միշտ, այս տարի ալ իր ձեռքը կ՛երկարէ հայ ուսանողներուն` իրենց կեանքի դժուար հանգրուանին, որպէսզի զգան, որ իրենց կողքին կան ազգային կայոյցներ, որոնք հայ ուսանողը փայլուն եւ գործօն կը միտին տեսնել: Ան յայտնեց, որ ծառայութիւնը պիտի մատուցուի 11 տարբեր համալսարաններ յաճախող 110 աշակերտներու, ապա խօսքը ուղղելով ուսանողներուն ըսաւ, թէ մարդիկ իրենց կեանքերը պէտք է իմաստաւորեն մարդասիրական ծառայութիւններով եւ ազգային ինքնուրոյնութեան արժէքները բարձր պահելով: Խօսքի աւարտին Սարգիսեան կոչ ուղղեց անոնց ունենալու ազգային պատկանելիութեան բարձր գիտակցութիւն, ձեռք երկարելու եւ օգնելու կամեցողութիւն, եւ վերջապէս` ԱՖՀԻԼ-ի վկաները ըլլալու:

Խօսք առաւ ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ ԱֆՀԻԼ 20 տարիէ ի վեր ամէն տարի իր հասոյթէն բաժին մը կը յատկացնէ հայ աշակերտին եւ հայ համալսարանականին` քաջ գիտնալով, որ համայնքային դրութեամբ ստեղծուած երկրին մէջ ուսանողներուն տէր կանգնելու սկզբունքը առաջնահերթութիւն է, իսկ ուսանողները գաղութի վաղուան պատասխանատուները պիտի ըլլան` ներդրում բերելով վաղուան ազգային, միութենական, մարզական, ընկերային, մշակութային եւ այլ մարզերուն մէջ:

Յ. Լատոյեան խօսքը ուղղելով ուսանողներուն ըսաւ. «Ո՛ւր ալ ըլլաք, այս գաղութին հանդէպ ձեր սէրն ու գուրգուրանքը չպակսի: Յանձնառու եղէք այս գաղութի կազմակերպման կեանքին ձեր մասնակցութիւնը բերելու: Նիւթապէս մենք ձեր կողքին ենք, դուք ալ գործնապէս մեր ազգային կեանքին մասնակից եղէք»: Ապա Լատոյեան հաստատեց, որ ԱՖՀԻԼ առողջապահական, ապահովագրական, մարզական եւ այլ ծառայութիւններով պիտի շարունակէ ծառայել ժողովուրդին: ԱՖՀԻԼ, գործակցելով Երեսփոխանական գրասենեակին, «Ճինիշեան»-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի, «Գարակէօզեան»-ին, Ազգային առաջնորդարանին, հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու ընկերային ծառայութեան գրասենեակներուն հետ, կը հաւատայ, որ միասին կարելի է լիբանանահայ գաղութին մտահոգութիւնները մեղմացնել: Ան նշեց նաեւ, որ ԱՖՀԻԼ Հայաստանի մէջ ալ իր գործունէութիւնը ծաւալած  է: Իսկ 2006-էն սկսեալ իր հասոյթէն հիմնած է մարզական կեդրոններ, որոնք երիտասարդութեան համար առողջ եւ մաքուր պայմաններ կը ստեղծեն: Ան խօսեցաւ նաեւ «Զգուշ» առողջապահական պարբերաթերթի փնտռուած ըլլալու իրականութեան մասին` իր ամսական 3000 տպաքանակի սպառումով: Խօսքի աւարտին Յակոբ Լատոյեան յաջողութիւն մաղթեց ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնեաներուն, յաջորդական վարչութիւններուն, անդամներուն եւ պատասխանատու մարմիններուն, որոնք հետեւողականօրէն օգտակար դարձան բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան, ապա յայտարարեց 130 միլիոն լիբանանեան ոսկիի կրթանպաստի բաշխման մասին` խոստանալով յառաջիկայ տարիներուն նպաստի գումարի բարձրացում:

Խօսք առաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:

Ան իր խօսքի ընթացքին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ հիմնական երեք հանգամանքներու, ապա իր մաղթանքն ու գնահատանքը յայտնեց այդ ուղղութեամբ գործունէութիւնները յաջողութեամբ պսակող մարմիններուն եւ կառոյցներուն:

Նախ եւ առաջ ան ուշադրութեան յանձնեց ԱՖՀԻԼ-ը, որ բարձրորակ ծառայութիւն մատուցելով առողջապահական եւ ապահովագրական մարզերուն մէջ, անձամբ կը հետեւի իւրաքանչիւր պարագայի հարցին, մինչեւ այդ հարցի բարւօք աւարտը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէնին, վարչականներուն, անձնակազմին, որովհետեւ յաջողած են 20 տարի շարունակ բարձր ծառայութիւն տրամադրել, ձեռք երկարել եւ օժանդակել 110 ուսանողներուն, ապա աշխատանքին ծիրը ընդլայնելով հասնիլ Հայաստան:

Նախարար Ա. Կիտանեան երկրորդ հանգամանքով գնահատեց ուսանողներն ու յատկապէս ծնողները, որոնք մեծ զոհողութիւններով կը յաջողին իրենց զաւակներուն ապահովել համապատասխան կրթութիւն, ապա քաջալերեց ուսանողները շարունակելու պայքարը, որ երբեմն տարիներ կը տեւէ, մինչեւ որ իրենց զարգացումով մտնեն կեանքի ասպարէզ:

Կիտանեան ըսաւ, թէ երրորդ հանգամանքը գաղութի անհրաժեշտութիւններու հանգամանքն է: 110 ուսանողներու տրամադրուած գումարը թէեւ կրնայ համեստ ըլլալ, բայց անհրաժեշտ է, որովհետեւ կու գայ հայկական հաստատութենէն, որ իր շահը կը գոյացնէ Լիբանանի հայ գաղութէն, որ այդ շահը կը վերադարձնէ գաղութի զաւակներու նպատակներու իրականացման: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «ԱՖՀԻԼ-ը, կուսակցութիւնները, միութիւնները, դպրոցները, քաղաքապետարանը, բոլոր կազմակերպութիւնները այս գաղութի պահպանման, զարգացման, բարգաւաճման, հաստատ քայլերով շարունակութեան մէջ տեղ ու դեր ունենալու, մասնակցութիւն ունենալու պարտաւորութեան տակ ենք»:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ուսանողները ստացան իրենց կրթանպաստները:

Նախորդը

Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոծ Բազմութեամբ Հաւատացեալներու Ներկայութեան Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?