Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այբ Թու Զետ» Արուեստի Ակադեմիայի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Փետրուար 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 10 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ժալ էլ Տիպի «Էսփաս Տատուր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Այբ թու զետ» արուեստի ակադեմիայի վկայականաց բաշխումն ու ցուցահանդէսի բացումը:

Օրուան ձեռնարկը կը հովանաւորէր լիբանանցի գեղանկարիչ Միշել Ռուհանա:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց լիբանանցի բանաստեղծ եւ օրուան շրջանաւարտներէն մէկը հանդիսացող Նաժուա Հարիք: Ան ողջունելէ  ետք ներկաները, յատկապէս օրուան հովանաւոր Միշել Ռուհանան եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ներկայացուցիչ Արտաւազդ աբղյ. Շառոյեանը, զանոնք հրաւիրեց մուտք գործելու արուեստի աշխարհին մէջ` վրձինի եւ գոյներու ընդմէջէն:

Հարիք իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ինչ գեղեցիկ է, որ անձ մը զգայ, թէ յաղթահարած է մոլորած էութիւնը, որ ներկայիս ունի արուեստի նոր ինքնութիւն մը, որ կը խօսի հոգիի լեզուով, եւ տխրութիւնն ու վիշտը կը վերածէ ուրախութեան գոյներու, որ կարողութիւնը ունի պայքարելու նոյնիսկ անկարելիին դէմ:

Ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան հովանաւորին` լիբանանցի գեղանկարիչ Միշել Ռուհանայի արուեստն ու գործունէութիւնը, Հարիք զինք բեմ հրաւիրեց իր պատգամը փոխանցելու:

Արուեստագէտ Ռուհանա շնորհակալութիւն յայտնեց Մարալ Փանոսեանին եւ անոր եղբօր` Ժիրայրին, որ ընտրեցին զինք մօտիկ գտնուելու այս նորահաս արուեստագէտներուն եւ միասնաբար աշխատելու ու բաժնեկցելու արուեստի եւ արուեստագէտի ամէնօրեայ նուրբ զգացումները` գիտակցելով, որ երեւակայութեան եւ անհատնում տեսիլքի արդիւնքն է ստեղծագործութիւնը, որ կը մարմնաւորուի եւ կ՛արտայայտուի կտաւի վրայ: Արուեստագէտներու գործունէութիւնը իւրայատուկ կը դարձնէ եւ հոգեկան թռիչք կու տայ արուեստին ու արուեստագէտին:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան Արտաւազդ աբղյ. Շառոյեան, գեղանկարիչ Միշել Ռուհանա, ինչպէս նաեւ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեանները` յանձնելու համար շրջանաւարտներուն վկայականները:

«Այբ թու զետ» արուեստի ակադեմիայի 2017-ի շրջանաւարտներն են`

– Պարսումեան Շանթալ
– Շպիպ Քարմէն
– Հարիք Նաժուա
– Խուրի Շարլոթ
– Քանաան Մարիա
– Քիպարեան Շաղիկ
– Մոմճեան Անի
– Նիկոլեան Մարկարիթ
– Սապրա Ռոլա
– Սէրայտարեան Սիլվիա
– Սվաճեան Սալբի
– Շիր-Յակոբեան Թամարա
– Ֆէնէրճեան Ռիթա

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ «Այբ թու զետ» արուեստի ակադեմիայի տնօրէն Մարալ Փանոսեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ յաճախ քաջալեր կը հանդիսանայ եւ յատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ «Այբ թու զետ» արուեստի ակադեմիային նկատմամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արտաւազդ աբղյ. Շառոյեանին, որ կը ներկայացնէր վեհափառ հայրապետը այս հանդիսութեան: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց գեղանկարիչ Միշել Ռուհանային, Նաժուա Հարիքին եւ ցուցասրահի տիրոջ` Ապտալլա Տատուրին, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներուն եւ ներկաներուն:

Ապա ներկաները ըմբոշխնեցին շրջանաւարտներուն եւ ակադեմիայի այլ արուեստագէտներուն գործերը:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ 12 փետրուար 2017:

Նախորդը

Տենիզլիի Երբեմնի Հայ Համայնքը Եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Մտաւորական Արա Արծրունին

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?