Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով` Նոր Սիսի շրջանին մէջ 11 եւ 12 փետրուարին տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն: Առ այդ, շաբաթ, 11 փետրուարին առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ տօնախմբութեան պաշտօնական բացումը, որուն ընթացքին նախ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը մանկական յայտագիրով մը զուարճացուց ներկայ գտնուող փոքրիկները: Երեկոյեան ժամերգութեան յաջորդեց հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, որմէ ետք ժամը 8:30-էն մինչեւ ժամը 11:00 ներկայացուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մկօ Խտըրլարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն նախաձեռնութեան յաջողութեան: Այնուհետեւ երգերով ելոյթ ունեցան Էմմա Յովհաննիսեան, Նաթալի Տէկիրմէնճեան, Պօղոս Ետիքեան, Կարինէ Անդրանիկեան եւ Վազգէն Քենտիմեան: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Հայք» նուագախումբը եւ դաշնակահար Յակոբ Արապօղլեան:
Յիշեալ յայտագիրին զուգահեռ, կազմակերպուած էր նաեւ տօնավաճառ` մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին եւ դպրաց դասին, ԼՕԽ-ի «Ազիրեան» եւ «Արագած» մասնաճիւղերուն, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւններուն, «Արցախ ֆոնտ»-ին: Նոր Սիս թաղամասին մէջ տեղադրուած էին կրպակներ, ուր կը վաճառուէին համադամ ճաշեր, խմորեղէններ, խորոված, անուշեղէններ, ձեռային աշխատանքներ եւ յուշանուէրներ:
Կիրակի, 12 փետրուարին առաւօտեան «Արագած» ակումբին կից տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Ապա թափօրը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցի` անցնելով «Ազիրեան» ակումբին առջեւէն, ուր եւս հաւաքուած էին խումբ մը ազգայիններ:
Հասնելով Ս. Սարգիս եկեղեցի, սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագը: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց 4-րդ դարուն ապրած Ս. Սարգիսի կեանքին, որ Մեծն Կոստանդիանոս քրիստոնեայ կայսեր զօրականներէն էր եւ որուն կայսրը յանձնած էր Կապադովկիոյ ճակատի պահպանութեան կարեւոր աշխատանքը: Ս. Սարգիս ո՛չ միայն իբրեւ զինուորական կ՛ապրէր իր կեանքը, այլեւ` իր ամբողջ կարողականութեամբ նաեւ լծուած էր Աւետարանի ուսուցումները գործադրելու նուիրական աշխատանքին: Սակայն ժամանակները փոխուած էին եւ Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր յաջորդած էր Յուլիանոս ուրացող կայսրը, որ քրիստոնէութեան դէմ նոր հալածանքներ կը նախաձեռնէ:
Սրբազան հայրը պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Ս. Սարգիս իր զաւկին` Մարտիրոսի եւ խումբ մը հաւատացեալ զօրականներու հետ կը յաջողի փախուստ տալ դէպի Հայաստան, ապա Պարսկաստան, ուր իր քաջութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը շահի Շապուհ թագաւորին եւ ամբողջ երկրին վստահութիւնը: Սակայն շուտով ի յայտ կու գայ իր քրիստոնեայ ըլլալը. ան կը մերժէ ուրանալ իր հաւատքը, այդ պատճառով ալ կը նահատակուին ինք, իր զաւակը` Մարտիրոս եւ 14 այլ հաւատացեալ զօրականներ: «Սուրբերը երկինքէն երկիր եկած էակներ չեն, այլ` մեր օրինակով մարդկային ընկերութենէն յառաջ եկած անձնաւորութիւններ են, որոնք Քրիստոսի սուրբ սիրով ոգեւորուած, ո՛չ միայն սրբութեամբ վարած են իրենց սեփական կեանքը, այլ նաեւ` սրբութեան օրինակ հանդիսացած են ամբողջ մարդկութեան համար», հաստատեց առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ Ս. Սարգիս եւս մարդկային ընկերութենէն եկած անձնաւորութիւն մըն էր, սակայն իր կեանքը կապած էր Աստուծոյ եւ, զինուորական ըլլալով հանդերձ, փորձած էր իր կեանքը լուսաւորել քրիստոնէական սուրբ սիրով: Սրբազան հայրը ըսաւ, թէ Ս. Սարգիսի տօնին առիթով պէտք է սրբութիւն հաստատենք մեր միջավայրին մէջ, որպէսզի այդ սրբութեամբ կարենանք լուսաւորել մեր միտքն ու գիտակցութիւնը եւ վարել մեր կեանքի ընթացքը: Ան աւելցուց նաեւ, որ պէտք է մեր հաւատքին մէջ ըլլանք հաւատարիմ, համբերատար ու յարատեւող, եւ նոյնիսկ դժուարութեանց ու նեղութեանց մէջ պարտինք հետեւիլ Աւետարանի ցուցմունքներուն, նաեւ մեզ կանխող սերունդներու կեանքի օրինակին եւ կտակին: «Պարտինք ըլլալ յարատեւող, որպէսզի սրբութիւնը չնուազի մեր կեանքին մէջ եւ որպէսզի ազգային մեր հասկացողութիւնները չնօսրանան: Դժուարութեան մէջ պարտինք կառչիլ մեր հաւատքին եւ հաւատարմութեան օրինակ դառնալ ի յիշատակ անոնց, որոնք մեզ դաստիարակեցին եւ այս օրը պարգեւեցին, նաեւ հաւատարմութեան դրօշ հաստատենք մեր կեանքին մէջ, որպէսզի դէպի մեր ազգային իտէալներն ու հասկացողութիւնները ընթացող ժողովուրդի զաւակներ ըլլանք», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը` նկատել տալով, որ սուրբերը մեր կեանքին մէջ մեզ հաւատքի առաջնորդող անհատներ են, եւ անոնց յիշատակով մենք շօշափելիօրէն կ՛ըմբռնենք ու կը հասկնանք զԱստուած եւ կ՛արժեւորենք մեր կեանքը: Ան յորդորեց ներկաները հաւատարիմ ըլլալ սուրբերուն օրինակին:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ «Ազիրեան» ակումբին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի, զօր. Փանոս Մանճեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ ազգայիններու:
Սիրոյ սեղանին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութիւնը այս տարի եւս իր նախապատրաստական աշխատանքներով վերաթարմացուց հայկական եւ նուիրական աւանդութիւն դարձած Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը, որուն տօնակատարութիւնը կ՛ըլլայ ո՛չ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլ նաեւ` ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք առիթներ են անդրադառնալու մեր առաքելութեան` թօթափելով մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ անտարբերութիւնը: Ակնարկելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2017 տարին «Վերանորոգման տարի» հռչակուելուն` քահանայ հայրը հաստատեց, որ հինը վերանորոգելը եւ նորը կերտելը քրիստոնէական հաւատքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է` աւելցնելով, որ քրիստոնեան այն մարդն է, որ հաւատքը կը վերանորոգէ քաջութեամբ եւ զոհողութեամբ` կեանքի ամէն տեսակի դժուարութիւններուն դիմաց: Իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ շրջանի պատկան մարմիններուն, որոնք զօրավիգ կանգնեցան բոլոր աշխատանքներու յաջողութեան:
«Մեր ժողովուրդին համար, անկախ իրենց կրօնական արժէքէն, նաեւ հիմնական ազգային արժէք կը ներկայացնեն եւ սուրբ ըլլալու կողքին նաեւ մեր ժողովուրդի հայկական ինքնութեան պահպանման տիպարները կը նկատուին Վարդան Մամիկոնեան եւ Ս. Սարգիս,» ըսաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր ելոյթին սկիզբը եւ բացատրեց, որ Ս. Սարգիսը կը խորհրդանշէ քրիստոնեայ մարդու խիզախութիւնը, քաջութիւնը, առնականութիւնը, արիութիւնը, որոնք մեր ժողովուրդի նկարագիրին անբաժանելի յատկանիշները եղած են պատմութեան ընթացքին: Ան նկատել տուաւ, որ ամէն անգամ Ս. Սարգիսի տօնին առիթով միաժամանակ կը տօնենք սիրոյ տօնը` աւելցնելով, որ սիրելը խիզախութիւն եւ քաջութիւն է, սիրոյ մէջ բնականաբար կայ ազգասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը, մեր եկեղեցւոյ, մեր զաւակներուն եւ մեր հարազատներուն նկատմամբ սէրը:
«Ամէն անգամ, երբ կը գտնուիմ նման սեղանի շուրջ, կը յիշեմ այն հոգեկան կապը, որ ամբողջ տասնամեակներ Նոպ Սիսի հայութիւնը ունեցած է նախ ինքն իրեն հետ, նաեւ Պուրճ Համուտի հետ: Դժբախտաբար օրերը այնպէս են, որ մեր թաղերը կամաւոր կերպով կը պարպուին, ինչպէս Սիսը, Արագածը, Հայաշէնը, Մարաշը, եւ յետոյ կը գանգատին, որ այս թաղերուն մէջ կը բնակին ոչ հայեր: Դժբախտաբար կան հայեր, որոնք չի բաւեր արտագաղթած են, կը վերադառնան եւ իրենց տուները կը ծախեն», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի: Այնուհետեւ Բագրատունի անդրադարձաւ ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով իր կատարած յայտարարութիւններուն` հայկական ինքնութեան պահպանման միտող ֆոնտերու կազմութեան գծով, նշելով եւ բացատրելով իւրաքանչիւրին պարագան: Ան նկատել տուաւ, որ այս բոլորը կ՛ընեն իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանալու ժողովուրդին, սակայն «եթէ մեր ժողովուրդը, ինք, տրամադրուած է լքել ամէն ինչ, մենք ոչինչ կրնանք ընել», հաստատեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Շարունակելով իր խօսքը` ան ցաւով յայտնեց, որ այս սիրոյ սեղանին ինք կը փափաքէր տեսնել տասնեակներով սիսեցիներ, որոնք կ՛ապրին Անթիլիաս, Ռապիէ, եւ այլ շրջաններ, որոնք ծնած են Սիսի մէջ, յաճախած են Սիսի վարժարանը, իրենց ընտանիքը կազմած են Սիսի մէջ, հարստացած են Սիսի մէջ եւ ապա հեռացած են Սիսէն` աւելցնելով, որ անոնք տարին անգամ մը պէտք է յիշեն իրենց ծննդավայրը: «Կը փափաքիմ, որ այս առիթով շրջանի թաղականութիւնը, եկեղեցական եւ կուսակցական մարմինները յաւելեալ բազմապատկուած ճիգ թափեն, որպէսզի այս թաղամասը մնայ հայկական թաղամաս, որպէսզի եկեղեցին ամէն կիրակի կարենայ հասնիլ մեր ժողովուրդին, որպէսզի շատեր դպրաց դասին մաս կազմեն եւ սորվին հայութիւնը, եկեղեցիէն սորվին քրիստոնէութիւնը, ակումբէն սորվին քաջութիւնը, որպէսզի կարենանք Ս. Սարգիսի տօնը ժողովրդային խրախճանքներով կատարել այս թաղամասերուն մէջ, որպէսզի ոչ հայերը ըսեն, որ այս տեղը մեր ապրելիք տեղը չէ», եզրափակեց Բագրատունի:
Առաջնորդ սրբազան հայրը յայտնեց, որ ասիկա յատկանշական օր մըն էր, եւ մենք զմեզ նորոգուած, քաջալերուած ու զօրացած կը զգանք` աւելցնելով, որ առանձնութեան մէջ բոլորս տկար ենք, բայց միասնաբար աւելի զօրաւոր ենք, նոյնիսկ եթէ կեանքի դժուարութիւնները ծանրանան մեր ուսերուն վրայ: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ իրարու մօտ գալու առիթները նուազած են մեր կեանքին մէջ եւ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է դարմանել այս կացութիւնը: «Մենք եկեղեցական, ազգային հսկայ աւանդ ունինք, եւ այս բոլորը մեզ կը ջերմացնեն եւ մեր կեանքը կը նորոգեն», հաստատեց սրբազան հայրը եւ ըսաւ, որ մեր ունեցածին հետ պէտք է փորձենք վարուիլ գիտակցօրէն եւ զգուշութեամբ` տեսնելու համար որ մեզ կանխող սերունդները ինչպիսի՛ գեղեցիկ աւանդ եւ հարստութիւն ձգած են մեզի: «Երանի աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ ունենայինք, ինչքան աւելի հարստացած ու զօրացած պիտի զգայինք», ցաւով յայտնեց առաջնորդ սրբազանը եւ կոչ ուղղեց յառաջիկայ տարի դուրս գալու մեր աւանդական կերպերէն եւ երիտասարդներուն սրտին մօտիկ սովորութիւն հաստատելու, որպէսզի անոնք եւս ներառենք մեր մէջ, որուն շնորհիւ նոր կենդանութիւն պիտի ապրին եկեղեցին, ակումբը, համայնքը: Սրբազան հայրը հաստատեց, որ մեզի անհրաժեշտ է նոր շունչ հաղորդել երիտասարդութեան, որուն եթէ մօտենանք, պիտի նկատենք, որ մեր կեանքին մէջ շատ բան ունին ըսելիք եւ ընելիք: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ յարակից կառոյցներուն տարած աշխատանքը, որով լիբանանահայ միջավայրին մէջ ազգային-եկեղեցական շունչն ու կորովը կենդանի կը պահուին:
Յայտնենք, որ սիրոյ սեղանին գեղարուեստական բաժինով երգերով ելոյթ ունեցան Էմմա Յովհաննիսեան, Նաթալի Տէկիրմէնճեան, Սեւան Կարապետեան-Ադամեան եւ Վազգէն Քենտիմեան, իսկ Խաժակ Խաչատուրեան ջութակի վրայ մեկնաբանեց երաժշտական ստեղծագործութիւններու փունջ մը: