Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Մամլոյ Ասուլիսով` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ձեռնարկներուն Սկիզբը Յայտարարեց

Փետրուար 9, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2018 թուականը կը զուգադիպի հայ ժողովուրդի նշանակալի եւ լուսաւոր ամեակներէն մէկը` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը: Այս առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի աշխատանքներուն սկիզբը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Մարզիկ»-ի խմբագիրը:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ողջունեց ներկաները, ապա պաշտօնապէս ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ընդհանուր ծրագիրը եւ աշխատանքները: Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018-ին, յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, իսկ բացման հանդիսութիւնը պիտի կատարուի Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն ընթացքին, 20-էն 29 յուլիս 2017-ին, երբ տեղի պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի սփիւռքի գաղթօճախներու եւ բոլոր շրջաններու մարզախաղերը: ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման աշխատանքներուն համար կազմուած են հետեւեալ յանձնախումբերը` Կեդրոնական յոբելինական մարմին, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբ, կեդրոնական գործադիր յանձնախումբ, Կեդրոնական  քարոզչական յանձնախումբ, Կեդրոնական ընկերային յանձնախումբ, կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբ, որ պիտի ղեկավարէ 11-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը եւ 100-ամեակի սկաուտական բոլոր ձեռնարկները, իսկ մարզախաղերու յանձնախումբը ստեղծուած եւ արդէն աշխատանքի մէջ է:

Գ. Մկրտիչեան հաստատեց, որ աշխատանքներուն զուգահեռ պատրաստուած է 100-ամեակի քայլերգ, որ մօտ օրէն սեփականութիւնը պիտի դառնայ ՀՄԸՄ-ականներուն եւ հանրութեան:

Քայլերգին խօսքը կը պատկանի Ներսեհ Լիպարեանին (Քանատա), երաժշտութիւնը` Վահրամ Էմմիեանին (Լիբանան), իսկ կատարողութիւնը` Գառնիկ Սարգիսեանի: Նոյն առիթով պատրաստուած է 100-ամեակի խորհրդապատկերը` Արի Պոյաճեանին կողմէ (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ): «ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՅ»-ն 100-ամեակի նշանաբանն է` Վանիկ Գասարճեանի հեղինակութեամբ (Լիբանան): Խորհրդապատկերն ու նշանաբանը այս պահէն արդէն սեփականութիւն կը դառնան աշխարհի բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն: Ան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով պիտի ունենայ իր կայքը, որ մարտէն սկսեալ պիտի գործէ, ինչպէս նաեւ onlineshop, ուր ՀՄԸՄ-ին պատկանող զանազան առարկաներ պիտի ներկայացուին ու վաճառուին: Այս առիթով նկատի առնուած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի նուիրուած գիտաժողով:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Գառնիկ Մկրտիչեան` պատասխանելով ներկաներուն հարցումները, պարզաբանեց, որ յոբելինական մարմինը ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յանձնախումբ մըն է, որ պիտի դառնայ բոլոր յանձնախումբերուն վերին մարմինը: ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբը միայն Կեդրոնական վարչութեան հետ պիտի ծրագրէ եւ աշխատանքի բաժանումը պիտի կատարէ: Գործադիր յանձնախումբը Հայաստանի մէջ կատարուելիք ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակելու համար աշխատանք պիտի տանի: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ արդէն կազմուած է Կեդրոնական քարոզչական յաձնախումբը, որ պիտի պատրաստէ քարոզչական ծրագիր մը: Իսկ Ընկերային յանձնախումբը գործի պիտի լծուի բոլոր շրջաններէն ՀՄԸՄ-ական քոյրերն ու եղբայրները Հայաստանի մէջ համախմբելու, որպէսզի մասնակցին մէկ  շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն եւ փակման հանդիսութեան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը դիտել տուաւ, որ նշեալ ձեռնարկները միայն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ կապուած կեդրոնական ձեռնարկներն են: Իսկ ՀՄԸՄ-ի 9 շրջանային վարչութիւնները եւ 35 մեկուսի շրջանները աշխարհի տարածքին պիտի կազմակերպեն իրենց տեղական ձեռնարկները` 100-ամեակին նուիրուած:

Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին խօսելով, Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ պատմական արժէք ներկայացնող առարկաներու ցուցահանդէս պիտի կատարուի: Գիւմրիի մէջ, ըստ կարելիութեան, պիտի տեղադրուի Վահան Չերազի կիսանդրին, իսկ ՀՄԸՄ-ի բանակավայրին մէջ պիտի զետեղուի նաեւ ՀՄԸՄ-ի երրորդութեան  կիսանդրին, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր ձեռնարկները եզրափակող յոբելինական պաշտօնական հանդիսութիւն:

Գառնիկ Մկրտիչեան` եզրափակելով ասուլիսը, ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները կատարուած են, կը մնայ զանոնք իրականութիւն դարձնել եւ իրագործել: Այս պահէն մեր ժողովուրդին ուշադրութեան կը յանձնենք 2017-ի մարզախաղերուն թուականը` յուլիս 20-էն 29, երբ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի բացման հանդիսութիւնը պիտի կատարուի, իսկ մարզախաղերու փակման հանդիսութեան պիտի յայտարարուի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի 2018-ի ձեռնարկներուն պաշտօնական բացումը:

«Թէեւ կը գիտակցինք, որ այս ծրագիրը լուրջ աշխատանք եւ կորովի մարդուժ կ՛ենթադրէ, բայց նոյն ատեն կը հաւատանք, որ ՀՄԸՄ-ականներուն կամաւոր աշխատանքով եւ զոհաբերութեամբ մենք պիտի յաջողինք եւ արժանավայել կերպով պիտի տօնենք ՀՄԸՄ-ի փառահեղ 100-ամեակը մեր հայրենիքին մէջ», հաստատեց Գառնիկ Մկրտիչեան:

Նախորդը

Էնար Կ՛անդրադառնայ Պէրպէրեանի Գիրքին

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?