Գաղութային

Մեր Կորուստները.  Ոչ Եւս Է Հանրայայտ Գեղանկարիչ Զոհրապ

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Հանրայայտ Գեղանկարիչ Զոհրապ

5 փետրուարին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանեան եւ լիբանանահայ արուեստի մարզին մէջ իր դերն ու դրոշմը ունեցած գեղանկարիչ Զոհրապ (Քէշիշեան)` հիւանդութեան հետ ծանր պայքար մղելէ ետք: Լոյսի, գոյնի, յոյսի եւ գեղեցիկի նկարիչը հանդիսացող Զոհրապ ծնած է Հալէպ, 1943 թուականին, արուեստի իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի յունական արուեստի հիմնարկին մէջ, որմէ վկայուած է 1961-ին, ապա եկած է Լիբանան, ուր բարձրագոյն ուսումը ամբողջացուցած...

Հայոց Բանակի 25-Ամեակի  Նշում` Ֆանար-Լէյլաւանի Մէջ.  Կլոր Սեղան` «25-Ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան  Յառաջիկայ Տասնամեակի Մարտահրաւէրները» Նիւթով

Հայոց Բանակի 25-Ամեակի Նշում` Ֆանար-Լէյլաւանի Մէջ. Կլոր Սեղան` «25-Ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան Յառաջիկայ Տասնամեակի Մարտահրաւէրները» Նիւթով

Երէկ` ուրբաթ, 3 փետրուար 2017-ին, հայոց բանակի 25-ամեակին նուիրուած յիշատակելի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպութեամբ: Ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ Լէյլաւանի հայութեան հոծ բազմութեան, հայոց բանակի բոլոր զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց, երեկոյեան ժամը 7:30-ին: Անկէ ետք բոլոր ներկաները ուղղուեցան Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի սրահ, ուր տեղի ունեցաւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը

Հինգշաբթի, 2 փետրուար 2017-ի առաւօտուն, մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ ընդունեց լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալաքը: Զօրավարին կ՛ընկերանային բանակային այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան երկրին ապահովութեան առնչուած հարցեր: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց լիբանանեան բանակին, որ աչալուրջ կը հսկէ երկրի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ շեշտեց Լիբանանը շրջանային վտանգներէ հեռու պահելու...

Վեր. Հայտոսթեան  Այցելեց «Ազդակ»

Վեր. Հայտոսթեան Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Հանդիպումը առիթ եղաւ ծանօթանալու «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 90-ամեակի ծրագիրներուն: Այս ծիրին մէջ շեշտուեցաւ Հայկազեան համալսարանի եւ «Ազդակ»-ի միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը: Վեր. Հայտոսթեան այցելեց նաեւ «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն, ծանօթացաւ այդտեղ կատարուած` «Ազդակ»-ի 90-ամեայ արխիւները...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը

Երկուշաբթի, 30 յունուար 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի իրավիճակը: Դեսպանը նաեւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ վեհափառ հայրապետին Դամասկոս եւ Հալէպ կատարած այցելութիւններով: Յայտնենք, որ դեսպան Մարթին Հութ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի անունով նամակ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին: Արտաքին գործոց...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ»  Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին.  Հայդուկապետ Քեռիին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին. Հայդուկապետ Քեռիին Նուիրուած Ձեռնարկ

Երէկ` երեքշաբթի, 31 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած` հայդուկապետ Քեռիին նուիրուած ձեռնարկը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ճորճ Կրպոյեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ պատահական չէ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկը` նուիրուած հայդուկապետ Քեռիին. անիկա հետեւողականութիւն է...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Կը Մասնակցի Կաթողիկէ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ  Ոչ Քաղկեդոնական Եկեղեցիներու  Աստուածաբանական Երկխօսութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Կաթողիկէ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ Քաղկեդոնական Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան

21-28 յունուարի 2017-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 14-րդ հանդիպումը: Արեւելեան ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքին ներկայացուցիչներն են` Անտիոքի ասորի եկեղեցին, Հայ առաքելական եկեղեցին, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին, Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցին եւ Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցին: Հանդիպումը կայացաւ Պապական խորհուրդի Քրիստոնէական միութեան սատարող բաժանմունքին մէջ: Վերջին քանի մը տարիներուն յանձնախումբի հանդիպումներուն...

Նոր Հրատարակութիւն. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հեղինակութեամբ «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին)

Նոր Հրատարակութիւն. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հեղինակութեամբ «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին)

Անգլերէնով գրուած եւ 240 էջերու վրայ տարածուած Արամ Ա. կաթողիկոսին յիշեալ գիրքին նպատակն է, ինչպէս ինք կը յիշեցնէ գիրքին ներածականին մէջ, դարաւոր հայ եկեղեցին ծանօթացնել օտարներուն, ինչպէս նաեւ արեւմտեան երկիրներուն մէջ ապրող հայ երիտասարդութիւնը մօտէն հաղորդ դարձնել հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութիւններուն, արժէքներուն եւ դաւանանքին: Վեհափառ հայրապետը փորձած է որոշ չափով հեռու մնալ ակադեմական վերլուծումներէ եւ ժողովրդային մօտեցումներէ` փորձելով առաւելագոյն չափով...

Ըստ «Կալֆ Նիուզ»-ի.  Պուրճ Համուտի Մէջ Իգական Սեռի  Ոստիկաններու Պաշտօնավարութիւնը`  Լարուածութեան Մեղմացման Ազդակ

Ըստ «Կալֆ Նիուզ»-ի. Պուրճ Համուտի Մէջ Իգական Սեռի Ոստիկաններու Պաշտօնավարութիւնը` Լարուածութեան Մեղմացման Ազդակ

«Կալֆ նիուզ», անդրադառնալով վերջին քանի մը ամիսներուն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ գործադրուած` իգական սեռի ոստիկաններ պաշտօնի կոչելու որոշումին, կը գրէ, թէ Լիբանանի քաղաքապետութիւններուն մէջ առնուած այս իւրայատուկ քայլը զգալիօրէն մեղմացուցած է «լարուած մթնոլորտը» այն իմաստով, որ տղամարդիկ սկսած են գետնի վրայ աւելի հանդարտ եւ զգուշ վարուիլ իգական սեռի ոստիկաններուն հետ: Անդրադառնալով Պուրճ Համուտի բնակչութեան ներկայ վիճակին` Սուրիոյ պատերազմին բերումով սուրիացի...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի դեկտեմբերի 26-ի թիւ 1201-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի  քաղաքացիութիւն. 16799, 16803, 16800, 16787, 16765, 16767, 16766, 16775, 16805, 16710, 16755, 16714, 16733, 16746, 16688, 16722, 16804, 16768, 16806, 16708, 16816, 16700, 16789, 16779, 16726, 16759, 16760, 16640, 16812, 16736, 16738, 16737, 16785, 16764, 16778, 16724,...

Այնճարի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  126-Ամեակի Տօնակատարութիւն.  Շահան Գանտահարեան. «Դաշնակցութիւնը  Փորձառութիւն Ունի Փայլուն  Կատարողականութեամբ Ազգ-Բանակ Կերտելու»

Այնճարի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-Ամեակի Տօնակատարութիւն. Շահան Գանտահարեան. «Դաշնակցութիւնը Փորձառութիւն Ունի Փայլուն Կատարողականութեամբ Ազգ-Բանակ Կերտելու»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 29 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան Նահատակաց յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակի զետեղում` ի յիշատակ ՀՅԴ շարքերէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներուն եւ հայոց բանակի զոհուած զինուորներուն: Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեցին գիւղի հոգեւոր հայրերը` նախագահութեամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի: Ներկայ էին «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Կը Մասնակցի «Կրօններու Դերը Համաշխարհային  Խաղաղութեան Հաստատման Մէջ» Համագումարին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի «Կրօններու Դերը Համաշխարհային Խաղաղութեան Հաստատման Մէջ» Համագումարին

Երեքշաբթի, 24 յունուար 2017-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ  միջազգային համագումար մը, «Միաստուածեան կրօններու դերը համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման մէջ» նիւթով: Համագումարը կազմակերպուած էր Սուրիոյ Կրօններու նախարարութեան` «Աուքաֆ»-ի  եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային բաժանմունքին կողմէ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն, Իրանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն մտաւորականներ, կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում.  Հրանդ Մարգարեան. «Ազգային Ժողովի Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Ունին Համահայկական Նշանակութիւն»

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում. Հրանդ Մարգարեան. «Ազգային Ժողովի Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Ունին Համահայկական Նշանակութիւն»

Յակոբ Բագրատունի. «Մեր Քաղաքական Առաջադրանքն Է Վերականգնել Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը» «Պաշտօնապէս Կը Յայտարարենք Մեր Ինքնութեան Ամրագրման Նպաստող Ժողովրդային Ֆոնտերու Հաստատումը» «Պիտի Չարտօնենք, Որ Հաւաքական Չարիքը Շարունակէ Հարուածել Մեր Երիտասարդութիւնը» Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր հաստատուն կառոյցով, գաղափարական խոր աւանդով եւ աշխարհահայեացքով իր 126-ամեակը բոլորեց: Ան մէկ դար եւ քառորդ, շնորհիւ իր գաղափարախօսութեան եւ ռազմավարութեան, զերթ կաղնի մը հաստաբուն դէմ դրաւ փչող...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Ցաւակցագիր Մը Յղեց Իտալիոյ Կառավարութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լափշինի Հարցով Դատապարտագիրներ Յղեց Սուրիոյ Մէջ Պիելոռուսիոյ Դեսպանատան Եւ Այլ Երկիրներու Լիբանանի Մէջ Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ յայտնի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու Պիելոռուսիոյ ընդհանուր դատախազութեան որոշումին դէմ դատապարտագիրներ յղեց Սուրիոյ մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպանատան, Լիբանանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, Լիբանանի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախագահող Աւստրիոյ դեսպանին, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչին: Մարմինը...

Յայտարարութիւն.  Ազգային Բանակը` Փրկութեան  Եւ Միութեան Ջահակիր

Յայտարարութիւն. Ազգային Բանակը` Փրկութեան Եւ Միութեան Ջահակիր

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախ աշխարհի փրկութեան, պահպանութեան եւ պաշտպանութեան երաշխիքը կը հանդիսանայ ազգային բանակը` իր ուժականութեամբ եւ հզօրութեամբ, իր մարտունակութեամբ եւ ռազմավարութեամբ: Ասոր համոզուած պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայորդի, ուր որ ալ գտնուի, ինչ գաղափարի ալ պատկանի, պարզապէս անոր համար, որ միայն ազգային բանակը կրնայ դառնալ հայրենիքի անվտանգութեան եւ ապահովութեան հաստատուն գրաւականը, ապա` հայ ժողովուրդին միասնութիւնը եւ միասնականութիւնը երաշխաւորող կռուանը:...

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Հայոց Բանակի 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Բանակի 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի 27 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները` նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն եւ ծաղիկներ զետեղեցին արցախեան պատերազմին զոհուած  ազատամարտիկներու շիրիմներուն: Այնուհետեւ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հայոց բանակի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ` հայրենադարձ ազատամարտիկներու, սփիւռքահայ ներկայ զինուորական ծառայողներու, պետական պաշտօնեաներու, համահայկական կառոյցներու երեւանեան գրասենեակներու, ինչպես նաեւ սուրիահայերու աջակցութեան հարցերով զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:...

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Շնորհահանդէս  Նուիրուած «Տարեգրութիւն Հայ Աւետարանական  Բեթէլ Վարժարանի, 1923-2013» Յուշամատեանին

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Շնորհահանդէս Նուիրուած «Տարեգրութիւն Հայ Աւետարանական Բեթէլ Վարժարանի, 1923-2013» Յուշամատեանին

Հինգշաբթի, 26 յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեգրութիւն Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի,1923-2013» յուշամատեանին շնորհահանդէսը: Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ արժեւորեց յուշագրական գրականութեան դերակատարութիւնը, յատկապէս այսօր, երբ բազմաթիւ վտանգներ կը սպառնան Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն: Ան նկատել տուաւ, որ արխիւներու չգոյութեան պատճառով, հաւաքական յիշողութիւնը կորուստէ փրկելու միջոցները...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Ցաւակցագիր Մը Յղեց Իտալիոյ Կառավարութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ Լափշինը Ազրպէյճանին Արտայանձնելու Պիելոռուսիոյ Որոշումը

Պիելոռուսիոյ կողմէ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան եւ զայն Ազրպէյճանին արտայանձնելու որոշումին լոյսին տակ, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը հրապարակեց հետեւեալ դատապարտագիրը. 20 յունուար 2017-ին Պիելոռուսիոյ ընդհանուր դատախազի տեղակալը որոշում տուաւ բաւարարելու Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան դիմումը` Ալեքսանտր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու վերաբերեալ: Ազրպէյճան որոշած է քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել Լափշինը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելուն, հրապարակաւ անոր անկախութեան ճանաչման զօրակցելուն...

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի  Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Իրաք  Եւ Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  Առաջնորդանիստ Եկեղեցին

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Իրաք Եւ Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցին

20 յունուարին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակութիւնը այցելեց Իրաք, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Մաասումի եւ վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ, որոնք շեշտեցին Իրաքի քրիստոնեաներուն դերը երկրի զարգացման մէջ, մանաւանդ մշակութային, գիտական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակութիւնը կը նախագահէր Օլաֆ Վիքս Թֆանիթ: Պատուիրակութիւնը յոյս յայտնեց, որ  իր տարած աշխատանքին արդիւնքը կ՛ըլլայ երկրին մէջ բարելաւուած մթնոլորտի մը ստեղծումը...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Պաշտօնական Այցելուները

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պաշտօնական Այցելուները

26 յունուար 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական այցելուներու շարքին յաջորդաբար ընդունեց. - Լիբանանեան բանակի հրամանատարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած երկու զօրավարներէ եւ մէկ գնդապետէ, որոնք եկած էին իրենց բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումը կեդրոնացաւ առաւելաբար Լիբանանի ներքին ապահովութեան առնչուած հարցերու վրայ: - Ժիպէյլի քաղաքապետը, որ եկած էր խորհրդակցելու վեհափառ հայրապետին հետ «Թռչնոց բոյն»-ին առնչուած կարգ մը ծրագիրներու եւ...

Page 276 of 365 1 … 275 276 277 … 365

Արխիւներ