Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ. Տեղի Ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Փետրուար 11, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի «Մեսրոպ Աշճեան» գիտական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած` «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» արխիւային փաստաթուղթերու բազմահատոր ժողովածուի 12-րդ հատորին շնորհահանդէսը:

Ներկայ էին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեան եւ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, Ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, Ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, Ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, պատմաբաններ, կուսակցական եւ մշակոյթի գործիչներ:

Այս առիթով արտասանած իր  խօսքին մէջ Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ Երուանդ Փամպուքեան կատարած է հսկայական աշխատանք` պատմաբաններուն տրամադրելով պատմագիտական հարուստ նիւթ, ինչ որ իբրեւ անհերքելի սկզբնաղբիւր ունի նաեւ քաղաքական մեծ արժէք, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատելու առումով:

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուդինեան ներկայացուց Դաշնակցութեան արխիւի կազմութիւնն ու անոր անցած ուղիին ոդիսականը` շեշտելով, որ կուսակցութեան առաջնորդներէն մէկուն` Ռոստոմի կատարած առաջին քայլերէն սկսեալ եւ անոր հետեւած միւս երախտաւորներուն ունեցած կարեւոր ներդրումէն ետք Երուանդ Փամպուքեան այս գործի արժանաւոր շարունակողն է: Ան նշեց, որ այդ արխիւները դժուար եղած է պահպանել, եւ Փամպուքեան հսկայական աշխատանք տարած է` զանոնք հաւաքելով եւ ընթերցողին ներկայացնելով: «Այս գիրքը կը կոչուի «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», բայց իսկութեան մէջ անիկա 1890-1915 թուականներու հայոց պատմութեան առաջնակարգ եւ կարեւոր սկզբնաղբիւրներու ժողովածուն է», շեշտեց ան: Այնուհետեւ ողջոյնի խօսք արտասանեցին, զեկուցումներով հանդէս եկան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Էդիկ Մինասեան, ՀՅԴ պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անուշ Ամսէեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան: Վերջինս Երուանդ Փամպուքեանին յանձնեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին սահմանած «Ճէյմս Պրայս»-ի անուան ոսկի յուշամետալը:

Աւարտին իր խօսքը արտասանեց բազմահատոր ժողովածուի խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան:

Լուսանկարները`
ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

 

Նախորդը

Հայկ Դեմոյեան Պարգեւատրած Է «Ազդակ»-ի Գլխաւոր Խմբագիր Շահան Գանտահարեանը

Յաջորդը

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2017 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?