Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Մտաւորական Արա Արծրունին

Փետրուար 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 փետրուար 2017-ին, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, միաբան հայրերու, գրագէտ-մտաւորականներու, բարեկամներու եւ գրասէր հանրութեան ներկայութեան, Անթիլիասի վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներու վաստակ ունեցող մտաւորական, վիպագիր եւ թատերագիր Արա Արծրունին:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հայ գրականութեան անդաստանին մէջ Արա Արծրունիի ունեցած ներդրումին:

Դպրեվանքի դասախօս Կարօ Յովհաննէսեան լայնօրէն խօսեցաւ Արա Արծրունի մտաւորականին եւ անոր գրական  վաստակին մասին: Արա Արծրունի անձին մասին խօսելով ան ըսաւ, թէ ան «խիզախ կեցուածք ունեցող մտաւորական է եւ ճիշդ անոր համար է, որ մտաւորական է»:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ «Արա Արծրունի անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն հայ ժողովուրդին, յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ իր գրիչով ու խօսքով եղաւ մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն, սկզբունքներուն եւ ձգտումներուն յուշարարն ու առաքեալը: Եղաւ ճշմարտութեան եւ արդարութեան անվեհեր պաշտպանն ու քարոզիչը: Մեր համայնքին մէջ ունեցաւ իր ծառայական ներդրումը` մասնակից դառնալով ազգային, տնտեսական, մշակութային ու կրթական մարմիններու, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ համայնքային ծրագիրներու իրագործման»: Խօսքի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց Արա Արծրունիի կուրծքը` առ ի գնահատանք անոր գրական բեղուն վաստակին:

Ապա պարգեւատրեալը շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին:

Յայտնենք, որ շուտով Անթիլիասի տպարանէն լոյս պիտի տեսնէ Արա Արծրունիի «Ծուէններ» վէպը:

Նախորդը

«Այբ Թու Զետ» Արուեստի Ակադեմիայի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?