Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Մեր Կեանքին Օրինակով Ուղղութիւն Տանք Մեր Զաւակներուն» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Փետրուար 14, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 13 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Ան ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնը այն առիթն է, որուն ընդմէջէն կը նշենք Քրիստոսի տաճար ընծայման դէպքը, թէ ինչպէ՛ս երբ ան 40 օրուան մանուկ եղաւ, իր ծնողները զինք տաճար տարին, որպէսզի Աստուծոյ ընծայեն: Այս առիթով մեր եկեղեցին մեզի կը յուշէ, որ մեր ծնողները գիտակցին` թէ իրենց սրբազան պարտականութիւնն է իրենց զաւկին առաջին քայլերը ուղղել եւ ճիշդ  ճամբու մէջ զետեղել` անոր սորվեցնելով այն եղանակը, որ վայել է  բարեպաշտ ընտանիքի մը համար, որ կը ցանկայ իր զաւակը տեսնել կեանքի ճանապարհներուն վրայ գիտակից յառաջընթացի մէջ:

«Մենք, որ այսօր կը տագնապինք մեր զաւակներուն համար, պէտք է անդրադառնանք, որ գլխաւորաբար մենք ենք պատասխանատուները իրենց քայլերուն: Եթէ անոնց աստուածապաշտութիւն սորվեցնենք եւ զանոնք իբրեւ աստուածավախ դաստիարակենք, իրաւունք ունինք յուսալու, որ անոնք ըլլան Աստուծոյ մօտիկ եւ ընկերութեան մէջ իրենց կեանքը վարեն պարկեշտօրէն», շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է մեր կեանքին օրինակով ուղղութիւն տանք մեր զաւակներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր հոգիները լոյսէ կը պարպուին, որովհետեւ երեւոյթներով լեցուած մեր աշխարհը մեզ հոգեպէս կը պարպէ` մեր ուշադրութիւնը ուղղելով դէպի աշխարհիկ ժամանակաւոր երեւոյթներ, որոնք արժէք չեն ներկայացներ` աւելցնելով, որ արժէքը ճշմարիտ այն լոյսն է, որ երկինքէն կու գայ: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց բոլորին, որ արդի աշխարհի կեանքի պայմաններուն մէջ անդրադառնան, որ առանց Աստուծոյ պիտի չյաջողին մնալ պատնէշի վրայ եւ որոշ մտահոգութիւններու եւ նեղութիւններու դիմաց անպայման պիտի ընկճուին:

«Հաւաքուած ենք նշելու Տեառնընդառաջը, որ լոյսով, խարոյկով նշած է մեր ժողովուրդը անցնող բոլոր դարերուն», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ լոյսը մեր ժողովուրդին համար նախաքրիստոնէական օրերէն սկսեալ պաշտամունքի առարկայ է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը անդրադարձած է, որ այնպէս, ինչպէս աշխարհին համար լոյսը անհրաժեշտ է, այդ մէկը անհրաժեշտութիւն է նաեւ հոգեւոր կեանքին համար, որպէսզի լոյսով մեր հոգիներու ծալքերը  լուսաւորուին, խաւարը հեռանայ մեր կեանքերէն, եւ մենք լուսաւոր պայմաններու մէջ տեսնենք բոլոր նեղութիւնները:

Առաջնորդ սրբազանը նաեւ թելադրեց, որ պարզ աւանդութեան մը հետեւողութեամբ չնշենք հայ եկեղեցւոյ մէջ նման  սրբազան առիթները, այլ` անոնց ետին գտնուող հոգեւոր դասը քաղենք մեր կեանքին համար, որպէսզի մենք ալ մեր դժուարութեանց մէջ զԱստուած մեզի հետ ունենանք եւ այդ յոյսով լուսաւորենք մեր հոգիին թաքուն ծալքերը, դառնանք պիտանի արարածներ մարդկային ընկերութեան համար:

«Ձեր զաւակները եկեղեցի առաջնորդեցէք, զանոնք նուիրեցէք սրբազան նպատակներու: Անոնց առաջին քայլերը դո՛ւք ուղղեցէք: Օրինակ եղէք իրենց համար, որպէսզի ձեր օրինակին հետեւելով անոնք հասակ առնեն եւ մեր ընկերութեան մէջ դառնան լուսաւոր արարածներ, ըլլան փայլուն դէմքեր, որոնց հոգիներուն մէջ Աստուած հաստատուի` զիրենք առաջնորդելու համար այն յոյսերուն, երազներուն եւ իտէալներուն, որոնց համար մեր ժողովուրդը իր կեանքը վարեց եւ կը շարունակէ վարել», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը:

 

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Պըրրի Յանձնառու Է Բազմազանութեան Պահպանումին» Շեշտեց Ժոմպլաթ

Յաջորդը

Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 13, 2025
Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Անթիլիաս
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?