Գաղութային

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի  Նորագոյն Գիրքին Ներկայացումը

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի Նորագոյն Գիրքին Ներկայացումը

Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, ուրբաթ, 24 փետրուար 2017-ի երեկոյեան  ժամը 7:00-ին, Ժըմէյզէի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երախտաշատ հայագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նորագոյն հատորին` «Արմինիըն Քոմիունիթիզ Աֆ Տը Նորթիսթըրն Մետիթըրենիըն. Մուսա Տաղ, Տէօրթ Եոլ էնտ Քեսապ» գիրքին ներկայացումը: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը` անդրադառնալով անոր վաստակին`...

Մեր Ընթերցողներուն

Մեր Ընթերցողներուն

Այս տարի «Ազդակ»-ը կը թեւակոխէ իր 90-ամեակը։ Տարբեր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու կողքին, այս առիթով կազմուած խմբագրական խորհուրդը փորձ մը կը կատարէ հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր «Ազդակ»-ի խմբագրութեան մաս կազմած, թերթին մէջ տարբեր պաշտօններ վարած, յօդուածներ ստորագրած եւ էջեր պատրաստած գործակիցներու անուանացանկը կազմել։ Յաւակնութիւն չունինք ըսելու, որ ցարդ կազմուած ցանկը ամբողջական է, սակայն մեր կարելին ըրինք` կապ հաստատելով նաեւ տարբեր տարիներու...

Մամլոյ Յայտարարութիւն

Մամլոյ Յայտարարութիւն

Եւրոպայի Երիտասարդութեան Ներուժի Համախմբման Լաւագոյն Առիթ Հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի Երիտասարդական Առաջին Հաւաքը Վիեննայի Մէջ 17-19 փետրուար 2017-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի երիտասարդական հաւաքը, որուն մասնակցութիւն կը բերէին Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Հայաստանէն, Պելճիքայէն, Յունաստանէն, ինչպէս նաեւ ԵրուսաղԷմէն ժամանած 60 ՀՄԸՄ-ական երիտասարդներ: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող եւ ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղի վարչութեան...

Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Հանդիսաւոր Նշում

Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Հանդիսաւոր Նշում

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Աւարայրը Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ Դարձաւ Մնայուն Ներկայութիւն` Հայաստանէն Կիլիկիա Եւ Կիլիկիայէն Սփիւռք» Երեսփոխան Բագրատունի. «Կը Վստահեցնենք, Որ Յաջորդ Վարդանանցին Գաղութի Դիմագիծի Պահպանման Գծով Մեր Խոստումներուն Կարեւոր Մէկ Մասը Իրականութիւն Պիտի Ըլլայ»   Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով` հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբութեան մթնոլորտ կը տիրէր: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին շրջան հասաւ Մեծի...

Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողով.  Սրբոց Վարդանանց Տօնին Նուիրուած  Հրապարակային Հանդիսութիւն

Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողով. Սրբոց Վարդանանց Տօնին Նուիրուած Հրապարակային Հանդիսութիւն

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, երէկ` ուրբաթ, 24 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնին նուիրուած հրապարակային հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երսեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, Հայաստանի դեսպանատան կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեանի, Ազգային երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան,...

Յայտարարութիւն

62.000 Ամերիկեան Տոլարի Նուիրահաւաք` Ի Նպաստ ԼՕԽ-ի Ծրագիրներուն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին  «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպած տարեկան  ճաշկերոյթի ձեռնարկը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Ձեռնարկը իրագործուեցաւ շնորհիւ   ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեան, Ալիս Պօղոսեանի նախագահութեան եւ   յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպութեան: Մեծաթիւ ներկաներ, ըլլան անոնք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, դեսպանատուներու, միութիւններու, քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ի բարեկամներ թէ խաչուհիներ` հաւատալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ բարեսիրական գործին, անգամ մը եւս իրենց ներկայութեամբ...

Սեդրակ Սարգիսեան Պարգեւատրուեցաւ  Նախագահութեան  Արծաթեայ Արժանեաց Շքանշանով

Սեդրակ Սարգիսեան Պարգեւատրուեցաւ Նախագահութեան Արծաթեայ Արժանեաց Շքանշանով

Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն, գնահատելով «թմբուկի թագաւոր» Սեդրակ Սարգիսեանի վաստակը արուեստի մարզին մէջ, զայն պարգեւատրեց նախագահական արծաթեայ Արժանեաց շքանշանով: Շքանշանը հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն յանձնեց հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, չորեքշաբթի օր Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուած Սարգիսեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին:  

Վերաբացում Հայ Սեւ Գօտիներու  Միութեան Մարզական Կեդրոնին

Վերաբացում Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Մարզական Կեդրոնին

Երէկ` ուրբաթ, 24 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան (ԱՊՊԱ) մարզական կեդրոնի վերաբացումը միութեան կեդրոնին մէջ` Պուրճ Համուտ, հովանաւորութեամբ` Մեթնի քաղաքապետութեանց համախմբումի նախագահ Միրնա Մըրի: Կեդրոնի վերաբացման հանդիսութեան ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխաններ էտկար Մաալուֆ եւ Նեպիլ Նիքոլա, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Ժտէյտէի քաղաքապետ...

Կոչ Զօրակցութեան

Կոչ Զօրակցութեան

Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, կոչ կ’ուղղենք ամբողջ լիբանանահայութեան` թելադրելով, որ հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, Լիբանանի ամբողջ տարածքին փակ պահուին հայկական բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները, որպէսզի մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունենալիք սուրբ պատարագին ու պաշտամունքին բերելիք մեր մասնակցութեամբ, նոր կեանք տանք Սրբոց Վարդանանց նահատակներու սրբազան կտակին եւ մեր հաւատարմութեամբ մեծարենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար արիաբար նահատակուեցան:...

Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ  Ժողովրդապետութիւն.  Սրբոց Վարդանանց Հանդիսաւոր Տօնահանդէս

Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն. Սրբոց Վարդանանց Հանդիսաւոր Տօնահանդէս

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 22 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց հանդիսաւոր տօնահանդէս: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց Դալար Աթեշեան, որ նշեց, թէ այսօր յիշատակի տօնն է այն հերոսին, որ ճակատեցաւ...

«Սուտաստանի Վհուկ Շլապլան»  Թատերախաղի  Աշակերտական Ներկայացում

«Սուտաստանի Վհուկ Շլապլան» Թատերախաղի Աշակերտական Ներկայացում

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութիւնը ծրագրած է մանկապատանեկան թատերախաղերու բեմականացման գործին: Առ այդ,  առաջին հերթին, համագործակցաբար «Հայկական Շրջուն թատերախումբ»-ին, կը ներկայացնէ Վաչէ Ատրունիի հեղինակած «Սուտաստանի վհուկ Շլապլան» միարար թատերախաղը` բեմադրութեամբ գաղութի ճանչցուած բեմադրիչ Լանա Քոչարեան - Ատրունիի, մասնակցութեամբ հանրածանօթ դերակատարներ` Լինտա Մկրտիչեանի, Այտա Սրապոնեանի, Քրիսթին Սրապոնեանի, Հրակ Մկրտիչեանի եւ Սէրուժ Յովսէփեանի: Արդարեւ, երէկ` 22 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հայկական...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց Արցախի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Երկուշաբթի, 20 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու շուրջ հանրաքուէ մը, որուն հետեւեցան 30-է աւելի երկիրներէ 104 դէտեր, 103 տեղական դէտեր եւ 80-է աւելի լրատուամիջոցներ: Մասնակցութեան համեմատութիւնն էր 76,44 առ հարիւր: Հանրաքուէի դէտերէն Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկել 21 փետրուարին...

Ցեղասպանութեան 50-ամեակի  Կրծքանշանը` «Ազդակ»-ին

Ցեղասպանութեան 50-ամեակի Կրծքանշանը` «Ազդակ»-ին

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով, բժիշկ Յարութիւն Նագուլեան «Ազդակ»-ին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ պատրաստուած լոկօ-կրծքանշանը, զոր կը կրէին ժողովրդային ցոյցերու կազմակերպիչները: Թանգարանային իրի նշանակութիւն ունեցող այս խորհրդանիշը գործն է հայրենի գեղանկարիչ Ռուբէն Յովնաթանեանի:

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  «Գուրգուրանք Մայրենիին»  Խորագիրով Ձեռնարկ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. «Գուրգուրանք Մայրենիին» Խորագիրով Ձեռնարկ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գուրգուրանք մայրենիին» խորագիրով ձեռնարկ մը` Հայաստանի մէջ 21 փետրուարի` «Մայրենիի օր» հռչակման առիթով: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հայ ժողովուրդին համար լեզուն ուղղակիօրէն առնչուած է հայեցի դաստիարակութեան եւ...

Մեր Կորուստները.  Ոչ Եւս Է «Թմբուկի Թագաւոր»  Սեդրակ Սարգիսեան

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է «Թմբուկի Թագաւոր» Սեդրակ Սարգիսեան

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ հանրածանօթ թմբկահար, արաբական աշխարհին մէջ մեծ համբաւ վայելող Սեդրակ Սարգիսեան: Սեդրակ Սարգիսեան եղած է Լիբանանի Արհեստավարժ երաժիշտներու սենտիքայի փոխնախագահը: Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, մասնաւորաբար լիբանանեան երաժշտութեան ոսկեդարուն, մնայուն ընկերակիցը եղած է երգարուեստի մարզին մէջ իրենց դրոշմը դրած հռչակաւոր աստղերուն: Սեդրակ Սարգիսեան լիբանանեան եւ արաբական երաժշտական լայն շրջանակներուն կողմէ ճանչցուած էր իբրեւ «թմբուկի թագաւոր»: Յայտնենք, որ...

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ` մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբաններու եւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն, կատարուեցան գիշերային եւ առաւօտեան զոյգ ժամերգութիւնները: Աղօթասացութենէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականներուն կոչումը լուսարձակի տակ առնող համագումար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր: Օրուան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Արեւելքի Քրիստոնեաները»  Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Արեւելքի Քրիստոնեաները» Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչը

Երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Ֆրանսական «Արեւելքի Քրիստոնեաները» կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի տնօրէնը` խորհրդակցութիւն ունենալու ընդհանրապէս քրիստոնէական ներկայութեան առնչուած խնդիրներու եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններու գծով: Տասնամեակներ առաջ հաստատուած յիշեալ մարդասիրական կազմակերպութեան նպատակն է օգտակար հանդիսանալ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ծրագիրներուն` շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքները աւելի կազմակերպելու եւ անոնց վկայութիւնը աւելի...

Ազգային Վարժարաններու Աշակերտական  Վարդանանց Տօնակատարութիւն

Ազգային Վարժարաններու Աշակերտական Վարդանանց Տօնակատարութիւն

«Վարդաններու Ոգին Այսօր Եւս Ներկայ Է Արցախի Մէջ, Ուր Հայ Զինուորները Միեւնոյն Զոհաբերութեամբ  Կը Շարունակեն Հայրենիքի Ու Հաւատքի Պայքարը» Հաստատեց Սարգիս Քհնյ. Սարգիսեան Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան երէկ` երկուշաբթի, 20 փետրուար 2017-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկ: Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային Լեւոն...

«Վանայ Ձայն»-ին Նախաձեռնած Հայոց Պատմութեան Մրցանակի Աւարտական Փուլ

«Վանայ Ձայն»-ին Նախաձեռնած Հայոց Պատմութեան Մրցանակի Աւարտական Փուլ

Կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն»-ին, երրորդ տարին ըլլալով, շաբաթ, 18 փետրուար 2017-ին «Վանայ Ձայն»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ 8-րդ դասարանի աշակերտներու յատուկ հայոց պատմութեան մրցանքի աւարտական փուլը, որուն ընթացքին առաջին հանդիսացաւ Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանը, իսկ 2-րդ` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը: 3 դեկտեմբեր 2016-ին ընթացք առած յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 վարժարաններ` Վահան Թէքէեան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ....

Հայաստանէն Առաքուած Մարդասիրական  Երկրորդ Օժանդակութեան  Առաջին Բաժինը Հասաւ Հալէպ

Հայաստանէն Առաքուած Մարդասիրական Երկրորդ Օժանդակութեան Առաջին Բաժինը Հասաւ Հալէպ

ՊԵԹԻ ՔԻԼԵՐՃԵԱՆ Կիրակի, 19 փետրուար 2017-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Հայաստանի ժողովուրդէն Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին» խորագիրը կրող Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական երկրորդ օժանդակութեան առաջին բաժինը հասաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի` ռուսական զինուորական բեռնակառքերով: Օժանդակութիւնները ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, ներկայութեամբ` փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեանի, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչներ վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի,...

Page 274 of 365 1 … 273 274 275 … 365

Արխիւներ