Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ. Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Սարգիս Եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ

May 20, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են Աւստրալիայէն տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեանները:

Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեան ամոլը ծանօթ ու ճանչցուած անուն մըն է ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ շրջանին համար:

Սարգիս Տէր Պետրոսեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ է: 1999-2007 ան երկու շրջան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Արժանացած է ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց» շքանշանին` 12 հոկտեմբեր 2013-ին: Ան արժանացած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Արտակարգ» պատուանշանին` 6 դեկտեմբեր 1995-ին:

Սարգիս Տէր Պետրոսեան ծնած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) եւ փոքր տարիքէն անդամակցած է «Կամք մարմնամարզական եւ հայ հետազօտիչներու ընկերակցութեան ակումբ»-ին (այժմ` ՀՄԸՄ-«Կամք»)` իբրեւ գայլիկ, ապա` սկաուտ, բարձրանալով սկաուտական գրեթէ բոլոր աստիճանները, մինչեւ խմբապետութիւն, միաժամանակ հետեւելով կարգ մը մարզաձեւերու: 1964-ին ան կը տեղափոխուի Աւստրալիա եւ կը հաստատուի Սիտնիի արեւելեան շրջանը: Կ՛անդամակցի ՀՄԸՄ-ի Սիտնիի այդ օրերու նորակազմ մասնաճիւղին, որ ներկայիս կը կոչուի «Անդրանիկ» մասնաճիւղ: 1968-ին կը կազմէ ընտանեկան իր բոյնը` Ալիս Միրզայեանի հետ: Կը բախտաւորուին երկու զաւակով` Մակի եւ Աւօ, կը հարստանան երեք թոռներով:

1965-1981 Սարգիս Տէր Պետրոսեան ՀՄԸՄ-ի «Անդրանիկ» մասնաճիւղին մէջ ստանձնած է վարչական եւ յանձնախմբային պատասխանատու զանազան պաշտօններ: 1981-ին Սիտնիի արեւելեան շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած ՀՄԸՄ-ական խումբ մը եղբայրներու հետ կը հիմնէ «Կամք» մասնաճիւղը եւ կը յաջողի հաւաքավայր մը ապահովել մասնաճիւղի աշխատանքներուն համար: Ան երկար տարիներ ձեռնհասօրէն կը վարէ «Կամք» մասնաճիւղի ատենապետութեան պաշտօնը եւ 1995-1997 կը ստանձնէ ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետի պաշտօնը:

Տէր Պետրոսեան ջերմ ջատագովը եղած է ու կը մնայ նորահաս սերունդի հայապահպանութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան անփոխարինելի աւանդին` իր կնիքը դրոշմելով Համազգայինի Գոլստըն Ճեմարանի ազնուասիրտ բարերարներու շարքին:

Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն նախագահութիւնը ստանձնելով պատուաբեր նոր էջով մը կը հարստացնեն իրենց միութենական նուաճումները:

ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Զինադուլի Հսկողութեան Այլընտրանքային Մեքանիզմի Առաջին Կիրարկումը

Յաջորդը

Պաուշրիէի Հայութեան Հետ Ունեցած Հանդիպումին Ընթացքին Յակոբ Բագրատունի Հաստատեց, Որ ՀՅԴ-ին Պարտքն Է Ծառայել Ժողովուրդին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.