Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եկեղեցին Պէտք Է Պայծառացնենք, Որպէսզի Եկեղեցիով Մենք Պայծառանանք». Քուէյթահայութեան Պատգամեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

Մայիս 20, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ուրախացի՛ր, ծարաւ անապատ: Անապատը պիտի ցնծայ եւ պիտի ծաղկի շուշանի պէս»: Մարգարէական այս տողերը թարգմանը հանդիսացան քուէյթահայութեան անսահման ցնծութեան ու հոգեփոխութեան, երբ ուրբաթ, 19 մայիս 2017-ին, համայնքային կեանքը ծաղկազարդուեցաւ նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ օծման արարողութեամբ` ձեռամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Քուէյթի գաղութի ոսկեմատեանին մէջ անկիւնադարձային թուական մը արձանագրելով:

Երկամեակ մը առաջ Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանն ու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին դատարկելու եւ կալուածատիրոջ յանձնելու ահազանգը ուժգնօրէն հնչեց քուէյթահայութեան կեանքին մէջ, եւ սեփական եկեղեցի մը ունենալու առաջնահերթութեան գաղափարը կեանքի կոչուեցաւ բաւական ծանր պայմաններու մէջ, սակայն շնորհիւ համայնքի հաւաքական կամքին ու  քրտնաջան աշխատանքին, այսօր քուէյթեան անապատը ծաղկեցաւ իր հոգիի տաճար Ս. Վարդանանց եկեղեցիով:

Եկեղեցւոյ շինութեան իրենց կարեւոր նպաստը բերին տէր եւ տիկին Անուշաւան Նազարեան,  տէր եւ տիկին Ֆիլիփ Փաթաթանեան, Մելիքսէթեան ընտանիք, Կիրակոս Տարագճեան, տէր եւ տիկին Սեմի Տարեան, տէր եւ տիկին Սեւակ Արծրունի, տէր եւ տիկին Զարեհ Յակոբեան, տէր եւ տիկին Գրիգոր Պետիրեան, տէր եւ տիկին Պետրոս Պետիրեան, տէր եւ տիկին Յակոբ Պէրպէրեան, տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ  Սիլվիա Սթանպուլեան, տէր եւ տիկին Մունիր Դարբինեան, տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Նուէր Սեփիլեան, տէր եւ տիկին Կոստանդին Մոմճեան, տէր եւ տիկին Պարգեւ Տեմիրճեան, ՀՕՄ ՔՄՄ, Յակոբ եւ Յարութ Պետիրեան եղբայրներ, Հինտոյեան ընտանիք, տէր եւ տիկին Պօղոս Այվազեան, տէր եւ տիկին Վիգէն Արսլանեան,  Թասլաքեան ընտանիք, Գրիգոր Թիւթիւնճեան, Անահիտ Պօղոսեան, տէր եւ տիկին Յարութ Զաքարեան, ՀՅԴ ՔՔԵՄ, ՀԴՊՄ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր եղբայրակցութիւն:

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր շուքով` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Օրուան պատարագիչն էր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Վեհափառ հայրապետին կողքին արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ գաւազանակիր Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան:

Յայտնենք, որ արարողութեան նաեւ ներկայ էին Քուէյթի եւ շրջակայից քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ Քուէյթի մէջ շարք մը երկիրներու դեսպաններ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Սէուտական Արաբիայէն ու Պահրէյնէն ժամանած ազգայիններ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Հանդիսաւոր թափօրով Արամ Ա. կաթողիկոս մուտք գործեց եկեղեցի, ու վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ սկիզբ առաւ օծման արարողութիւնը: Նախ վեհափառ հայրապետը օծեց եկեղեցւոյ Ս. խորանը, համաձայն հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան: Ապա օծեց եկեղեցւոյ մկրտարանը, որմէ ետք պատարագիչ սրբազան հայրը, առաջնորդ հայր սուրբին ուղեկցութեամբ, յաջորդաբար օծեց եկեղեցւոյ մայր դուռը եւ սիւները, որոնք նուիրուած էին առաքեալներուն եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն: Ապա, նորաօծ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Անդաստան»-ի արարողութիւն:

Օծման արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն`  ըսելով. «Անցնող տարիներուն Քուէյթի հայութիւնը դժուար պայմաններու մէջ զԱստուած պաշտեց, դժուար պայմաններու մէջ իր գաղութային կեանքը կազմակերպեց, շնորհիւ մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին, սիրոյն, միասնականութեան ու վճռականութեան: Ահաւասիկ դուք այս եկեղեցին եւ Ազգային առաջնորդարանը կանգնեցիք, որպէսզի ձեր հոգեւոր ու ազգային կեանքը իր բոլոր երեսներով ու արտայայտութիւններով ըլլայ աւելի կազմակերպ, աւելի կենսունակ»:

Վեհափառ հայրապետը` խօսքը ուղղելով քուէյթահայութեան, ըսաւ. «Եկեղեցին շէնքը չէ: Ինչ կ՛արժէ գեղեցիկ շէնք մը կառուցել, երբ անիկա դատարկ է: Ձեր ներկայութեամբ այս եկեղեցին եկեղեցի պիտի դարձնէք բառին վաւերական հասկացողութեամբ, ձեր մասնակցութեամբ դուք եկեղեցի պիտի դառնաք: Քրիստոնէական եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ազգային նկարագիր ստացած, դարձած է հայ եկեղեցի, եւ պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայ եկեղեցին ճակատագրական դեր կատարած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մեր եկեղեցւոյ հզօրութիւնը, մեր եկեղեցւոյ կոչումն ու առաքելութիւնը ծառայութիւն է Աստուծոյ եւ ժողովուրդին: Այսպէս կ՛ըմբռնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր հայրապետով, միաբանութեամբ եւ ժողովական կառոյցներով: Արդ, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր թեմերուն, առաջնորդներուն, Ազգային իշխանութիւններուն նուիրումով ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ա՛յս է եկեղեցւոյ ճշմարիտ կոչումը: Այս եկեղեցին ձեր  կեանքին մէջ պիտի դառնայ ծառայական ներկայութիւն: Պիտի բոլորուիք այս եկեղեցւոյ շուրջ, որպէսզի ձեր կեանքը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու կենսունակ:

Ահաւասիկ հրաշքի համազօր իրագործում մըն է,  որ տեղի ունեցաւ: Ձեր հոգեւոր ապրումներով ու հաւատքի զօրութեամբ պիտի պայծառացնէք այս եկեղեցին, որպէսզի եկեղեցիով դուք պայծառանաք»:

Աւարտին վեհափառ հայրապետը ողջունեց քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու,  դիւանագէտներու ու դեսպաններու ներկայութիւնը: Ապա յանուն Քուէյթի հայութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի իշխանին` ըսելով. «Իմ հոգեկան ուրախութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել, որ անգամ մը եւս կը գտնուիմ Քուէյթի այս օրհնեալ երկրին մէջ, ուր բոլոր քուէյթցիները, առանց կրօնական ու համայնքային խտրութեան,  կ՛ապրին խաղաղութեան մէջ, փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ: Նոյն այս մթնոլորտին մէջ կ՛ապրին հայ եկեղեցւոյ  զաւակները:  Անոնք իրենց աշխատանքով ու հաւատարմութեամբ գործօն մասնակցութիւն կը շարունակեն բերել Քուէյթի զարգացման ու ծաղկման: Այս առիթով ես իմ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Քուէյթի իշխան նորին վսեմութիւն շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահին` հայ համայնքին նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգածութեան եւ ընծայած կարելիութիւններուն համար»:

Կարելի է անվարան բարձրաղաղակել, որ «Ժողովուրդիս հետ, եկեղեցւոյս համար» նշանաբանով, Քուէյթի մէջ եկեղեցաշինութեան սրբազան գործը յառաջ տարուեցաւ եւ հասաւ իր պատուաբեր վախճանին` հիմնական յենարան ունենալով քուէյթահայութեան անընկճելի կամքն ու միասնական ոգին, որոնց մէկտեղումով այսօր բոլորիս երազանքը կեանքի կոչուեցաւ, եւ յիսնամեակէ մը աւելի կեանք ունեցող քուէյթահայ համայնքը արդէն տէրն ու տիրականն է սեփական հայկական եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի:

Յայտնենք, որ նոյն օրը առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեանի ու Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին:

 

Նախորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

Յաջորդը

Ակնարկ. Հասցէական Մեղադրանքներու Քաղաքական Շարժառիթը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?