Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պաուշրիէի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` շրջանի հայ բնակիչներուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի միջեւ:
Հանդիպումին սկիզբը Պաուշրիէի հայ բնակիչները ողջունեց «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ բացատրեց, թէ այս հաւաքին նպատակն է անդրադառնալ ընդհանրապէս լիբանանահայութիւնը եւ յատկապէս շրջանի բնակիչները յուզող հարցերուն, առկայ մտահոգութիւններուն ու շրջանի դժուարութիւններուն: Ան հաստատեց, որ այդ հաւաքը պարզապէս սկիզբն է այլ հանդիպումներու` դիտել տալով, որ ասկէ ետք իւրաքանչիւր չորեքշաբթի օր ակումբին մէջ ներկայութիւն պիտի ըլլայ կոմիտէն, որպէսզի պատասխանէ բնակիչներուն հարցումներուն, լսէ անոնց խնդիրները եւ փորձէ առաւելագոյն չափով լուծումներ գտնել անոնց: Րաֆֆի Տէմիրճեան շեշտեց, որ այս հանդիպումը կը միտի ամրապնդել ժողովուրդ-կուսակցութիւն, ժողովուրդ-կոմիտէ կապը` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային ակմբային կեանքը կ՛աշխուժանայ:
Ապա ակումբին մէջ համախմբուած Պաուշրիէի հայ բնակիչներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նախ լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայութեան առանցքային կարեւորութիւնը համայն հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն համար` աւելցնելով, որ այդ իրողութենէն մեկնելով առաջադրուած է լիբանանահայութեան ինքնութեան պահպանման խնդիրը: Ան նշեց, որ լիբանանահայութեան գոյատեւման առանցքը կը հանդիսանայ անոր բոլոր զաւակներուն միասնականութիւնը, հաւատքը հայկականութեան նկատմամբ, կառչածութիւնը մեր ինքնութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել հայկական մաքուր ու ազգային ոգին, որ պէտք է փոխանցուի յառաջիկայ սերունդներուն, որոնք մեր ապագայի երաշխիքն են: Այս ծիրին մէջ ան խօսեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնած ինքնութեան պահպանման ծառայող տարբեր ֆոնտերու մասին, որոնք տրամադրելի են համայն լիբանանահայութեան:
Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ կառչած կը մնայ ժողովուրդին հետ ըլլալու եւ անոր համար գործելու իր սկզբունքին` քաջ գիտնալով, որ արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ փոթորիկներուն դէմ կարելի է կանգնիլ, երբ հայութիւնը մէկ ուժեղ ճակատ է, եւ այն ատեն է, որ նաեւ կարելի կ՛ըլլայ շատ բաներ իրականութիւն դարձնել եւ դժուարութիւնը յաղթահարելով նուաճումներ արձանագրել:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ցաւով դիտել տուաւ, որ Պաուշրիէի ակումբը թէեւ 5 տարի առաջ բացուած է, սակայն ոչ մէկ զարգացում տեղի ունեցած է հոն` բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրելով այն երեւոյթին վրայ, որ բազմագոյն բնակիչներով լեցուն լիբանանեան շրջաններուն մէջ յատկապէս հայութիւնը առաւել եւս պէտք է կառչած մնայ իրարու եւ ակումբին, որովհետեւ կուսակցութիւնն ու ժողովուրդը իրարու հետ իսկական արժէք կը դառնան, կը զօրանան ու կը վերածուին անկոտրում ուժի: Ասկէ մեկնելով ան կոչ ուղղեց Պաուշրիէի հայ բնակիչներուն մնայուն ներկայութիւն ըլլալու ակումբին մէջ, զայն նկատելու իրենց տունը, հանգիստ կերպով արտայայտելու իրենց մտահոգութիւնները, խօսելու իրենց դժուարութիւններուն մասին` խոստանալով, որ շրջանի կոմիտէն առաւելագոյն ջանք ի գործ պիտի դնէ հարցերու լուծման ի խնդիր: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ակումբը միայն կուսակցականներուն չի պատկանիր, այլ իւրաքանչիւր հայու, ՀՅԴ-ի ծառայութիւնները միայն իր շարքերուն մաս կազմողներուն համար չեն, այլ յատկապէս ժողովուրդին, որովհետեւ Դաշնակցութեան կողմէ կատարուած որեւէ զոհողութիւն խորքին մէջ հայութեան, Հայ դատի եւ Հայաստանի ու Արցախի համար եղած նուիրաբերում է` ի խնդիր համայն ազգին շահերուն: Ան ըսաւ, որ պէտք է աշխատանք տանիլ, որպէսզի նոյնիսկ միեւնոյն գաղափարը չբաժնողները հաւաքուին իրարու հետ` իբրեւ հայութիւն, որովհետեւ այդպիսով է, որ կարելի կ՛ըլլայ պահպանել ինքնութիւնը: Իր խօսքին աւարտին ան հրաւիրեց բոլորը առանց վարանելու, ամչնալու, շատ մտածելու դիմել ակումբ, դիմել Երեսփոխանական գրասենեակ` բաժնեկցելու իրենց դժուարութիւններն ու դիմագրաւած հարցերը:
Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ ըսաւ, թէ ժողովուրդին հետ ըլլալը Դաշնակցութեան համար առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ ժողովուրդին շնորհիւ եւ անոր հետ է, որ կարելի է նուաճումներ արձանագրել, ուստի լիբանանահայութեան ծառայելը պարտաւորութիւն է: Ան կոչ ուղղեց բոլորին դիմելու կուսակցութեան տարբեր գրասենեակները, որոնց միջոցով իւրաքանչիւր լիբանանահայու հարցերու հետապնդում պիտի կատարուի: Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ հայութեան միասնականութեան, ինչ որ տեղացիներուն նախանձը շարժելու կողքին, նաեւ յարգանք կը պարտադրէ անոնց:
Ապա Պաուշրիէի հայութեան հետ հանդիպումը շարունակուեցաւ «Տայամընտ» ճաշարանին մէջ, ուր սրտի խօսքեր արտասանեցին «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղէն Լենա Արամ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պաուշրիէի հայութիւնը լիբանանահայութեան երկար շղթային մէկ կարեւոր օղակն է, որուն համար, կը թուի, թէ շատ չի խօսուիր, սակայն խորքին մէջ իւրաքանչիւր հայ ինքնին արժէք է, հայութեան զօրութեան մէկ մասնիկն է, մանաւանդ երբ վտանգը առկայ է: Ան հաստատեց, որ հանդիպումը միակը պիտի չըլլայ, այլ շրջանի բնակիչներուն հետ մնայուն կապ հաստատելու տարբեր նախաձեռնութիւններու պիտի դիմուի, որպէսզի կարելի ըլլայ հայկական մթնոլորտ ստեղծել, պատանիները, երիտասարդները համախմբել հայկական երդիքի տակ:
Ընթրիքին ընթացքին մթնոլորտը խանդավառեցին Ատիս Հարմանտեան, Վիգէն Տիշչեքենեան եւ Արարատ Ահարոնեան: