Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօթացման Հանդիպում Ազգային Ս. Խանամիրեան Քոլեճին Մէջ. Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ուսուցչական Կազմին Կը Միանայ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

May 20, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային միացեալ վարժարանի  ծանօթացման ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ծնողական հաւաք մը Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ` ներկայութեամբ ծնողներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին: Հաւաքին բացման խօսքը կատարեց դպրոցի տնօրէն Նելլի Վեքիլեան:

Ապա Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան իր բացատրողական զեկուցումին մէջ ներկայացուց նորակառոյց վարժարանի կրթական-մանկավարժական ծրագիրները, առաքելութիւնը եւ կարելիութիւնները: Մարտիրոսեան հաստատեց, որ վարժարանը արդիական կառոյց մըն է, որ օժտուած է ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան շէնքով, կրթական համակարգով, սարքերով եւ անձնակազմով: Ան աւելցուց, որ վարժարանը սոսկ գիտութիւն ջամբող կառոյց մը չէ, այլ` դասագիրքերէ եւ դասանիւթերէ անդին այն կառոյցը, որ պիտի պատրաստէ այն աշակերտը, որ ճկունութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ պիտի դիմագրաւէ դարու մարտահրաւէրները եւ պիտի պահպանէ ազգային դիմագիծն ու ժառանգութիւնները:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրոցի հիմնադրութեան եւ  վեց ազգային վարժարաններու միաւորման պայմաններուն ու հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ նոր վարժարանի կրթաթոշակներուն մասին: Ան յայտնեց, որ վարժարաններու միաւորումը երկար ժամանակէ ի վեր Ազգային իշխանութիւններու օրակարգի հիմնական առանցքը կազմած է: Սկզբնական փուլին, աւելի քան 15 տարի առաջ, ծրագրուած էր միաւորել Պուրճ Համուտի մէջ գործող Ազգային վարժարանները, սակայն նկատի ունենալով ներկայ պայմանները եւ այդ պայմաններէն ծնած նոր անհրաժեշտութիւնները, յետ քննարկումներու, օգտաշատ նկատուեցաւ նաեւ նորակառոյց վարժարանին մէջ համախմբել Պուրճ Համուտէն դուրս գործող Ազգային Ս. Խանամիրեան եւ Ռուբինեան վարժարանները: Ան համոզում յայտնեց, որ այս նոր կրթական կառոյցը իր ընձեռած կարելիութիւններով` կրթական արդի մեթոտներու կիրարկման ու հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման բոլոր պայմանները լաւագոյնս կը լրացնէ:

Անդրադառնալով կրթաթոշակներուն` Հաւաթեան յայտնեց, որ Ազգային վարչութիւնը, գիտակցելով կրթական մարզի կարեւորութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան կենսական անհրաժեշտութեան, արդիական այս վարժարանի կրթաթոշակները որոշած է ճշդել մատչելի սահմաններուն մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները կարելիութիւն ունենան հոն յաճախելու: Այս իմաստով այժմէն իսկ նաեւ ծրագրուած է յատուկ ֆոնտերու ճամբով սատարել կարիքաւոր աշակերտներուն, երաշխաւորելու համար նաեւ անոնց ուսումնական հեզասահ ընթացքը:

Հաւաթեան հաստատեց, որ միաւորուող վեց վարժարաններուն պարագային աշակերտութեան կրթաթոշակը պիտի հիմնուի իրենց նախկին վարժարանի ճշդած սակերուն ու վճարումի պայմաններուն վրայ: Այլ խօսքով` կրթաթոշակները պիտի մնան նոյնը, եւ ծնողները պիտի վճարեն իրենց նախկին վարժարանի սակացոյցին հիման վրայ եւ իրենց համար ճշդուած նոյն պայմաններով: Անդրադառնալով դպրոցի յաջողութեան ու ճառագայթումին` Հաւաթեան անհրաժեշտ նկատեց ծնողներու դերակատարութիւնը, աւելցնելով, որ նիւթականէն առաջ` հայ դպրոցին նկատմամբ ծնողքին ցուցաբերած գիտակցութիւնն ու գուրգուրանքն է առաջնահերթը:

Ան ըսաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը անցնող 20 տարիներուն ի գին նիւթական մեծ ներդրումներու ու զոհողութիւններու շարունակած է վառ պահել Ազգային վարժարանի դերակատարութիւնը: Այսօր եւս, այս նոր կառոյցին հիմնադրութեամբ ան յանձնառու կը մնայ նոյն նախանձախնդրութեամբ ու նուիրուածութեամբ շարունակելու իր ներդրումը` ի խնդիր նորահաս առողջ սերունդներու կազմաւորման առաքելութեան:

Վերջապէս, Հաւաթեան ուրախութեամբ յայտնեց ծնողներուն, որ ընդառաջելով Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական խորհուրդի եւ Ազգային վարչութեան առաջարկին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը սիրայօժար պատրաստակամութեամբ ընդառաջեց մաս կազմել նոր վարժարանի ուսուցչական կազմին, որ ահաւասիկ ինքնին յաւելեալ փաստ ու ապացոյց մըն է, թէ այս կառոյցի յաջողութիւնը եւ ճառագայթումը գաղութային ի՞նչ արժեչափի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր բոլորին համար:

Ապա առիթ տրուեցաւ ծնողներուն ուղղելու իրենց հարցումները եւ ստանալու պատասխաններ:

Ծանօթացման հանդիպումի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ կոչ ուղղեց ծնողներուն անվերապահ կերպով աջակցելու այս նոր կառոյցին եւ անվարան իրենց զաւակներն ու շրջապատը ուղղորդելու դէպի Ազգային միացեալ վարժարան: Ան յայտնեց, որ մեր կեանքին մէջ շատ բաներ կան փոխուած եւ նոր պայմանները նոր կարելիութիւններու ստեղծման անհրաժեշտութիւններու դիմաց կը դնեն բոլորս անխտիր: Այս իմաստով սրբազան հայրը շեշտը դրաւ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան վրայ, որ կը շարունակէ մնալ հիմնաքարը մեր գաղութի կենսունակութեան եւ ապագայատեսիլ երթին: Ան բոլորին մաղթեց արեւշատութիւն եւ յոյս յայտնեց, որ ծնողներուն յառաջիկայ հանդիպումը կայանայ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Ախոյեանութեան Տիտղոսը Պահեցին Իրենց Մօտ` Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով

Յաջորդը

Անդրադարձ. Զինադուլի Հսկողութեան Այլընտրանքային Մեքանիզմի Առաջին Կիրարկումը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.