Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 128. «Պոլսահայ Կեանքին Կրթական Եւ Հրատարակչական Մարզերը» Նիւթով Զեկուցում

Մայիս 23, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 22 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 128-րդ լսարանը, որուն ընթացքին «Ժպիտ» մանկապատանեկան ամսաթերթի խմբագրութեան անդամ Մարի Աքպաշ անդրադարձաւ պոլսահայ կեանքի ներկայ կրթական եւ հրատարակչական մարզերուն մէջ տիրող կացութեան:

Բացման խօսքը արտասանեց Կարօ Աբրահամեան, որ ներկայացուց Մարի Աքպաշը` իբրեւ պոլսահայ համայնքի արտակարգօրէն  աշխուժ մշակութային գործիչներէն մէկը: Ան 12 տարի մաս կազմած է «Ժպիտ» մանկապատանեկան ամսաթերթին, ուր ստորագրած է երաժշտական էջեր եւ մանուկներուն համար պատրաստած հայերէն երգերու նօթագրութիւններ:

Կ. Աբրահամեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց այն, որ Մարի Աքպաշ իրականութեան մէջ կինն է հայերէն գիրքերու մասնագէտ Բիւզանդ Աքպաշի, որուն եւ օսմաներէն-թրքերէն գիրքերու մասնագէտ Նետրեթ Իշլիի պատկանող «Թուրքուազ» գրատուն-հրատարակչատան գրապահոցներուն մէջ Մ. Աքպաշ մնայուն փնտռտուքներ կը կատարէ, թարգմանական աշխատանքով եւ այլապէս փոշիներուն տակէն լոյսին կը բերէ կարեւոր հրատարակութիւններ:

Ապա Մարի Աքպաշ` շեշտելով, որ ինք համայնքի ներկայացուցիչը չէ, այլ համայնքի աշխատանքներուն հետեւող ջանասէր անձ մը, լուսարձակի տակ առաւ ներկայիս Թուրքիոյ հայկական իրականութեան մէջ առկայ կրթական ու հրատարակչական կացութիւնը, համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւնները` կարեւորութեամբ շեշտելով այն, որ բոլոր աշխատանքները պէտք է իբրեւ թիրախ ունենան հայ նոր սերունդի զաւակներուն մօտ վառ պահել հայ գիր-գրականութեան, լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը:

Ան խօսեցաւ հայկական վարժարաններուն օրինական կարգավիճակին մասին` շեշտելով, որ անոնք ո՛չ պետական են, ո՛չ սեփական եւ ո՛չ օտար, բայց եւ այնպէս, ըստ ներկայ կանոնագրութեան, կը սահմանուին սեփական եւ օտար վարժարաններու շարքին մէջ` պատճառելով ելեւմտական լուրջ հարցեր:

Ըստ Մարի Աքպաշի, Պոլսոյ մէջ այժմ կան 17 գործօն վարժարաններ, ուր հայ աշակերտը կրթութիւն կը ստանայ մինչեւ երկրորդական: Ըստ «Ակօս» շաբաթաթերթի 2016 թուականի աշակերտութեան մարդահամարին, պոլսահայ վարժարաններուն մէջ աշակերտութեան թիւը 2947 է:

«Ինչ կը վերաբերի հայերէնի դասապահերուն, նախակրթարաններու մէջ հայերէնի դասապահերը 10 ժամ են: Այս դասապահերուն կողքին, գիտութեան, թուաբանութեան, երաժշտութեան նման դասերն ալ հայերէնով կը դասաւանդուին:

Միջնակարգի կրթութեան պարագային, հայերէնի դասապահերը 5 ժամ են: Կրօնի դասապահերը 2 ժամ են: Երկրորդական ուսման ծրագիրներուն հայերէնը կը բաժնուի երկու զատ դասապահերու` գրական եւ լեզուական: Լեզուական պահերը կ՛ընդգրկեն քերականական աշխատանքներ եւ շաբթուան մէջ 3 ժամ են: Իսկ գրականութեան պահերը կ՛ընդգրկեն հայ հեղինակներու եւ անոնց ստեղծագործութիւններու մասին աշխատանք, եւ շաբթուան մէջ 2 ժամ են: Կրօնի մէկ ժամն ալ հաշուի առնելով, ընդհանուր հայերէն դասապահերը կ՛ըլլան 6 ժամ` օրէնքով հաւասարուելով թրքերէնի դասապահերու քանակին», տեղեկացուց զեկուցաբերը:

Մարի Աքպաշ անդրադարձաւ դասագիրքերուն պատճառով ծագած դժուարութիւններուն, տուներուն մէջ իբրեւ խօսակցական լեզու հայերէնի գործածութեան նահանջին, համայնքին ունեցած պիւտճէական հարցերուն պատճառով կրթական եւ հայկական հաստատութիւններուն դիմաց ցցուող մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կանգնելու համար հեւքոտ աշխատանք կը տարուի:

Ան նաեւ խօսեցաւ հայ գիրքի ճակատագիրին մասին, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Պոլսոյ մէջ ծաւալած հրատարակչական գործունէութիւնը, կատարուող թարգմանութիւնները, աւելի համընդհանուր գրադարան մը ունենալու կարեւորութիւնը, տարբեր տեսակի արգելքները, որոնք պատճառ կը դառնան հետաքրքրութեան նահանջին:

Իր խօսքին վերջին բաժինով Մարի Աքպաշ դիտել տուաւ, որ համայնքը բազում դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու դէմ յանդիման է, սակայն պէտք է պահել հաւատքն ու կառչածութիւնը, որպէսզի յաջորդ սերունդները հայկական ինքնութիւնը պահեն:

 

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Ազգային Տուրքը. Ազգային Պարտականութիւն Է

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?