Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի 30-ամեակի Նշում` Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» Ժապաւէնի Ցուցադրութեամբ

Մայիս 19, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 15 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պէյրութ Սուքզ»-ի շարժապատկերի սրահներու ընդունարանին մէջ տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր, որովհետեւ աւելի քան 300 հայեր ու օտարներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեան շուրջ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 30-ամեակին առիթով. անոնք հաւաքուած էին անգամ մը եւս հաստատելու, որ թեւ ու թիկունք են անսակարկ ու անխտիր կերպով լիբանանցի ժողովուրդին ծառայութեան լծուած այս կառոյցին եւ տարբեր մարզերու մէջ նուիրական գործունէութիւն ծաւալած բարեսիրական այս միութեան:

«Ռապիհ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը համախմբած էր բոլորը, իւրայատուկն ալ այն էր, որ ժապաւէնը բեմադրած է թոռը նոյնինքն Արաքսի Պուլղուրճեանին, որուն անունը կը կրէ այս կեդրոնը: Վերացական ու յատկանշական «հանդիպում» մեծ մօր ու թոռնիկին միջեւ` ԼՕԽ-ի «երդիք»-ին տակ:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի վարչութեան, կեդրոնի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ լիբանանահայ բեմագիր եւ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» ժապաւէնին յատուկ ցուցադրութիւն, որմէ առաջ` ժամը 7:00-ին կատարուեցաւ ընդունելութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի, Չինաստանի, Ռումանիոյ, Քոլոմպիոյ, Քորէայի դեսպաններուն եւ Գերմանիոյ դեսպանին կնոջ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, լիբանանահայ տարբեր կառոյցներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու  եւ շուրջ 300 հրաւիրեալներու:

ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբին անունով արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը ուղղեց Գարոլին Թերզեան, որ անդրադարձաւ իր 30 տարուան արդիւնաւէտ երթը նշող «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, որ հիմնուած է Պուլղուրճեան ընտանիքին նեցուկին ու բարերարութեան շնորհիւ, եւ որուն 30-ամեակը կը նշուի նոյն ընտանիքի զաւակներէն Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» ժապաւէնի յատուկ ցուցադրութեամբ, ինչ որ յատկանշական երեւոյթ է: Գ. Թերզեան դիտել տուաւ, որ իր տաղանդին ու արուեստին շնորհիւ Վաչէ Պուլղուրճեան Լիբանանի անունը բարձրացուց միջազգային հարթակներու վրայ եւ իր արժէքաւոր ժապաւէններուն իբրեւ գնահատանք տիրացաւ ֆիլմարուեստի միջազգային մրցանակներու:

Այս հաւաքին ընթացքին իսկապէս բոլորին մտքերուն մէջ կար այն, որ Արաքսի Պուլղուրճեանը կրնայ խաղաղ ու հանգիստ ննջել, որովհետեւ անոր թոռը` Վաչէ Պուլղուրճեանը, իսկական տաղանդաւոր մըն է:

Ապա յուզումով իր սրտի խօսքը ուղղեց Վաչէ Պուլղուրճեան, որ հաստատեց, թէ հպարտ է իր մեծ մօր` Արաքսի Պուլղուճեանի յիշատակը յաւերժացնող այս կառոյցին տարած նուիրական գործունէութեամբ, որով նաեւ միշտ վառ կը մնան իր ծնողներուն անունները: Բեմադրիչը դիտել տուաւ, որ իր տարած գործունէութեան ընթացքին միշտ հայ ըլլալու հանգամանքը տիրական է իր էութեան մէջ:

Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, յարաբերական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Վաչէ Պուլղուրճեանին:

«Ռապիհ» ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք Վաչէ Պուլղուրճեան հրաւիրեց ժապաւէնին հերոսը` Պարաքաթ Ժապպուրը, որ խօսեցաւ նման ժապաւէնի մը պատրաստութեան  եւ կոյրի դերը իսկապէս կոյրի մը վստահելու շինիչ փորձառութեան մասին:

Յիշատակելի է նաեւ այն, որ ժապաւէնին դերասանը` Պարաքաթ Ժապպուր, ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք հիւրերը ողջունեց իր երաժշտական տաղանդով` սրահին մուտքին ջութակ նուագելով: Բոլորը համախմբուեցան անոր շուրջ, ուր կը տիրէր ջերմ մթնոլորտ, եւ շնորհաւորեցին զինք:

Նշենք, որ «Ռապիհ» ժապաւէնը կը շարունակուի ցուցադրուիլ լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ:

 

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտերէն Օգտուելու Եղանակ

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ Գրիգոր Ակոբեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?