Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երաժշտութիւն. Պատմութիւն Եւ Տեսութիւն» Գիրքի Գինեձօն

Մայիս 16, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` երկուշաբթի, 15 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի ուսուցիչ Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեանի «Երաժշտութիւն. Պատմութիւն եւ տեսութիւն» գիրքին գինեձօնը:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ լուսարձակի տակ առաւ երաժշտութեան համամարդկային լեզու հանդիսանալու երեւոյթը` նշելով, որ անիկա եւս ունի իր պատմութիւնը: Արդարեւ, անոր արմատները կը հասնին մինչեւ մարդկութեան սկիզբ, կը պատմեն այն զարգացումին  մասին, որ երաժշտութիւնը ապրած է ու կ’ապրի մարդկութեան զարգացման զուգահեռ:  Անոր համաձայն, երաժշտութիւնը խօսքէն աւելի հին ու համամարդկային է:

Վահրամ Էմմիեան դիտել տուաւ, որ երաժշտութեան պատմութիւնը պարտադիր նիւթ է երաժշտութեան ոեւէ ուսանողի համար, սակայն անիկա նաեւ կը հետաքրքրէ ուրիշներ, որովհետեւ երաժշտութիւնը հասկնալու համար պէտք է ծանօթ ըլլալ անոր պատմութեան, որ շատ ընդարձակ է եւ մանրամասն: Այս առումով ան ողջունեց Խաչատուրեան ընտանիքին մեկենասութեամբ լոյս տեսած Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեանի «Երաժշտութիւն. Պատմութիւն եւ տեսութիւն» գիրքը, որ 172 ընթեռնլի եւ գեղազարդ էջերու մէջ կը ներկայացնէ ընդարձակ պատմութիւնը` օգտակար ըլլալով թէ՛ երաժշտասէրին, թէ՛ ալ ընդհանուր զարգացմամբ ու գիտելիքներու հարստացմամբ հետաքրքրուած անհատին:

Գիրքը ներկայացուց արուեստաբանութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեան, որ գնահատեց անհրաժեշտութենէ ծնունդ առած, գունաւոր, գեղեցիկ, բարձր մակարդակի տպագրութեամբ լոյս տեսած այս ժողովածուն, որ իր էութեամբ եւ ոճով բացառիկ է, ինչ որ անոր առաւելութիւններէն մէկն է, մանաւանդ որ Պղատոնէն շատ օգտակար ու արժէքաւոր մէջբերումներ կատարուած են հոն:

Բանախօսը նաեւ խօսեցաւ երաժշտութեան եւ ձայնանիշերուն մասին` դիտել տալով, որ մոլորակները եւս ունին իրենց երաժշտական հնչիւնները` հաստատելով, որ այս բոլորը մարդուն փոխանցուած են Աստուծոյ կողմէ, տիեզերքէն: Ան ժողովածուին առանձնայատկութիւններէն   նկատեց այն, որ հեղինակը շատ հետաքրքրական եւ արժանի դիտարկումներ կատարած է, շատ բարձր մասնագիտական մօտեցումով ուղղութիւններ կու տայ ընթերցողին: Բանախօսին համաձայն, գիրքը կ՛ընդգրկէ նախաքրիստոնէական շրջանի երաժշտութենէն մինչեւ օրս առկայ երաժշտութիւնը` ժամանակագրական դիւրաւ ընկալելի բաժանումներով, փաստերով, իւրաքանչիւրին վերաբերող վերլուծութեամբ, պատմական տուեալներով:

Դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ բոլոր ժամանակներու եւ ժողովուրդներու արուեստներու ներկայացումին զուգահեռ,  ժողովածուին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայ ազգային երաժշտութիւնը` հին ժամանակներէն սկսեալ, ներառելով աշուղական, գուսանական, կրօնական եւ այլ բնագաւառներ ու դարաշրջաններ` առանձնացնելով իւրայատուկ եւ կարեւոր դէմքեր ու դէպքեր: Անոր համաձայն, գիրքին աւարտին կան երաժշտութեան տեսութեան մասին կարեւոր տուեալներ: Ան շեշտեց, որ գիրքը կարեւոր է երիտասարդ սերունդներուն համար, ինչպէս նաեւ անիկա կը յատկանշուի իր բազմակողմանիութեամբ: «Ասիկա ո՛չ միայն ժողովածու է, ո՛չ միայն գիրք է, ո՛չ միայն դասագիրք է, այլեւ իւրայատուկ հանրագիտարան է, որուն նմանը, այս ոճով, գոյութիւն չունի: Նման գիրքի հրապարակումով բոլորս պէտք է հպարտանանք», եզրափակեց ան:

Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, որ անդրադարձաւ նման գիրքի մը ստեղծման մղիչ ուժին ու գաղափարին, տարուած աշխատանքին: Անոր համաձայն, նման աշխատութեամբ մը ան կը միտի  հակիրճ կերպով, մատչելի ու հասկնալի լեզուով տուեալներ ներկայացնել, կարելի եղածին չափ շատ երաժշտական հարցումներու պատասխաններ տալ, օժանդակել այս բնագաւառի ուսանողներուն եւ աշակերտներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրեն նեցուկ ու զօրակից հանդիսացան:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Աւետիս Տագեսեան (ջութակ), Նարէ Աղասարգիսեան (դաշնակ), Հենրի Իշխանեան (դաշնակ) եւ Արին Մարգարեան (դաշնակ):

Նախորդը

«Այն Օրը, Երբ Մենք Կ՛ունենանք Հզօր Սփիւռք, Կ՛ունենանք Նաեւ Հզօր Հայրենիք». Լիբանանահայ Քաղաքական Երեք Օրաթերթերու Խմբագիրներուն Հետ Զրոյցի Ընթացքին Հաստատեց Ալեքքօ Պէզիքեան

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութիւն Կու Տայ Քուէյթ

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Գաղութային

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լրատուութեան Ճշգրտութեան Բանալիներէն Մէկուն

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In