Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը քուէյթահայութեան հետ իր առաջին հրապարակային հանդիպումը ունեցաւ երեքշաբթի, 16 մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ազգային վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր վեհափառ հայրապետը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ մուտք գործեց Ազգային վարժարան եւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք խումբ մը ջահակիր ՀՄԸՄ-ականներու առաջնորդութեամբ իր օրհնութիւնը բաշխեց զինք դիմաւորող հոծ բազմութեան:
Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով բացուած յայտարարուեցաւ հանդիսութիւնը, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Մարալ Համպոյեան բարի գալստեան իր խօսքով լուսարձակի տակ առաւ մայիսեան յաղթանակները` ըսելով, որ ահաւասիկ մայիս է, յաղթական մայիս` ուրախանալու եւ տօնելու մեր յաղթանակները:
Մեծարելով վեհափառ հայրապետին գործունէութիւնը` Մարալ Համպոյեան ըսաւ, որ ան կ՛առաջնորդէ մեր ժողովուրդը դէպի պայծառ ապագան` զինք հեռու պահելով տագնապներէ, որուն վառ ապացոյցը այսօրուան մեր յաղթանակն է, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կալուածի սեփականութիւնն է, որուն համար մեծապէս երախտապարտ ենք վեհափառ հայրապետին` իր ցուցաբերած աջակցութեան եւ հետեւողական աշխատանքներուն համար:
Գեղարուեստական յայտագիրին առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի սաները, իրենց ուսուցչական կազմին ընկերակցութեամբ, յաջորդաբար ներկայացնելով Կիրակնօրեայի քայլերգը, «Բարի գեղեցիկ»-ը եւ «Օրհներգ հայրապետական»-ը: Ապա «Երազ իմ երկիր» երգը մեղմ ձայնով հնչեց Լիլա Կարապետեանի կատարողութեամբ` դաշնակի ընկերակցութեամբ Հայկուհի Բազեանի:
«Քուէյթահայութիւնը եւ հայ եկեղեցին» խորագրեալ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, ներկաները իրազեկ դարձան քուէյթահայ համայնքի կազմաւորման պատմական հոլովոյթին, որուն ընդմէջէն համապարփակ ձեւով ներկայացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրերայաջորդ գահակալներուն քուէյթահայութեան ի նպաստ տարած անխոնջ աշխատանքը, հասնելով մինչեւ 2017 թուական:
Գէորգ Թեմամեան «Ճշմարտութիւն» երգով հանդէս եկաւ` փոխանցելով հայրենասիրական ջերմ ապրումներ: Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» բանաստեղծութիւնը իր խորիմաստ թելադրականութեամբ մատուցուեցաւ Մարիա Սարգիսեանի կողմէ: Յայտագիրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Ճորճ Արապաթլեանի` դաշնակի ընկերակցութեամբ Հայկուհի Բազեանի եւ ջութակի նուագակցութեամբ` Թամար Թեմամեանի:
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ.վրդ. Զօպույեան` ուղղելու իր սրտի խօսքը: Առաջնորդ հայրը իր խօսքին մէջ մատնանշեց, որ հովուապետական պատմական այս այցելութիւնը իր իւրայատուկ դրոշմը պիտի ձգէ քուէյթահայութեան սիրտին, հոգիին ու միտքին մէջ, եւ յաջորդող սերունդները պիտի յիշեն մեր իրականութեան մէջ արձանագրուած կարեւոր այս իրադարձութիւնը, որով վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ ձեռամբ պիտի կատարուի Սրբոց Վարդանանց նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումն ու Ազգային առաջնորդարանի բացման հանդիսութիւնը:
Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը` ուղղելու իր պատգամը:
«Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,
Մենք չյանգանք դեռ կը գանք,
Երբ տայ զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք»:
«Սարդարապատ» յաղթերգին սոյն բառերուն մէջբերումով վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն` ըսելով. «Այս բառերուն մէջ խտացուած են մեր ժողովուրդի հաւատքը, կամքը, յոյսն ու տեսիլքը: Մեր պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց հաւաքական հաւատք, վճռակամութիւն ու տեսիլք եղած է, եւ մարդկութեան թատերաբեմին վրայ մնացած ենք այս ոգիով, այս վճռակամութեամբ, ինչպէս քիչ առաջ արտասանուած Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաստեղծութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ «նահանջին դէմ աննահանջ ենք». մեր պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ մեր ժողովուրդը կոչուած է նո՛յն ոգին, նո՛յն հաւատքը ցուցաբերելու»:
Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով զինք շրջապատող Ազգային վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներուն, ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը յատուկ ուրախութեամբ պէտք է ողջունէ նոր սերունդը: Բոլորս միասին պէտք է մեր զաւակները դաստիարակենք, զանոնք կազմաւորենք մեր ժողովուրդի ոգեղէն արժէքներով, մեր քրիստոնէական հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով, մեր ազգային ձգտումներով, մեր պահանջատիրական կամքով: Հայ դպրոցը այս առաքելութեան լծուած է: Դուք եկեղեցի կառուցեցիք, բայց այլեւս ժամանակն է, որ այս դպրոցը ծաղկեցնէք: Դուք ձեր հաւաքական աշխատանքով, հաւաքական նուիրումով ու յանձնառութեամբ եկեղեցի շինեցիք, եւ այդ եկեղեցին ձեր տունն է` ազգի՛ն տունը: Հսկայ իրագործում է: Մեծ իրագործումները հաւաքական հաւատքի, նուիրումի, վճռակամութեան եւ նպատակասլաց աշխատանքի արդիւնք են: Քուէյթի հայութեան համար նման իրագործում մը բացառիկ երեւոյթ է, որ կը պարտինք ձեզի: Այս առիթով, իմ փափաքս է, որ «Վերանորոգման տարուան» մէջ մեր բոլոր կառոյցները վերանորոգուին: Մենք բոլորս կարիքը ունինք վերանորոգման` կարենալ դիմագրաւելու մեր դէմ ցցուած բոլոր տեսակի դժուարութիւնները, միշտ կառչելով մեր ազգային հիմնական արժէքներուն: Ներկայ աշխարհի պայմաններուն մէջ մեր բոլոր կարողականութիւններով եւ հաւաքական կեանքով պէտք է վերանորոգուինք»:
Հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով: