Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտերէն Օգտուելու Եղանակ

Մայիս 19, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական կոմիտէի ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերէն օգտուելու համար հարկ է դիմել Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ` իւրաքանչիւր դիմումի համար ներկայացնելով համապատասխան փաստաթուղթ/եր:

Ֆոնտերէն կրնան օգտուիլ բոլոր այն հայորդիները, որոնք տարիէ մը աւելի կ՛ապրին Լիբանան:

Ա. Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ

Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ`

– Բոլոր այն զոյգերը, որոնք ամբողջացուցած են եկեղեցւոյ կողմէ ճշդուած պսակի յատուկ պայմանները եւ ապահոված են պսակի անհրաժեշտ փաստաթուղթերը (պսակի արտօնութեան թղթածրար, ազատ վիճակի գիր եւ այլն):

– Բոլոր անոնք, որոնք կը պսակուին իրենց ծուխերուն մէջ:

– Բոլոր անոնք, որոնք վճարած են իրենց Ազգային տուրքը եւ ապահոված են պսակի արտօնագիր:

Ֆոնտին դիմորդները վերոնշեալ պայմանները ամբողջացնող փաստաթուղթերով պարտին ներկայանալ Երեսփոխանական գրասենեակ:

Գրասենեակը, ներկայացուած փաստաթուղթերուն ամբողջական ըլլալը հաստատելէ ետք, գրաւոր իր համաձայնութիւնը կու տայ ենթակային եւ դիմումը, համապատասխան վճարումով, կը փոխանցէ Ազգային առաջնորդարան:

Վճարումը կ՛ընդգրկէ պսակի արտօնագիրի, տոմարի արձանագրութեան եւ խորհրդակատարութեան եկեղեցական ծախսերը:

Բ. Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ

Ֆոնտէն օգտուելու համար երրորդ զաւակով բախտաւորուած հայ ծնողներ պարտին Երեսփոխանական գրասենեակ ներկայացնել`

– Նորածինին հօրն ու մօրը ինքնութիւնը հաստատող օրինական թուղթեր (անձնաթուղթ, իխրաժ քայտ եւ այլն):

– Նորածինին ծննդեան վկայագիրը:

– Ընտանեկան նոր իխրաժ քայտ, որով հաստատուի ընտանիքին երեք զաւակ ունենալը:

– Ազգային առաջնորդարանին կողմէ տրուած համապատասխան հաստատագիր:

Ֆոնտին դիմորդները վերոշեալ պայմանները ամբողջացնող փաստաթուղթերով պարտին ներկայանալ Երեսփոխանական գրասենեակ:

Գրասենեակը, ներկայացուած փաստաթուղթերուն ամբողջական ըլլալը հաստատելէ ետք, նորածինին ծննդեան պարգեւը 2000 ամ. տոլար կը յանձնէ հօրն ու մօրը:

Գ. Հայ մանուկի ֆոնտ

Ֆոնտէն օգտուելու համար հայ ծնողներ պարտին Երեսփոխանական գրասենեակ ներկայացնել`

– Մկրտուող երեխային հօրն ու մօրը ինքնութիւնը հաստատող օրինական թուղթեր (անձնաթուղթ, իխրաժ քայտ եւ այլն):

– Մկրտուող երեխային մկրտութեան արտօնագիրը:

– Երեխային անձնաթուղթը կամ համապատասխան փաստաթուղթ մը, որով հաստատուի անոր հայկական անուն կրելը:

Ֆոնտին դիմորդները վերոնշեալ պայմանները ամբողջացնող փաստաթուղթերով պարտին  ներկայանալ երեսփոխանական գրասենեակ:

Գրասենեակը, ներկայացուած փաստաթուղթերուն ամբողջական ըլլալը հաստատելէ ետք, գրաւոր իր համաձայնութիւնը կու տայ ենթակային եւ դիմումը, համապատասխան վճարումով, կը փոխանցէ Ազգային առաջնորդարան:

Դ. Հայ ուսանողի ֆոնտ

Ֆոնտէն օգտուելու համար հայ ուսանողներ պարտին երեսփոխանական գրասենեակ ներկայացնել`

– Իրենց անձնաթուղթը կամ համապատասխան փաստաթուղթ մը:

– Իրենց ընտանեկան իխրաժ քայտը:

– Ընտանեկան իրավիճակը ներկայացնող ամփոփ գրութիւն մը:

– Իրենց աւարտած հայկական երկրորդական վարժարանէն հաստատագիր մը եւ բարի վարուց վկայագիր մը:

– Պաքալորէայի պետական քննութիւններուն յաջողութեան հաստատագիրը:

– Լիբանանի մէջ գործող համալսարանէ մը ընդունման հաստատագիր:

Ֆոնտին դիմորդները վերոնշեալ պայմանները ամբողջացնող փաստաթուղթերով պարտին ներկայանալ Երեսփոխանական գրասենեակ:

Գրասենեակը, ներկայացուած փաստաթուղթերուն ամբողջական ըլլալը հաստատելէ ետք գրաւոր իր համաձայնութիւնը կու տայ ենթակային եւ համապատասխան վճարումով մը կը մասնակցի անոր համալսարանական կրթաթոշակի ծախսերուն:

Դիմումները կարելի է կատարել Երեսփոխանական գրասենեակ, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 4:00:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Հին Ու Նոր Երազներ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի 30-ամեակի Նշում` Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» Ժապաւէնի Ցուցադրութեամբ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?