Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթի Իշխանին Հետ

Մայիս 18, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 մայիս 2017-ի առաւօտուն Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Քուէյթի իշխանին ապարանքը, ուր հանդիպում ունեցաւ շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան եւ Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան` Մահեր Խէյր:

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանին Քուէյթի հայութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար: Վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ հակառակ գաղութին պակսող կարելիութիւններուն, այսօր շնորհիւ իր զաւակներու տքնաջան աշխատանքին ու նուիրումին, գաղութը օժտուեցաւ սեփական նոր եկեղեցիով ու նոր առաջնորդարանով: Ապա, վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ եկեղեցւոյ շինութիւնը, ներկայ ժամանակներուն մանաւանդ, պերճախօս վկայութիւն մըն է Քուէյթի պետութեան քրիստոնէութեան նկատմամբ ունեցած լայնախոհ ոգիին:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ զարգացող քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններուն: Ան յիշեց, որ Քուէյթը յատուկ տեղ ունի լիբանանցիներու սիրտին մէջ,  եւ քուէյթցիները կը սիրեն յատկապէս ամառը անցընել Լիբանանի գեղածիծաղ ափերը եւ լեռնային զով գիւղերուն մէջ: Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնեց, որ Քուէյթի Պետութիւնը իր բարոյական աջակցութեան առընթեր նաեւ նիւթապէս օժանդակէ Քուէյթի հայ գաղութին` եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի շինութեան գծով կատարուած հսկայ ծախսերուն բերելով իր մասնակցութիւնը:

Քուէյթի իշխանը, իր իսկ բառերով, եղբայրական ջերմ սիրով ընդունեց վեհափառ հայրապետը, յիշեց վեց տարիներ առաջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը Քուէյթ, գնահատեց միջկրօնական երկխօսութեան մէջ անոր բերած նպաստը, բարձր գնահատանքով խօսեցաւ Քուէյթի հայութեան մասին` ըսելով, թէ ո՛չ մէկ հայ ապօրէն ու սխալ ընթացքի մէջ եղած է Քուէյթի մէջ, ընդհակառակն` հայերը իրենց հաւատարմութեամբ ու աշխատասիրութեամբ կարեւոր նպաստ բերած են Քուէյթի զարգացման: Իշխանը նաեւ ողջունեց վերականգնումի ու յառաջդիմութեան մէջ եղող Լիբանանը, յիշեց իբրեւ արտաքին գործոց նախարար իր այցելութիւնները Լիբանան եւ վստահեցուց վեհափառ հայրապետին, որ եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի շինութեան ծախսերուն իր նպաստը պիտի բերէ:

Սիրալիր հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը հրաւիրեց առաջնորդ հայր սուրբը, որ գաղութին կողմէ շնորհակալութիւնը յայտնէ իշխանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դեսպանը, որ ողջունէ Լիբանանի ու Քուէյթի եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացումը:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը հիւրն է պետութեան եւ կը վայելէ բարձրաստիճան օտար հիւրերուն վերապահուած բոլոր պատիւները:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթահայութեան Հետ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ազրպէյճանի Յանդգնութիւնն Ու Անոր Պատճառները

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?