Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ
Քաջալեր հանդիսանալով Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի նախաձեռնութեան եւ աշխատանքին` ֆոնտին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները. - Ազգային մը 10.000 ամ. տոլար - Ճաշարան Աբօ 5.000 ամ. տոլար
Քաջալեր հանդիսանալով Ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի նախաձեռնութեան եւ աշխատանքին` ֆոնտին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները. - Ազգային մը 10.000 ամ. տոլար - Ճաշարան Աբօ 5.000 ամ. տոլար
Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը յատուկ տեղ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ: Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի «Ուխտի օր»-ը ամէն տարի կը տօնախմբուի հանդիսաւորապէս` յատուկ արարողութիւններով եւ ժողովրդական աւանդութիւններով: Արդարեւ, 12 օգոստոս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի «Ուխտի օր»-ուան առիթով մատուցուեցաւ...
Շաբաթ, 12 օգոստոս 2017-ին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Արսալի բարձունքները` գետնի վրայ տեսնելու Հըզպալլայի արձանագրած նուաճումները ընդդէմ Ժապհաթ Նուսրայի: Հըզպալլայի ուսանողական թեւին կազմակերպած այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան տարբեր կուսակցութիւններու ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր նաեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին հաւաքուելէ ետք Պաալպեքի մէջ նախատեսուած հաւաքատեղիին մէջ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները մեկնեցան Հըզպալլայի կեդրոններէն...
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ երէկ` կիրակի, 13 օգոստոս 2017-ին ընթացք առաւ Խանասորի արշաւանքի 120-ամեակին նուիրուած երէց պատանիներու բանակումը` Այնճարի մէջ: Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ` մասնակցութեամբ 85 երէց պատանիներու, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Շանթ Յարութիւնեանի: Բանակումին բացման արարողութեան ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին...
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպիի: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ դատապարտեց դեկտեմբեր 2016-ի վերջաւորութեան ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի...
Երիտասարդ արուեստագէտ Արամ Փափազեանի առաջին մենացուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 11 օգոստոս 2017-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Ցուցադրուած գործերը նոր շունչ եւ մօտեցում ունեցող գործեր են, որոնց մէջ կը գտնենք այժմէական ոճ, գոյներու իւրայատկութիւն` հեռու կրկնաբանութենէ: Արուեստագէտ Արամ Փափազեան խօսելով իր գործերուն մասին յայտնեց, որ դպրոցական օրերէն միշտ ալ սիրած է գծել, իսկ իր ներշնչումները երգերն...
Վերջին երկու օրերուն մարոնի պատրիարքարանի ամարանոցին` Տիմանի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի պատրիարքներու հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու քրիստոնէական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ: Հանդիպումը շրջանի կաթողիկէ պատրիարքներու տարեկան հանդիպումն էր` իրենց եկեղեցիներուն յատուկ օրակարգի հարցերով: Այս տարի նաեւ հրաւիրուած էին շրջանի ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, որպէսզի միասնաբար քննեն ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցեր, մտահոգութիւններ եւ ծրագիրներ: Հետեւաբար, ժողովական աշխատանքներուն...
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ «Մեկնելով» խորագիրով ցուցահանդէսը Արամ Փափազեանին առաջին մենացուցահանդէսն է, որ տեղի կ՛ունենայ 11-13 օգոստոս 2017-ին, «ԼՎԻՍ-Սիթի ինթըրնեշընըլ սքուլ»-ին մէջ (LWIS-CiS), Քանթարի, Պէյրութ: Այս առիթով «Ազդակ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտին հետ: «Ասիկա իմ առաջին մենացուցադրութիւնս է, հակառակ անոր որ ասկէ առաջ մասնակցած եմ քանի մը հաւաքական ցուցահանդէսներու` սկսեալ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ցուցահանդէսներէն, մինչեւ իսկ մասնակցած...
Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան հրաւէրով, երէկ` չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը, զոր վարեց եւ զեկուցումով հանդէս եկաւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Սապունճեան: Բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` ան դիտել տուաւ, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է լուսարձակի տակ առնել պետական նոր օրէնքները, որոնք կը նպաստեն ճարտարարուեստի մարզի...
«Վերանորոգենք եւ վերանորոգուինք` մասնակցելով» միջթեմական երիտասարդական համագումարին երկրորդ օրը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2017-ին, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Այս օր յատկացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի առաքելութեան եւ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Բերիոյ եւ Կիպրոսի թեմերուն երիտասարդներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու մտահոգութիւններուն արծարծման: Օրուան առաջին նիստով զեկուցեց Մեծի...
Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան նախկին նախագահ եւ երկար տարիներու անդամ Վազգէն Եարտըմեան: Եարտըմեան զեկուցեց իբրեւ Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան խորհրդատու իր ստանձնած պարտականութեան մասին: «Ազդակ»-ի հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին Եարտըմեան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ իր կատարած կարճաժամկէտ առաքելութեան: Ան հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին հովանաւորութեամբ ինք նշանակուած է...
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ ընթացք առաւ Խանասորի արշաւանքի 120-ամեակին նուիրուած կրտսեր պատանիներու բանակումը` Այնճարի մէջ: Երէկ` երեքշաբթի, 8 օգոստոս 2017-ին, բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ` մասնակցութեամբ 65 կրտսեր պատանիներու: 65 կրտսեր պատանիները բաժնուած են 3 խումբերու` «Խանասորայ Վարդան», «Նիկոլ Դուման» եւ «Իշխան»: Բանակումին մասնակիցները պիտի հետեւին դաստիարակչական եւ մարզական ծրագիրներու, խմբային աշխատանքներու, պիտի մասնակցին զրոյցներու...
Քանի մը ամիս առաջ, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, հաւատարիմ մնալով «Միշտ օգնել ուրիշին» կարգախօսին, կազմակերպեցին արշաւ մը, ու սկսան վաճառել «Նօ Ուան Ֆայթց Ըլոն» ապարանջանները 2000 լ.ո.-ի, նպատակ ունենալով վաճառքին ամբողջ հասոյթը տրամադրել մասնաճիւղի երէց փաղանգէն սկաուտ եղբօր մը քաղցկեղի բուժման ծախսերուն: Հրապարակի վրայ դրուելէն անմիջապէս մէկ օր ետք, 1000 ապարանջանը սպառեցաւ, ուստի խմբապետութիւնն ու...
Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին, երէկ` երեքշաբթի, 8 օգոստոս 2017-ին «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ ընթացք առաւ շրջանային միջթեմական երիտասարդական համագումարը` «Վերանորոգենք եւ վերանորոգուինք` մասնակցելով» ընդհանուր նիւթով: Այս համագումարին կը մասնակցին 30 երիտասարդներ Լիբանանի, Բերիոյ, Քուէյթի եւ շրջակայից, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու Կիպրոսի թեմերէն: Նշենք, որ այս համագումարը արձագանգն է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թելադրութեան`...
Օրերս, Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած հայրենի անուանի գրող Մուշեղ Գալշոյեանին: Բանախօսը` հայրենի մտաւորական, արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեան, հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց Մուշեղ Գալշոյեանի ստեղծագործական, հասարակական եւ ազգային կեանքին մասին բացառիկ կարեւոր եւ ուշագրաւ տեղեկութիւններ: Երեկոյի ընթացքին հնչեցին հատուածներ Գալշոյեանի ստեղծագործութիւններէն եւ...
Մարիա Սարգիսեան կը տեղեկացնէ, որ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու «Խանասորից Շուշի, յաղթանակից յաղթանակ» ութօրեայ հայաստանագնացութեան վերջին եռօրեան իրականացաւ Արցախի մէջ, ուր շաբաթ, 5 օգոստոս 2017-ին 230 պարման-պարմանուհիներ երկար ճանապարհորդութենէ ետք հասան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ: Կիրակի, 6 օգոստոս 2017-ի առաւօտուն պատանիները առիթը ունեցան այցելելու Գանձասարի վանք, ուրկէ ուղղուեցան դէպի Խանասորի արշաւանքի մտայղացումը կատարած Նիկոլ Դումանի տուն թանգարանն ու Խանասորայ Վարդանի բնակարանը: Նոյն...
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը եւ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը կը յայտարարեն, թէ յետ եռօրեայ հոգեւոր ամփոփումի, գումարուեցաւ Միաբանական ընդհանուր ժողովը Զմմառու վանքին մէջ, 3-էն 5 օգոստոս 2017-ին: Մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ սոյն ժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր տիրոջ եւ մասնակցութեամբ 22 միաբան հայրերուն, վերընտրուեցաւ գերպծ....
4 օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջի դատին գլխաւոր փաստաբաններէն Ճեմ Սոֆու Օղլուի հետ: Խորհրդակցական հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դատի իրաւական յանձնախումբի անդամներէն դոկտ. Նորա Պայրաքտարեանը: Հանդիպումին ընթացքին քննուեցան դատական հոլովոյթին ներկայ փուլը եւ յառաջիկայ կարելիութիւնները, մասնաւորաբար Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ: Ապա,...
Քանաքեռաւանի մէջ տեղի ունեցող եւ «Խանասորից Շուշի, յաղթանակից յաղթանակ» խորագիրը կրող ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու համահայկական բանակումին հայաստանեան վերջին երկու օրերը լի էին խանդավառութեամբ, որովհետեւ իւրայատուկ յայտագիրը նոր շունչ եւ ոգի փոխանցեց բանակողներու ազգային դաստիարակութեան գանձարանին: Չորրորդ օրը դաշնակցական պատանիները նախ մեկնեցան Օշական գիւղ, ուր կը հանգչի մեր ոսկեղինիկի հայր Մեսրոպ Մաշտոցը, հոնկէ ուղղուեցան Ապարանի Այբուբենի այգին եւ շարունակեցին դէպի յաղթանակներու...
Երեւանի պետական համալսարանի 500 ուսանողներու համար նախատեսուած հանրակացարան կը կառուցուի: Երեւանի պետական համալսարանի կայքը, համալսարանի ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներու կեդրոնի տնօրէն Վահագն Վարագեանը վկայակոչելով` կը յայտնէ, որ հանրակացարանը պիտի ունենայ երկտեղանոց սենեակներ` առանձին լուացարաններով, մեծ ճաշարան մը, եւ իւրաքանչիւր յարկի վրայ` խոհանոց: Վարագեան յայտնած է, որ շինարարութիւնը կը կատարուի ամերիկահայ բարերար Գուրգէն Ասատուրեանի` Երեւանի պետական համալսարանին կտակած մէկ միլիոն տոլարով,...
2011/03/04 – 2014/12/31