Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՈՄ-ը` Արսալի Բարձունքներուն Վրայ

August 14, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 12 օգոստոս 2017-ին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Արսալի բարձունքները` գետնի վրայ տեսնելու Հըզպալլայի արձանագրած նուաճումները ընդդէմ Ժապհաթ Նուսրայի:

Հըզպալլայի ուսանողական թեւին կազմակերպած այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան տարբեր կուսակցութիւններու ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր նաեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին հաւաքուելէ ետք Պաալպեքի մէջ նախատեսուած հաւաքատեղիին մէջ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները մեկնեցան Հըզպալլայի կեդրոններէն մէկը: Կեդրոնին մէջ ներկայացուցիչները ստացան զինուորական զգեստներ եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն ընկերակցութեամբ սկսան մեկնիլ դէպի բարձունքները, ուր անոնց պիտի բացատրուէր Հըզպալլայի արձանագրած նուաճումներուն եւ Ժապհաթ Նուսրայէն ազատագրուած հողերուն մասին: Քանի մը զինուորական ապահովական կեդրոններ անցնելէ ետք պատուիրակութիւնները հասան վայր մը, ուր ականատես եղան Ժապհաթ Նուսրայի պատրաստած արձակազէններու յատուկ կայաններուն. այստեղ Հըզպալլայի սպաներէն մէկը ներկաներուն բացատրեց շրջանին աշխարհագրութիւնը եւ Հըզպալլայի դիմագրաւած դժուարութիւնները պատերազմի ընթացքին: Պէտք է նշել, որ նախքան Արսալի բարձունքները հասնիլը, պատուիրակութիւններուն վրայ շատ դրական տպաւորութիւն ձգեց գիւղի բնակիչներուն վերաբերումը Հըզպալլայի մարտիկներուն նկատմամբ: Անոնք եւ անոնց մանուկները երբ կը տեսնէին զինուորական փոխադրակառքերը, «Աստուած պահապան» բացագանչելով յաջողութիւն կը մաղթէին մարտիկներուն:

Պատուիրակութիւններուն յաջորդ կանգառը եղաւ Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Շամիի (ծանօթ` Ապու Մալեք Թալլի կեղծանունով) քարայրը, ուր բանտարկուած էին լիբանանեան բանակի առեւանգուած զինուորները: Քարայրի մուտքին սպաներէն մէկը ներկաներուն բացատրեց Արսալի գործողութեան քաղաքական կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի, սուրիական բանակի եւ Հըզպալլայի ուժերու համագործակցութեան կարեւորութիւնը` նորանոր յաղթանակներ արձանագրելու իմաստով:

Վերջապէս կազմակերպուեցաւ նաեւ շրջապտոյտ մը Հըզպալլայի հրետանիին շուրջ, ուր մասնակիցները ականատես եղան Հըզպալլայի գործածած զինամթերքին: Վերջին կայարանին իւրաքանչիւր կուսակցութենէ ներկայացուցիչ մը իր տպաւորութիւնը յայտնեց մարտիկներուն` «Մանար» կայանին հետ կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Երէց Պատանիներու Տարեկան Բանակում` Նուիրուած Խանասորի Արշաւանքի 120-ամեակին

Յաջորդը

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը Ողողուեցաւ Ուխտաւորներու Հոծ Բազմութեամբ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.