Իրանի Դեսպանը Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին
Իրանի իսլամական հանրապետութեան դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի այցելեց ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեանի հետ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանային ընդհանուր կացութիւնը, յատկապէս Արսալի եւ Քաայի շրջաններուն մէջ վերջին օրերու զարգացումները եւ հաւատադրժողական խմբակներու դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը: Անդրադառնալով հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն` Իրանի դեսպանը...



















