Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Համահայկական Բանակումի Հայաստանեան Վերջին Երկու Օրերը

August 5, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանաքեռաւանի մէջ տեղի ունեցող եւ «Խանասորից Շուշի, յաղթանակից  յաղթանակ» խորագիրը կրող ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու համահայկական բանակումին հայաստանեան վերջին երկու օրերը լի էին խանդավառութեամբ, որովհետեւ իւրայատուկ յայտագիրը նոր շունչ եւ ոգի փոխանցեց բանակողներու ազգային դաստիարակութեան գանձարանին:

Չորրորդ օրը դաշնակցական պատանիները նախ մեկնեցան Օշական գիւղ, ուր կը հանգչի մեր ոսկեղինիկի հայր Մեսրոպ Մաշտոցը, հոնկէ ուղղուեցան Ապարանի Այբուբենի այգին եւ շարունակեցին դէպի  յաղթանակներու դափնեկիր այլ փառապանծ հերոսի` զօր. Դրաստամատ Կանայեանի շիրիմը:

Կէսօրուան ընդմիջումէն ետք պատանիները Եռաբլուրի մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հոն առյաւէտ հանգչող մեր հին ու նոր նահատակներուն, ծաղիկներ զետեղեցին անոնց շիրիմներուն վրայ, ապա` բացատրութիւններ ստանալէ ետք, անոնք հաւաքական երգեցողութեամբ հնչեցուցին «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Թիկունքդ լայն», «Լերան լանջին» եւ այլ յեղափոխական երգեր` այն համոզումով, որ` «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ` անմահութիւն»:

Անկէ ետք բանակողները իրենց ուղեւորութիւնը շարունակեցին դէպի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթող, ուր անմար կրակին շուրջ պատանիները ոգեւորութեամբ եւ Հայ դատի աշխատանքները շարունակելու ուխտը վերանորոգելով ասմունքեցին:

Քանաքեռաւանի եզրափակիչ օրուան առաւօտեան, սովորական օրակարգերէն ետք, պատանիները օգտաշատ հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին հետ, որ մատչելի եւ հետաքրքրական կերպով լուսարձակի տակ առաւ Հայ դատ հասկացողութիւնը` իր լայն ըմբռնումով:

Այնուհետեւ անոնք այցելութիւն մը տուին Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան ռազմական ուսումնարան, ուր կեդրոնի հիմնադրութեան ու տարած յոյժ կարեւոր աշխատանքին մասին հակիրճ զեկուցում մը ստանալէ ետք, շրջեցան կեդրոնի ենթաբաժինները եւ որոշ գիտելիքներ ստացան հոն ծաւալած լայնածիր գործունէութեան մասին:

Յետմիջօրէին բանակողները ուղղուեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակ, Վերնիսաժ եւ Հիւսիսային պողոտայ, ուր մէկ մարդու նման յեղափոխաշունչ երգերով ու խրախուսիչ կանչերով թնդացուցին ամբողջ Երեւանը: Մէկ խօսքով, երեւանցի քաղաքացին, օտարականն ու գաղափարակից ընկերը` միանալով պատանիներու քայլարշաւին, միասնականութեան եւ հայրենասիրական ապրումներ ներարկեցին բոլորին` կազմելով գեղեցիկ ու տպաւորիչ խճանկար մը, որ պիտի յաւերժանայ իւրաքանչիւր պատանիի մտապաստառին վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Գուրգէն Ասատուրեանի Կտակին Գումարով Երեւանի Պետական Համալսարանը 500 Ուսանողներու Համար Կացարան Կը Կառուցէ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սիսի Կաթողիկոսարանի Դատին Գլխաւոր Փաստաբանը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.