Լիբանանահայութիւնը Արեան Տուչութեամբ Կը Զօրակցի Լիբանանեան Բանակին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կոչին ընդառաջելով` երէկ, ուրբաթ, 25 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, բազմաթիւ հայորդիներ փութացին Պուրճ Համուտի հրապարակ եւ արեան տուչութեան միջոցով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին լիբանանեան բանակին, որուն զինուորները իրենց սրբազան պարտականութեան ճամբուն վրայ իրենց կեանքն ու անձը չեն խնայեր պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ, երաշխաւորելու երկրին ու լիբանանցիներուն ապահովութիւնը: Պուրճ Համուտի հրապարակը սովորականէն տարբեր տեսք...




















