Երեւանի պետական համալսարանի 500 ուսանողներու համար նախատեսուած հանրակացարան կը կառուցուի:
Երեւանի պետական համալսարանի կայքը, համալսարանի ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներու կեդրոնի տնօրէն Վահագն Վարագեանը վկայակոչելով` կը յայտնէ, որ հանրակացարանը պիտի ունենայ երկտեղանոց սենեակներ` առանձին լուացարաններով, մեծ ճաշարան մը, եւ իւրաքանչիւր յարկի վրայ` խոհանոց:
Վարագեան յայտնած է, որ շինարարութիւնը կը կատարուի ամերիկահայ բարերար Գուրգէն Ասատուրեանի` Երեւանի պետական համալսարանին կտակած մէկ միլիոն տոլարով, ինչպէս նաեւ համալսարանի սեփական միջոցներով:
Գուրգէն Ասատրեան ՀՅԴ Ուաշինկթընի «Սեպուհ» կոմիտէութեան վաստակաւոր անդամներէն էր:
Շինարարական աշխատանքներու աւարտը կը նախատեսուի 2018-ի ամրան:



