Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը Ողողուեցաւ Ուխտաւորներու Հոծ Բազմութեամբ

Օգոստոս 14, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը յատուկ տեղ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ: Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի «Ուխտի օր»-ը ամէն տարի կը տօնախմբուի հանդիսաւորապէս` յատուկ արարողութիւններով եւ ժողովրդական աւանդութիւններով:

Արդարեւ, 12 օգոստոս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի «Ուխտի օր»-ուան առիթով մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ: Օրուան պատարագիչն էր Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:

Պատարագի աւարտին, միաբան հայրերէ կազմուած թափօրը դէպի խորան առաջնորդեց վեհափառ հայրապետը, որ եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն համաձայն կարդաց Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքը եւ օրհնեց Ս. Աստուածածինին իբրեւ երախայրիք ընծայաբերուած մատաղն ու խաղողը: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան` խօսելով Աստուածամօր յատկանիշներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ յատկապէս յիշեց երեք կարեւոր կէտեր. ա) Աստուածամօր մայրութեան տիպարը, բ) երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ, եւ գ) հայու ինքնութեան հարցը:

Խօսելով Աստուածածինին տիպար մայր ըլլալու հանգամանքին մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեր մայրերն ու քոյրերը իրենց կեանքին դիմաց պէտք է միշտ ունենան Ս. Մարիամ Աստուածածինը, անոր աղօթական ու ծառայական կեանքը, երկնային շնորհներով լեցուն անձը պէտք է ուղեգիծը դառնայ մեր մայրերուն ու քոյրերուն յատկապէս ներկայ աշխարհին մէջ, ուր ամէն տեղ շրջապատուած ենք մեզ մոլորեցնող բազմազան երեւոյթներով»:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ երիտասարդութեան կարեւորութեան ու դերակատարութեան եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ` ըսելով. «Կը յիշեցնենք մեր երիտասարդներուն, թէ մեր եկեղեցին իրենց հետ է. մենք կը գնահատենք մեր երիտասարդները, կը վստահինք մեր երիտասարդութեան ու կը սպասենք, որ հեռու չմնան մեր կեանքէն եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն մեր հաւաքական կեանքին, բոլոր մարզերուն մէջ ու բոլոր մակարդակներուն վրայ: Նաեւ կը թելադրենք մեր պատասխանատու կառոյցներուն, որ լայն տեղ յատկացնեն մեր երիտասարդներուն` քաջալերելով զանոնք, որ իրենց ունեցած կարելիութիւններէն ու կարողականութենէն առաւելագոյն չափով ներդրում կատարեն մեր հաւաքական կեանքին»:

Վերջապէս, անդրադառնալով սփիւռքի հայուն ինքնութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց. «Մեր մօտեցումը մօտիկ անցեալին եղած է պարագայական ու երբեմն` մակերեսային: Ժամանակն է, որ լուրջ մօտեցում ունենանք այս յոյժ կարեւոր հարցին նկատմամբ, որովհետեւ այսօր, փաստօրէն, մէկ կողմէ Հայաստանէն արտագաղթած մեր ժողովուրդի զաւակներով աւելի ծաւալած է հայ սփիւռքը եւ նորանոր խնդիրներով ու մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած, իսկ միւս կողմէ` շրջապատուած է այնպիսի հոսանքներով, որոնք սկսած են մաշեցնել հայու ինքնութիւնը: Չմոռնանք, որ Ցեղասպանութենէն ետք սփիւռք դարձած հայը ամէնօրեայ պայքարի վերածեց իր կեանքը եւ թոյլ չտուաւ, որ սպիտակ ջարդը աշխարհի երեսէն ամբողջութեամբ բնաջնջէ հայ ժողովուրդը: Ներկայ ժամանակներուն մեզ շրջապատող ահաւոր վտանգներուն դիմաց մենք պարտաւոր ենք առողջ եւ հզօր պահել մեր ինքնութիւնը»:

Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, հաւատացեալները հաղորդակից դառնալով Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնի խորհուրդին` ստացան համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային զոհագործումի, բարիքներու եւ բերրիութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի այս տարուան առաջին օրհնուած ճիռերը: Յայտնենք, որ «Ուխտի օր»-ուան պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը` հայրենիքի թէ աշխարհի տարբեր ծայրամասերուն ապրող ժողովուրդի մեր զաւակները եւս հաղորդակից դարձնելով հոգեթով արարողութիւններուն:

Ս. Աստուածածին Վանքը` Հայ Ժողովուրդի Ուխտատեղին

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, այս տարի եւս Աստուածամօր նուիրուած աննախընթաց հոգեպարար շաբաթ մը ապրեցան մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները:

Արդարեւ, 7-11 օգոստոս 2017-ի առաւօտները, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի շաբթուան եւ համանուն եկեղեցւոյ 65-ամեակին առիթով, կազմակերպուեցաւ դասախօսութիւններու շարք մը` նուիրուած կիլիկեան շրջանի ուխտատեղիներուն, իսկ երեկոները մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Դասախօսութիւնները ներկայացուեցան երիտասարդ միաբան հայրերու կողմէ: Անոնք ժողովուրդին ներկայացուցին կիլիկեան շրջանի մեր վանքերուն եւ ուխտատեղիներուն մասին ծանօթութիւններ, խօսեցան ուխտ հասկացողութեան մասին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններով ու յորդորներով քաջալերեցին հաւատացեալները, որպէսզի ընդհանրապէս եւ այս շաբթուան ընթացքին յատկապէս, դիմեն Աստուածամօր, խնդրեն անոր բարեխօսութիւնը` իրենց ցաւերէն ազատելու, հիւանդութիւններէն բժշկուելու, հոգեկան անդորրութիւն ստանալու եւ հաւատքով աւելի լիցքաւորուելու:

Իսկ ուրբաթ, 11 օգոստոս 2017-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ աւանդական աղօրհնէքի արարողութիւն, որմէ ետք սկսաւ մատաղ պատրաստելու հոլովոյթը:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, Անթիլիասի մայրավանքէն սկիզբ առաւ ուխտագնացութիւն մը դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք: Ուխտագնացութեան մասնակցեցան շուրջ 200 ուխտաւորներ, իսկ ճամբուն վրայ անոնց միացան 300-է աւելի ուխտաւորներ, եւ իրիկուան ժամը 11:00-ին շուրջ 1000 ուխտաւորներ, 5 ժամ քալելէ ետք` կլիմայական ծանր պայմաններու մէջ, մուտք գործեցին Ս. Աստուածածին վանք, ուր դիմաւորուեցան վեհափառ հայրապետին կողմէ` շրջապատուած միաբան հայրերով: Ապա, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Անդաստանի շքեղ արարողութիւն: Վեհափառ հայրապետին պատգամը ուղղուած ուխտաւորներուն բարձրակէտը հանդիսացաւ ուխտագնացութեան: Վեհափառ հայրապետը իր քաջալերանքի խօսքը ուղղեց ներկայ բազմութեան եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդութեան` ըսելով. «Հաւատքի ի՜նչ հոգեպարար տեսարան է այս տեսարանը` իբրեւ քրիստոնէական հաւատքին ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնը: Քրիստոնէական կեանքի ամէնէն գեղեցիկ ու հարազատ արտայայտութիւններէն մէկն է: Ուխտագնացութիւնը քրիստոնէական իմաստով հաւատքի՛ ուխտագնացութիւն է: Ուխտագնացութիւնը հաւատքով ուղղուած երկրէն բարձրացում է երկինք: Ուխտագնացութիւնը Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպումն է: Մեր ժողովուրդի զաւակները ահաւասիկ, եւ յատկապէս երիտասարդները, հաւատքի մղումով քալեցին, այս երկա՜ր ու յոգնեցուցիչ ճամբան կտրեցին` Անթիլիասի մայրավանքէն մինչեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք: Եւ այսպէս, սիրելի՛ երիտասարդներ, մեր ժողովուրդին դիմաց, մեզ շրջապատող համայնքներուն դիմաց, ցոյց տուիք քրիստոնէական հաւատքին մեր ամուր կապուածութիւնն ու անխախտ հաւատարմութիւնը: Դուք Աստուծոյ հետ ըլլալու կենդանի փաստը եւ վկայութիւնը տուիք, քալեցիք մեր եկեղեցւոյ, մեր պատմութեան, մեր սուրբերու ու նահատակներու ճամբէն` վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով: Մեր բոլորին ուխտը ընդունելի ըլլայ Աստուծոյ կողմէ»:

 

 

Նախորդը

ԶՈՄ-ը` Արսալի Բարձունքներուն Վրայ

Յաջորդը

Թրամփ Քննադատութեան Կ՛ենթարկուի Շարլոցվիլի Մէջ Բախումներուն Իր Հակազդեցութեան Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?