Վերջին երկու օրերուն մարոնի պատրիարքարանի ամարանոցին` Տիմանի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի պատրիարքներու հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու քրիստոնէական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ: Հանդիպումը շրջանի կաթողիկէ պատրիարքներու տարեկան հանդիպումն էր` իրենց եկեղեցիներուն յատուկ օրակարգի հարցերով: Այս տարի նաեւ հրաւիրուած էին շրջանի ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, որպէսզի միասնաբար քննեն ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցեր, մտահոգութիւններ եւ ծրագիրներ:
Հետեւաբար, ժողովական աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ մտահոգութիւնները: Այս մասին ներկայ պատրիարքները եւ յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ ու Եգիպտոսի պատրիարքները ժողովական հայրերուն հետ բաժնեցին իրենց երկիրներուն մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն ապրած դժուարութիւնները: Այս ծիրին մէջ նաեւ խօսք առաւ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ իր մտածումները, մտահոգութիւններն ու թելադրութիւնները պարզեց ժողովին` հետեւեալ ամփոփ կէտերուն մէջ խտացնելով զանոնք.-
1) Քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արեւելքէն նոր երեւոյթ մը չէ. քրիստոնէութեան ծննդավայրը հանդիսացած այս շրջանէն պատմութեան ընթացքին զանազան պատճառներով դժբախտաբար հեռացած են քրիստոնեաներ: Այսօր քրիստոնէութեան պարզած ֆիզիքական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ մեզ խորապէս կը մտահոգէ, սակայն մենք միայն մեր ցաւը կամ ընդվզումը պէտք չէ արտայայտենք, այլ նաեւ յոյս պէտք է ներշնչենք մեր համայնքներուն ու զանոնք աւելի կազմակերպելու ծրագիրներ մշակենք:
2) Քրիստոնէութիւնը, ինչպէս յաճախ կը շեշտենք, կը պատկանի Միջին Արեւելքին, հո՛ս են անոր արմատները, եւ անիկա պատմութեան ընթացքին կարեւոր դեր ունեցած է շրջանի կրօնական, մշակութային, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ:
3) Իբրեւ տեղացիներ եւ լիիրաւ քաղաքացիներ, քրիստոնեաները իրենց պարտաւորութիւնները լիովին կատարած են իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, ժամանակն է, որ անոնք նաեւ տէր կանգնին իրենց իրաւունքներուն:
4) Երկար դարեր քրիստոնեաները ապրած են իսլամներուն հետ: Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը մեր կեանքի կարեւոր տարածքներէն մէկն է: Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը պէտք է վերաշեշտենք եւ միւս կողմէ դատապարտենք ծայրայեղականութիւնն ու բռնութիւնը, որոնք դարձած են արմատ տեսակ-տեսակ չարիքներու:
5) Քրիստոնէութիւնը դիմագրաւող ներկայ մտահոգութիւններու լոյսին տակ, քրիստոնէական միութեան ամրապնդումը հրամայական է: Միջեկեղեցական գործակցութիւնը, միացեալ ծրագիրներու մշակումը եւ մանաւանդ Զատկուան միացեալ թուականի ճշդումը գործնական արտայայտութիւն պիտի տայ քրիստոնէական միութեան:
6) Բնականաբար շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութեան պատմութեան այս հանգրուանին մենք կարիքը ունինք զօրակցութեան, արեւմտեան քրիստոնէութեան զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցիներու սփիւռքներու ամբողջական զօրակցութեան: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, որ նոր ծրագիրներ մշակուին:
Այս ընդհանուր մտածումներէն ետք, վեհափառ հայրապետը, ինչպէս նաեւ բոլոր ժողովականները, իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Լիբանանի մէջ ապրող մեծ թիւով սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներուն գծով: Անոնք շեշտեցին մարդասիրական օգնութեան կարեւորութիւնը եւ միաժամանակ գաղթականներուն իրենց երկիրները վերադառնալու իրաւունքը:
Ապա, հոգեւոր պետերը Տիմանէն ուղղուեցան նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հետ: Յաջորդաբար խօսք առին մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքը, վեհափառ հայրապետը, պապական նուիրակը, ասորի կաթողիկէ, քաղդէական եկեղեցւոյ եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքները: Իր խօսքին մէջ նախագահը ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ շեշտեց Լիբանանը միջազգային շրջանակներուն մէջ իբրեւ կրօններու եւ մշակոյթներու երկխօսութեան երկիր ներկայացնելու հրամայականը:
Վերոյիշեալ հանդիպումներուն վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Ռայի Պատրիարքը Կ՛անդրադառնայ Կաթողիկէ Վարժարաններուն Մէջ
Կրթաթոշակներու Բարձրացման Հարցին
Նախանցեալ օր, մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքին գլխաւորութեամբ արեւելքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ համայնքներու պատրիարքներու եւ հոգեւոր պետերու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարք, այցելեց Պաապտայի պալատ եւ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպման ընթացքին խօսք առնելով Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ արեւելքի պատրիարքներու 25-րդ խորհրդաժողովի առաջին օրուան ընդհանուր խորագիրն է «Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ եկեղեցական եւ քաղաքական իրավիճակները»: «Ուզեցինք այս հարցերը արծարծել ձեզի հետ, որպէսզի նաեւ լսենք ձեր միտքերը եւ առաջարկները, որոնց կարիքը ունինք: Այսօր քննարկեցինք զանազան հարցեր, որոնց շարքին` Լիբանանի կարեւորութիւնը իբրեւ իր առանձնայատկութիւնները ունեցող պետութիւն, անոր դերակատարութիւնը եւ կարեւորութիւնը արեւելեան միջավայրին մէջ, տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական մարզերուն մէջ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ մտահոգութիւնները, մանաւանդ տեղահանուածներու եւ գաղթականներու հարցին լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով միաժամանակ, որ ձեզի հետ մենք ալ մեր մարդկային զօրակցութիւնը կը յայտարարենք անոնց նկատմամբ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Մարոնի եկեղեցւոյ պետը շեշտեց արաբական եւ միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ կրօնը պետութենէն անջատելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ ատիկա իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ քրիստոնեային վրայ, որպէսզի վերջինս իր դրական ներդրումը ունենայ իր երկրին շէնացման աշխատանքին մէջ: Ան նաեւ ընդգծեց կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական երկու հազարամեայ ներկայութեան, որ դիւրութեամբ չի կրնար արմատախիլ ըլլալ վերջին դէպքերուն պատճառով:
Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ աշխատավարձերու յաւելումներուն լոյսին տակ կաթողիկէ եւ սեփական վարժարաններուն մէջ կրթաթոշակներու յաւելման հարցին` նշելով, որ պէտք է աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը վերատեսութեան ենթարկուի պետական ամավարկին վաւերացումէն ետք, անհրաժեշտ է կատարել նաեւ պէտք եղած բարեկարգումները, հաւասարակշռութիւնը պահպանել մուտքերուն եւ ծախսերուն միջեւ, քաղաքացիները չսպառել տուրքերու բեռին տակ, արդար կերպով վարուիլ ուսուցիչներուն, ծնողներուն ու դպրոցներուն հետ եւ պահանջել պետութենէն, որ օգնէ սեփական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու ծնողներուն` կրթական քարտի որդեգրման միջոցով: «Իսկ եթէ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումները անմիջապէս պիտի կիրարկուին, ապա պետութիւնը պէտք է հոգայ նաեւ դպրոցներուն մէջ արձանագրուելիք յաւելումները այս տարուան ընթացքին», ընդգծեց Ռայի պատրիարք: