Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Փափազեան Կը Ներկայացնէ Իր «Մեկնելով» Մենացուցահանդէսը

August 11, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

«Մեկնելով» խորագիրով ցուցահանդէսը Արամ Փափազեանին առաջին մենացուցահանդէսն է, որ տեղի կ՛ունենայ 11-13 օգոստոս 2017-ին, «ԼՎԻՍ-Սիթի ինթըրնեշընըլ սքուլ»-ին մէջ (LWIS-CiS), Քանթարի, Պէյրութ: Այս առիթով «Ազդակ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտին հետ:

«Ասիկա իմ առաջին մենացուցադրութիւնս է, հակառակ անոր որ ասկէ առաջ մասնակցած եմ քանի մը հաւաքական ցուցահանդէսներու` սկսեալ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ցուցահանդէսներէն, մինչեւ իսկ մասնակցած եմ Պերլինի մէջ «Լեմօ արթ» կոչուած ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին, անոր շնորհիւ ալ մեր գործերը սահմանափակ թիւով տպուեցան խմիչքի մը արտադրութիւններուն վրայ, որոնք բաշխուեցան որոշ ձեռնարկի մը ընթացքին: Այս ցուցահանդէսը կը կազմակերպեմ նախքան ուսման համար Իտալիա մեկնիլս», նշեց ան:

Խօսելով «Մեկնելով» մենացուցահանդէսին մասին` ան ըսաւ. «Հոն ցոյց պիտի տամ տեսողական արուեստի գործեր (վիժուըլ արթ), գծագրութիւններ, թուային արուեստին (տիճիթըլ արթ) ու ձեւաւորման դաշտին մէջ գոյութիւն ունեցող գործեր ու թուային եռածաւալ քանդակներ»:

«Որքան կը յիշեմ, միշտ ալ գծած եմ կեանքիս մէջ: Աշակերտական օրերէս ի վեր յաճախած բոլոր վարժարաններուս գրասեղանները երեւի կը կրեն գրիչէս գիծեր: Պէտք է ըսեմ, որ այդ գրասեղանները նոյնպէս ենթարկուած էին որոշ բանաստեղծական տողերու եւ բաւական թմբուկի կշռոյթներու», նշեց Փափազեան, որ նաեւ «Կարապալա» խումբին հարուածային գործիքներու երաժիշտն է:

Լիբանանի մէջ արուեստի աշխարհին մաս կազմելու կամ արուեստագէտ մը ըլլալու մասին ան յայտնեց, որ որեւէ ասպարէզ իր դժուարութիւններն ու հանգիստ բաժինները ունի, եւ իւրաքանչիւր անհատ իր առօրեային մէջ ենթակայ է իր ապրած երկրին մարտահրաւէրներուն: «Եթէ իւրաքանչիւրս մեր ընելիքը ընենք բնական կերպով, այսինքն` ոչ բռնազբօսիկ կերպով, այն ատեն աւելի դիւրին արուեստագէտ կրնանք ըլլալ, քան մեր ոճէն ու նկարագիրէն տարբեր գործեր փորձենք արտադրել` յարմարելու համար արտաքին աշխարհին: Անոնք, որոնք արուեստով հետաքրքրուած են, կ՛երեւի կա՛մ արուեստասէր են, կա՛մ ալ իրենց ուսման կամ գործին բերումով այդպէս են: Հաւանաբար իմ արտադրած արուեստի գործովս հետաքրքրուած կ՛ըլլան կամ պիտի ըլլան արուեստի աշխարհի նորութիւններուն եւ ներկային հետեւողները», նշեց ան:

«Իսկ ես ընդհանրապէս ազդուած եմ երաժշտութեան կշռոյթներէ, բանաստեղծութիւններէ, փիլիսոփայական հարցադրումներէ: Եթէ ուղղակի արուեստի մասին պիտի խօսիմ, կրնամ ըսել, որ փորձառական, վերացական, արտայայտչապաշտական, յղացական, գերիրապաշտական արուեստներէ ազդուած եմ, ինչպէս նաեւ` փողոցի արուեստէն: Ունիմ նախասիրած արուեստագէտներ, ինչպէս` Ճեքսոն Փուլլոք, Փոլ Քլի, Սալվատոր Տալի եւ այլն», ըսաւ Փափազեան:

 

 

Նախորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Քրտական Ազգայնականութեան Ծնունդը Եւ Հայկական Հարցի Գործօնը 1890-1914

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնեաներ Իրենց Քաղաքացիական Պարտաւորութիւնները Լիովին Կատարած Են, Այժմ Տէր Պէտք Է Կանգնին Իրենց Իրաւունքներուն»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Յայտարարութիւն

September 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

September 22, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.