Օրերս, Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած հայրենի անուանի գրող Մուշեղ Գալշոյեանին:
Բանախօսը` հայրենի մտաւորական, արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեան, հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց Մուշեղ Գալշոյեանի ստեղծագործական, հասարակական եւ ազգային կեանքին մասին բացառիկ կարեւոր եւ ուշագրաւ տեղեկութիւններ: Երեկոյի ընթացքին հնչեցին հատուածներ Գալշոյեանի ստեղծագործութիւններէն եւ ցուցադրուեցան հատուածներ «Ձորի Միրօ» ժապաւէնէն:
Մուշեղ Գալշոյեանին նուիրուած այս երեկոն մեծ գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ եւ իբրեւ անմոռաց յուշ պիտի մնայ գրականասէր այնճարցիներու յիշողութեան մէջ: