Կիրակի, 26 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-12:00, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ աչքի անվճար քննութեան ենթարկուեցան Պուրճ Համուտի աւելի քան հարիւր բնակիչներ` տարբեր համայնքներու ու տարիքի պատկանող:
«Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլի Քահուաժի ըսաւ, որ քաղաքապետն ու խորհուրդի անդամները հետամուտ են տարբեր տեսակի ծրագիրներ ու նախաձեռնութիւններ իրականացնելու` Պուրճ Համուտի բնակիչներուն ընկերային ծառայութեան ծիրին մէջ: Ըստ անոր, ասիկա աչքի անվճար երկրորդ քննութիւնն է, որ իրականութիւն կը դառնայ իրենց նախաձեռնութեամբ եւ «Պէյրութ լայընզ սիլեքթ» ակումբին հետ համագործակցաբար: Էլի Քահուաժի դիտել տուաւ, որ այս ծրագիրը իրագործուած է գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններու` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին, Պուրճ Համուտի «Քարիթաս»-ին, «Նարեկի Տիրամօր» ընկերաբժշկական կեդրոնին, ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան եւ Բարգաւաճման ծառայութեան կեդրոնին: Ըստ անոր, նման նախաձեռնութիւններ իրականութիւն կ’ըլլան բարեսիրական նպատակներով գործող կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեամբ, որովհետեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ունի թէ՛ իր ծրագիրները եւ թէ՛ այլ կառոյցներու հետ միացեալ աշխատանքով իրականացածները, որոնց նպատակը միշտ ալ շրջանի բնակիչներուն ծառայելն է: Ան աւելցուց, որ անվճար ակնոցներ պիտի տրամադրուին եւ անհրաժեշտ վիրահատութիւններու պիտի ենթարկուին քննութեան իբրեւ արդիւնք կարիք ունեցող անձերուն:
Աչքի քննութեան ենթարկուեցան 104 անձեր, որոնցմէ 24-ին բժշկական ակնոցներ պիտի տրամադրուին, իսկ 23 ուրիշներ պիտի ենթարկուին կապոյտ ջուրի վիրաբուժութեան: