Գաղութային

Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 25 նոյեմբերի կէսօրին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Կիրակի, 26 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:15-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն`  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս....

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ.  Համալսարանական  Մասնագիտութիւններու Արեւելում

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը երէկ` ուրբաթ, 24 նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպեց համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելում: ԶՈՄ-ի ծրագիրներուն մէջ աւանդութեան վերածուած այս նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ վեց վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աւելի քան 200 աշակերտներ, որոնք հերթաբար հասան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ եւ տեղեկութիւններ ու ցուցմունքներ ստացան համալսարաններու աւելի...

«Արարատ» Օրաթերթի 80-ամեակի  Հանդիսաւոր Նշում

«Արարատ» Օրաթերթի 80-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Հովանաւորութեամբ հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն, «Արարատ» օրաթերթի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 24 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին, երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն, կուսակցական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, պետական երեսփոխաններու, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ մամուլի գործիչներու: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու...

Մեծաթիւ Լիբանանցի Մտաւորականներու  Եւ Ակադեմականներու Ներկայութեամբ  Կայացած Կլոր Սեղանին

Մեծաթիւ Լիբանանցի Մտաւորականներու Եւ Ակադեմականներու Ներկայութեամբ Կայացած Կլոր Սեղանին

«Քրիստոնեաները Պէտք Է Մնան Ու Պայքարին Միջին Արեւելքի Մէջ Եւ Ոչ Թէ Արտագաղթեն Արեւմուտք» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի Երէկ` հինգշաբթի, 23 նոյեմբերին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինը մտաւորական բարձր մակարդակի կլոր սեղան մը կազմակերպած էր` «Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները դէպի ո՞ւր» խորագիրով: Ձեռնարկը յատկանշուեցաւ մեծ թիւով լիբանանցի ակադեմական, հոգեւոր եւ մտաւորական անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ, եւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահը լեցուած էր...

Հանդիպում` Սանճաք Քեմփի  Նախկին Բնակիչներուն Հետ

Հանդիպում` Սանճաք Քեմփի Նախկին Բնակիչներուն Հետ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սանճաք քեմփի նախկին բնակիչներուն հետ հանդիպում մը` «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրի ծրագիրին ծանօթանալու եւ անհրաժեշտ դասաւորումներ կատարելու համար: Հանդիպումը սկսաւ Լիբանանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ ամբողջական պատկերացում կու տար «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրի մասին: Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի...

Գիտաժողով. Արցախի Մէջ Պետականութեան Վերահաստատում (1917 Դեկտեմբեր – 1918 Յուլիս) Պատմագիտական Եւ Քաղաքագիտական Հայեցակէտեր

20 ապրիլ 2018-ին Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Արցախի պետական համալսարանը կը կազմակերպեն գիտաժողով մը` նուիրուած Արցախի մէջ պետականութեան վերահաստատման գործընթացի 100-ամեակին: 1917 թուականի Փետրուարեան յեղափոխութենէն եւ մասնաւորաբար նոյն թուականի Հոկտեմբերի պետական յեղաշրջումէն ետք, նախկին ռուսական կայսրութեան տարածքին մէջ ստեղծուեցաւ քաղաքական անկայուն վիճակ: Նախկին իշխանութեան մարմինները դադրեցան աշխատելէ: Երկրի զանազան շրջաններուն մէջ զգալի էր իշխանութեան բացակայութիւնը: Արցախի շրջաններուն...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի 2017թ.  նոյեմբերի 14-ի թիւ 886-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողների Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները մերժուել են. 18482, 18049, 18114, 18256, 18069, 18404, 18202, 15104, 18171, 18172, 18341, 18125, 18034, 18285, 18264, 18255, 18315, 18095 (Շարունակելի)

Անթիլիասի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողով

Անթիլիասի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողով

Ինչպէս հաղորդած էինք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ տարի համահայկական համաժողովով պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը։ 100-ամեակի համաժողովի կազմակերպման յանձնախումբը իր նիստը գումարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ, 20 նոյեմբեր 2017-ին։ Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Կը մասնակցէին Համաժողովի նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամներ՝ Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), Շահան Գանտահարեան (Լիբանան), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Արժանթին)...

Մամլոյ 134-րդ Լսարան.  Բաբգէն Սիմոնեանի «Պատկերներ  Լիբանանից» Հատորի Շնորհահանդէս

Մամլոյ 134-րդ Լսարան. Բաբգէն Սիմոնեանի «Պատկերներ Լիբանանից» Հատորի Շնորհահանդէս

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտաքեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 134-րդ մամլոյ լսարանը, որուն ընթացքին Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս, գրող, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ Բաբգէն Սիմոնեանի «Պատկերներ Լիբանանից» հատորի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվա Գարավարդանեան: Ան ըսաւ, որ Բաբգէն Սիմոնեան իր «Պատկերներ Լիբանանից»...

Մամլոյ 133-րդ Լսարան.  «Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918-1920.  Պատմութիւն Եւ Արդիական Խնդիրներ»

Մամլոյ 133-րդ Լսարան. «Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918-1920. Պատմութիւն Եւ Արդիական Խնդիրներ»

«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 133-րդ լսարանը: Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918-1920. պատմութիւն եւ արդիական խնդիրներ» նիւթը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (13).  «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան  Հայ Դատի Աշխատանքներուն

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (13). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Հայ Դատի Աշխատանքներուն

Երէկ` երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2017-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ լրագրութեան վարժողական ծրագիրին 13-րդ հանդիպումը: Հանդիպումին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ներկայացման առաջին բաժինով Կիրօ Մանոյեան ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ուն բացատրեց լրագրութեան ձեւերը` անդրադառնալով լրագրութեան, թղթակցութեան եւ խմբագրութեան տարբերութիւններուն, ընդգծելով յատկապէս հայկական իրականութեան մէջ` սփիւռքի հայերէնով արտայայտուող թերթերու դժուարութիւնները...

Հայ Գիրքի Համահայկական  38-րդ Ցուցահանդէսի  Բացում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայ Գիրքի Համահայկական 38-րդ Ցուցահանդէսի Բացում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 19 նոյեմբեր 2017-ին, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի 38-րդ համահայկական ցուցահանդէսին բացումը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, ազգայիններ, մտաւորականներ եւ ընթերցասէր հոծ բազմութիւն մը: Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ հայրապետական թափօրով` դէպի ցուցահանդէսին տաղաւարը, ուր վեհափառ հայրապետը կատարեց պաշտօնական բացումը: Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը...

Փոխան Ցաւակցագիրի

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի հիմնադրամներու կառոյցի մարմինը, քննելէ ետք Համազգայինի հիմնադրամներու 2015 եւ 2016 տարիներու գործառնութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարուելիք յատկացումները, այսու մեր հասարակութեան կը տեղեկացնէ, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հետ համախորհուրդ, 2015 եւ 2016 տարիներու  հիմնադրամներու եկամուտներէն կատարած է հետեւեալ յատկացումները, ըստ հիմնադրամներու կանոնագրութիւններով սահմանուած տրամադրութիւններուն: Նշենք, որ իւրաքանչիւր հիմնադրամի մայր գումարին վրայ կուտակուած է եկամուտներէն եկած շահին 25 առ հարիւրը` համաձայն հիմնադրամներու...

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած Յատուկ  Յայտագիրով Ազդանշանը Տրուեցաւ  Լիբանանի Մէջ 100-ամեակի Ձեռնարկներուն

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած Յատուկ Յայտագիրով Ազդանշանը Տրուեցաւ Լիբանանի Մէջ 100-ամեակի Ձեռնարկներուն

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, երէկ` կիրակի, 19 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Ուուտըն Պէյքըրի»-ի կից կառատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յայտագիր: Դրօշակի արարողութեան յաջորդեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութիւն` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում այն սկաուտներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն.  Սանճաք Քեմփի Նախկին Բնակիչներուն

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Սանճաք Քեմփի Նախկին Բնակիչներուն

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ քաղաքապետութեան ձեռնարկած եւ Սանճաք Քեմփի նախկին հողատարածքին վրայ «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրի շինութեան աշխատանքները սկսած են: Ինչպէս խոստացուած էր, այս բնակարաններէն օգտուելու առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի Սանճաք Քեմփի նախկին բնակիչներուն, որոնք կ՛ապահովեն պետութեան կողմէ որոշուած պայմանները: Առ այդ, Սանճաք Քեմփի նախկին բնակիչները հրաւիրուած են հանդիպումի մը, չորեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ`...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յիշատակարանի  Եւ Նուիրատուներու Ցուցատախտակներու Բացում

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յիշատակարանի Եւ Նուիրատուներու Ցուցատախտակներու Բացում

«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Սփիւռքահայութեան Սիրտը, Որ Միշտ Պիտի Բաբախէ Կայտառ, Որպէսզի Կարենայ Աւիւն Հայթայթել Մեր Միւս Գաղութներուն» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի յիշատակարանի հաստատման եւ նուիրատուներու ցուցատախտակներու բացման...

Գ. Նժդեհ Կոմիտէին Կազմակերպած  Ժողովրդային Հանդիպումին.  «Մեզի Համար Հիմնական Մարտահրաւէր Է  Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Ուժ Մնալը»  Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Գ. Նժդեհ Կոմիտէին Կազմակերպած Ժողովրդային Հանդիպումին. «Մեզի Համար Հիմնական Մարտահրաւէր Է Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Ուժ Մնալը» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ Ժողովրդային հանդիպում մը, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով տոքթ. Վարդան Ադամեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց ձեռնարկին շարժառիթն ու նպատակը, նաեւ` յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: «Լիբանան կը գտնուի շրջանային հակասութիւններու քառուղիին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 16 նոյեմբեր 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձին օրը, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ միութեան 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինին խառն նիստը, որ ամիսներու քննարկումներէ ետք վերջնականացուց 2018 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք յոբելենական կեդրոնական ձեռնարկներուն շարքը: Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ, որ 19-29 յուլիս 2018 երկարող օրերը հռչակուին ՀՄԸՄ-ի շաբաթ եւ այս առիթով Հայաստանի մէջ իրագործուին հետեւեալ ձեռնարկները. Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի բացման...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (12).  «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան  Թղթակցութիւն Գրելու Կանոններուն  Եւ Փորձեցին Գործադրել Իրենց Սորվածը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (12). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Թղթակցութիւն Գրելու Կանոններուն Եւ Փորձեցին Գործադրել Իրենց Սորվածը

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը նոյն աշխուժութեամբ կը շարունակուի գործադրուիլ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: 12 «Ապագայ լրագրողներ»-ը երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցան «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ն. Բարսեղեան ներկայացուց թղթակցութիւն մը պատրաստելու կանոնները: Ան նշեց, որ թղթակցութիւնը պէտք է ըլլայ տուեալ ձեռնարկի մը հայելին` աւելցնելով, որ պէտք է պահել հարազատ մթնոլորտը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ներկայացնել որեւէ ձեռնարկի կամ հանդիսութեան...

Աշխատավարձի Յաւելումներու Օրէնքին Գծով.  Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնօրէններու  Եւ Կրթական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչներու  Հաւաք` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Աշխատավարձի Յաւելումներու Օրէնքին Գծով. Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնօրէններու Եւ Կրթական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչներու Հաւաք` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հրաւէրով, երէկ` հինգշաբթի, 16 նոյեմբեր 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու հաւաք` մօտէն հետեւելու աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքի որդեգրման զարգացումներուն եւ հաւաքաբար մտածելու առկայ բազմատեսակ հարցերու լուծումներուն մասին: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ...

Page 247 of 365 1 … 246 247 248 … 365

Արխիւներ