Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2017-ին սրտի կաթուածի պատճառով մահացած է լիբանանցի թատերագիր, բեմադրիչ, դերասան Ժալալ Խուրին: 84 տարեկանին մահացած Ժալալ Խուրին ծնած է Պէյրութ: Անոր թատերական կեանքը կը սկսի 1960-ական թուականներէն եւ կ՛երկարի մինչեւ իր մահը:
Թատերագիր Ժալալ Խուրիի թատերախաղերը թարգմանուած են գերմաներէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, հայերէնի եւ շարք մը այլ լեզուներու: Ան գրած է տասնեակ մը թատերական յօդուածներ` արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով: Թատերական ասպարէզի ընթացքին արժանացած է տասնեակ մը մրցանակներու: