Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցինք Ռատիոթոնին, Որպէսզի Օգնենք Արցախցիին` Մեր Հայրենիքը Վերածելու «Բերքառատ Արցախ»-ի

November 29, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյց` «Հայաստան» Համահայկական  Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր  Մարմինի Անդամներուն Հետ

Զրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինին կազմակերպած ռատիոթոնը կը կրէ «Բերքառատ Արցախ» կարգախօսը: Դրամահաւաքը ընթացք պիտի առնէ այսօր` 29 նոյեմբեր 2017-ին: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինէն Գրիգոր Թերզեանի, տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի եւ Լորիկ Սապունճեանին հետ` իրազեկ դառնալու կատարուելիք աշխատանքին եւ 2017-ի հասոյթի տրամադրուելիք ծրագիրներուն մասին:

Անոնք ըսին, որ երկու գլխաւոր նպատակի պիտի յատկացուի այս տարուան դրամահաւաքէն հաւաքուած գումարը` արթեզեան ջրհորներու հորատման ու ոռոգման նոր ցանցի կառուցման եւ արեւային ուժանիւթով բանող համակարգի տեղադրման:

Մասնագէտներու համաձայն, Հայաստանն ու Արցախը հարուստ են ստորգետնեայ ջուրերով, սակայն այդ ջուրը չի հասնիր գիւղացիին, հողերուն 93 առ հարիւրը անջրդի է, այդ պատճառով ալ գիւղացիին ապրուստը կախեալ է կլիմայէն. եթէ անձրեւոտ տարի է, գիւղացին բերք կ’ունենայ, այլապէս ան չ’ունենար: Ուրեմն պէտք է հորատ անցք փորուի եւ ջրհան դրուի, որպէսզի ջուրը հասնի գիւղացիին: Սակայն այս աշխատանքը իրականացնելը ծախսալից է գիւղացիին համար: Արդարեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պիտի ստանձնէ հայ գիւղացիներուն համար արթեզեան ջրհորներու հորատման եւ ոռոգման նոր ցանցի կառուցման աշխատանքները: Այս տարուան դրամահաւաքի հասոյթէն պիտի տրամադրուի նաեւ արեւային ուժանիւթով բանող վահանակներ զետեղելու հանրային կառոյցներու վրայ, ինչպէս` հիւանդանոցներ, դպրոցներ եւ այլն. այս ծրագիրը նաեւ նախատեսուած է ընտանիքներու համար, որոնք այս ծրագիրի իրականացմամբ կարելիութիւնը պիտի ունենան անվճար տաք ջուր ունենալ ամբողջ տարուան ընթացքին:

Հիմնադրամի անդամները նշեցին նաեւ, որ միայն Արցախին ջուր հասցնել եւ ոռոգել չէ նպատակը, այլ նաեւ արցախցին իր հողին վրայ պահելն է, անոնց թիւը բազմացնել է: Այս տարուան նշանակը ջուրն է, արեւը եւ պտուղը, որ բերք կը խորհրդանշէ: Ամէն տարի մայիս ամսուն հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին կը ճշդուի նշանակը: Նախապէս խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած կ՛ըլլայ, բայց մայիսի նիստին կը յայտարարուի:

Անոնք յայտնեցին, որ հիմնադրամը ամէն տարի ծրագիր մը կը յաջողցնէ: Պատերազմի ժամանակ օգտակար եղած է նաեւ պատերազմէն տուժած  ընտանիքներուն: Նախապէս ծրագիրներ կ՛իրականացնէր իր պիւտճէին համեմատ,  վերջերս միայն մասնակցութիւն կը բերէ մեծ ծրագիրներուն: Անցեալ տարի 5 զաւակ ունեցողներուն տուն տրամադրուած է, հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին կազմակերպած հանգանակութեամբ կարելի եղած է տուն մը տրամադրել ընտանիքի մը:

Անոնք դիտել տուին, որ  այս տարի 11-րդ ռատիոթոնն է, որ պիտի իրականացուի, իսկ հիմնադրամին 25-ամեակն է, եւ 20-րդ թելեթոնն էր, հաստատելով, որ այս նախաձեռնութիւնը ամէն տարի պիտի կազմակերպուի, որպէսզի նեցուկ կանգնինք Արցախին: Եթէ աշխատանք չտարուի այս ուղղութեամբ, շատ բան կրնանք կորսնցնել: Նման ծրագիրներով անհրաժեշտ է ցոյց տալ աշխարհին, որ հայերը տէրն են Արցախի: Անոնք ըսին, որ Արցախը մնայուն ներկայութիւն է բարգաւաճման ծրագիրներուն մէջ, բայց  ասիկա ըսել չէ, որ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու մէջ ծրագիրներ չեն մշակուիր, օրինակ` Ֆրանսայի հիմնադրամը Տաւուշի մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունի: Ամէն տարի տարբեր ծրագիրներ կը մշակէ:

Անոնք անդրադարձան Լիբանանի դրամահաւաքին եւ ըսին, որ վերջին տարիներուն նկատի կ՛առնուին երկրին տնտեսական, ապահովական եւ քաղաքական պայմանները: Ճիշդ է, որ Լիբանան մեծ գաղութ է, բայց միեւնոյն ատեն իրականութիւն է, որ կը կազմակերպուին բազմաթիւ դրամահաւաքներ, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ ժողովուրդը: Հիմնադրամի անդամները դիտել տուին, որ Լիբանանի պարագան միւս երկիրներուն պէս չէ, ուր տարին մէկ անգամ միայն հիմնադրամին նուիրատուութիւն կը կատարուի: Լիբանանահայութեան պարագան յատուկ է:  Անոնք ըսին. «Մենք չենք ստիպեր, որ լիբանանահայերը դրամ տան, կոչ կ՛ուղղենք պարզապէս, իսկ ժողովուրդը կ՛ընդառաջէ:  Ամբողջ օրուան ընթացքին «Վանայ ձայն»-ի ճամբով հաւաքուածը մէկ բաժինն է ընդհանուրին, մենք ընդհանրապէս մեր անձնական հեռաձայնային կապերով խոստումներ կը ստանանք եւ դրամ կը գոյացնենք»: Պատասխանատուները նաեւ աւելցուցին, որ այս գումարը հանգրուանային կերպով կը տրուի մշակուած յստակ ծրագիրի մը իրագործման` դիտել տալով, որ հիմնադրամի գործադիր մարմինի անդամները բոլորն ալ նախանձախնդիր են, որ հաւաքուած գումարը ճիշդ ձեւով տնօրինուի: Պատահած է, որ գումարը դրամատուն մնայ մինչեւ ծրագիրին սկսիլը: Միւս կողմէ` Արցախէն միշտ տեղեկագիր կը ղրկեն ծրագիրի աշխատանքներուն մասին: Տարուան ընթացքին բարերարները կ՛ուզեն այցելել ու տեսնել, թէ ի՛նչ ծրագիրներ իրականութիւն դարձան: Կարելի է նաեւ հիմնադրամի կայքին միջոցով հետեւիլ իրականացած բոլոր ծրագիրներուն, նոյնիսկ` հաշիւներուն:

Անոնք դիտել տուին, որ ապագայ հեռանկարը մէկ է` բարգաւաճ եւ ապահով դարձնել Հայաստանն ու Արցախը, որ ոչ ոք ուզէ լքել հայրենիքը, այլ սփիւռքահայը մտածէ Արցախ ապրելու մասին: Բոլորը պէտք է նպաստեն Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման:

Անոնք տեղեկացուցին նաեւ, որ անցեալ տարի հանգանակութենէն բաժին յատկացուեցաւ լիբանանահայ երեք թերթերուն եւ ձայնասփիւռի երկու կայաններուն, նախորդ տարիներուն` հայկական վարժարաններուն: «Ամէն տարի, եթէ հանգանակուած գումարը անցնի մեր կանխատեսութիւնները, կ՛ուրախանանք եւ կը մտածենք լաւ նպատակի մը ծառայեցնել. հիմնադրամի կանոնադրութիւնը մեզի արտօնած է, որ մեր հասոյթին 10 առ հարիւրը մենք տնօրինենք:  Տարի մը սուրիահայութեան ալ  գումար տրամադրեցինք», աւելցուցին անոնք:

«Ազդակ»-ի զրուցակիցները ըսին, որ  կան մանուկներ ու պատանիներ, որոնք իրենց գանձանակները կը բանան եւ տարեկան հաւաքած գումարը հիմնադրամին կը տրամադրեն: Հանգանակութիւնը գեղեցիկ աւանդութեան մը վերածուած է: «Կը յուսանք, որ ոգեւորութիւնը չնուազի ժողովուրդին մէջ, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները: Մեր ժողովուրդին ազգային գիտակցութեան նկատմամբ կասկած չունինք: Մեր կոչն է բարօր ընտանիքներուն, որ եթէ կ՛ուզեն իրենց հարազատներուն յիշատակը յաւերժացնել, դիմեն հիմնադրամին, իրենց լուման ներդնեն, որպէսզի օժանդակած ըլլան հաւաքական նպատակներու իրականացման», եզրափակեցին անոնք:

 

Ռատիոթոն 2017-ի Դրամահաւաքի Կեդրոններ

Պուրճ Համուտ`
«Վանայ Ձայն», «Շաղզոյեան» կեդրոն, 01/267657 -01/241199
Համազգայինի գրախանութ, «Շաղզոյեան» կեդրոն, 01/241263 – 01/241264
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, 01/265359 – 01/253793

Պէյրութ`
Հայկազեան համալսարան, 01/349230

Ժըմմէյզի`
Թէքէեան մշակութային կեդրոն, 01/566709

Մար Մըխայէլ`
«Արարատ» օրաթերթի խմբագրատուն, 01/565599

Զալքա`
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն, 04/710736 – 04/710737

Տըպպայէ`
ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոն, 04/523043

Այնճար`
«Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, 08/620319

Ձեր նուիրատուութիւններուն համար կրնաք whatsapp-ի միջոցով պատգամ ուղարկել հետեւեալ թիւին 81-210939:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Սպանիոյ Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
85-Ամեայ Առաքելութենէն Դէպի Նոր Ծրագիրներ
Գաղութային

85-Ամեայ Առաքելութենէն Դէպի Նոր Ծրագիրներ

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.